Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Հիւրընկալէ Աշոտ Աւագեանի Ցուցահանդէսը

Յուլիս 21, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0073IMG_9925

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր երկու յարկերով, տարբեր մթնոլորտով եւ հայրենի արուեստի իւրայատուկ ոճով հարուստ էր ուրբաթ, 17 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, երբ տեղի ունեցաւ բացումը արուեստագէտ Աշոտ Աւագեանի ցուցահանդէսին` հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու, ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Եւրոպայէն եւ այլ երկիրներէ համազգայնականներու եւ Համազգայինի բարերարներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի բարեկամներու, արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու հոծ բազմութեան մը:

Սիւզի  Տէրտէրեան
Սիւզի Տէրտէրեան
Տիգրան Պապիկեան
Տիգրան Պապիկեան

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի  Տէրտէրեան: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց արուեստագէտը, որ խառնուելով ու նոյնանալով հայրենի հողին ու բնութեան, իր պաստառներով հարազատօրէն կը փոխանցէ Հայաստանի ժայռերուն ու բնութեան կախարդանքը: Տէրտէրեան անդրադարձաւ այս ցուցահանդէսին իւրայատկութեան, այն իմաստով, որ անիկա կը վայելէ համազգայնական զոյգի մը` Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր գաղութներէ եկած համազգայնականներ ու Համազգայինի բարեկամներ իրենց ներկայութեամբ կ՛իմաստաւորեն Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին համահայկական դերակատարութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Միացեալ Նահանգներէն համազգայնական Տիգրան Պապիկեան, որ լաւապէս կը ճանչնայ արուեստագէտը: Ան արուեստագէտը անուանեց Սիսիանցի Աշոտ, որովհետեւ ան միշտ կառչած մնացած է իր հայրենի հողին` Սիսիանին: Ան կոչեց զինք «խենթ», որովհետեւ ան երբեմն իր պաստառները ցուցադրած է ջրվէժներու կողքին, երբ ջուրը իրեն հետ տարած է կարգ մը գործեր, երբեմն խարոյկներու վրայ ցուցադրելով այրած է իր գործերը` հաւատալով, որ արուեստը միշտ հաղորդակցութեան մէջ է նաեւ բնութեան հետ: Ան աւելցուց, որ արուեստագէտը կը կազմակերպէ ծիսակատարութիւններ` ցոյց տալով մարդու եւ բնութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր կապը:

Անդրադառնալով արուեստագէտին «խենթութիւններուն»` Տիգրան Պապիկեան աւելցուց, որ Աշոտ Աւագեան արդէն պատրաստած է իր գերեզմանը եւ հաստատած, որ մարդ չի մահանար, այլ կը փոխակերպուի եւ ինք կը զգայ, որ ինչ որ պատահած է կեանքին մէջ, փաստօրէն ասկէ առաջ պատահածի մը կրկնութիւնն է: Պապիկեան անդրադարձաւ նաեւ Աշոտ Աւագեանի մարդկային վսեմ նկարագիրին:

Յակոբ Հաւաթեան
Յակոբ Հաւաթեան
Աշոտ Աւագեան
Աշոտ Աւագեան

Ապա խօսք առաւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան յայտնեց որ անհատին խօսքը, դրսեւորած կեցուածքը, գաղափարական կերտուածքը եւ գործը երբ իրարու համահունչ կ՛ընթանան եւ կը համալրեն զիրար, բնականաբար այդ անհատը օժտուած կ՛ըլլայ այս կեանքի մէջ կոչումով` աւելցնելով որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը այսօր  հպարտ է հիւրընկալելու կոչումի տէր հայրենի արուեստագէտ մը:

Ապա Հաւաթեան անդրադարձաւ արուեստագէտի կեանքին եւ մեր ժամանակակից պատմութեան ու արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան` հաստատելով, որ անոր արուեստը հարազատ արտացոլումն է եւ հայելին հայկեան ցեղի խոյանքին, հայու անկոտրում կամքին, պայքարունակ ոգիին եւ հերոսական սխրանքներուն: Աշոտ Աւագեանի գործերը մեր տուներուն մէջ ունենալը ան նկատեց այս բոլոր առաքինութիւնները մեր մէջ ներառելու եւ զանոնք ապրեցնելու եզակի առիթ:

Ցուցասրահի տնօրէնը իր խօսքը աւարտելով շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւորող զոյգին` տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններուն, որոնց համար լիբանանահայ գաղութի կենսունակութեան պահպանումը եւ Համազգայինի առաքելութեան անխախտ շարունակականութիւնը միշտ ալ եղած են գերխնդիր եւ իբրեւ այդպիսին կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ այս գաղութի կարգ մը մարզերուն: Անդրադառնալով տարբեր երկիրներէ եկած համազգայնական բարերարներու եւ բարեկամներու ներկայութեան` Հաւաթեան հաստատեց, որ իրենց ներկայութիւնը նոր լիցքաւորում կու տայ գաղութին եւ անոնց տածած սէրն ու գուրգուրանքը այս գաղութին նկատմամբ կը սատարէ գաղութի յաւելեալ աշխուժութեան եւ գործունէութեան ընդարձակման:

Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի: Երգչախումբը մեկնաբանեց «Հոյնար» (Կանաչեան) եւ «Այ եայլի» (Գրիգոր Սիւնի) երգերը: Շուիի նուագակցութեամբ հանդէս եկաւ Լոռի Եափուճեան:

Տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններ
Տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններ

Բացման հանդիսութեան աւարտին խօսք առին նաեւ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններ:

Սելլա Թնճուկեան յայտնեց, որ թէեւ ինք շատոնց հաստատուած է Լիբանանէն դուրս, սակայն ամէն օր Լիբանանի կարօտով կ՛ապրի եւ լիբանանահայ գաղութի դերակատարութիւնը կը գտնէ շատ կարեւոր` հայապահպանման եւ հայեցի կրթութեան առումով: Այս հանգամանքը աւելի զգալի կը դառնայ, երբ մարդ օտար ափերու վրայ իր զաւակներուն կազմաւորման կը հետեւի եւ իրեն համար միշտ ալ հիմնական մարտահրաւէրը կը մնայ այդ սերունդին հայեցի դիմագիծի կերտումը:

Ատոմ Թնճուկեան անդրադարձաւ լիբանանահայ գաղութին եւ յատկապէս «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ծաւալած գործունէութեան, որ յատուկ դերակատարութիւն ունի գաղութի կեանքին մէջ` տրուած ըլլալով, որ հոն հաստատուած հրատարակչական, լրատուական, Հայ դատի, ինչպէս նաեւ քարոզչական եւ մշակութային-գրական կառոյցները կը ճառագայթեն գաղութի առօրեային մէջ եւ այս իմաստով կ՛իմաստաւորեն լիբանանահայ գաղութի համահայկական դերակատարութիւնը: Ան յաջողութիւն մաղթեց բոլորին իրենց առաքելութեան եւ գործունէութեան մէջ:

Յայտնենք, որ Աշոտ Աւագեան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրէ 23 արուեստի գործեր:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 յուլիս 2015, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

 

Նախորդը

Հայկ Դեմոյեան Մասնակցեցաւ 100-Ամեակի Նիստին

Յաջորդը

Անդրադարձ. Էրտողանի Վերջին Յոյսն Ու Տաւութօղլուի «Դասալքութեան» Բարիքները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?