Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուսք. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Ամրապնդելու Գործակցութիւնը Հայաստանի Հետ»

July 21, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-20-15_tusk-21

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ  Թուսքը:

Երկկողմանի ձեւաչափով բանակցութիւններուն ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  յարաբերութիւններուն եւ ընթացիկ համագործակցութեան, Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:

Անոնք նաեւ անդրադարձան շրջանային խնդիրներուն: Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին նշելով, թէ ուրախ է, որ Հայաստանի մէջ օրէնքին համաձայն նախաձեռնուած է սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթի, Տոնալտ Թուսք Հայաստանի նախագահէն խնդրեց ներկայացնել բարեփոխումներու իրականացման նպատակը եւ այդ հոլովոյթին վերաբերեալ անոր  գնահատականը:

Բանակցութիւններէն ետք Հայաստանի նախագահը եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Մենք կարեւոր նկատեցինք, որ 21-22 մայիսին տեղի ունեցած Արեւելեան գործընկերութեան չորրորդ վեհաժողովի մասնակիցները վերահաստատեցին Եւրոպական Միութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ իրենց լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն եւ 2009-էն ի վեր այդ պետութիւններու ղեկավարներուն մակարդակով կատարուած յայտարարութիւններուն, որոնք անգամ մը եւս կը վկայեն լուծումը այլ հարթակներ տեղափոխելու ջանքերու անհեռանկար ըլլալուն մասին: Որքան ալ Ազրպէյճան փորձէ խեղաթիւրել այդ տագնապին էութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեամբ իր ապագան որոշելու իրաւունքը շատոնց արդէն վէճի առարկայ չէ, աւելին` ատիկա ամրագրուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու յայտարարութիւններուն մէջ: Այդ գաղափարի ծիրին մէջ մենք պատրաստ ենք յառաջ ընթանալու տրամաբանական փոխզիջումներու ճամբով»:

Թուսք փոխանցելով  Եւրոպայի վերաբերմունքը ըսաւ. «Եւրոպական Միութեան համար առաջնահերթութիւն կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը»: «Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջնորդութեամբ ընթացող ղարաբաղեան բանակցութիւններուն: Շատ կարեւոր է յարգել զինադադարի համաձայնագիրը, զսպուածութիւն դրսեւորել գործողութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ, տագնապի լուծման յառաջընթացին համար մթնոլորտ ստեղծել», ըսաւ ան:

Հայաստանի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահներու բանակցութիւններուն յաջորդ բնաբանը Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւնները եղան: Թուսք յայտարարեց. «Մենք յաջող կերպով աւարտած ենք նոր համապարփակ համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու առաջին հանգրուանը, նշած ենք ապագայ համագործակցութեան մարզերը: Եւրոպական Միութեան անդամները արդէն իսկ կը քննարկեն բանակցութիւններու լիազօրութեան  տրամադրման հարցը»:

Ըստ եւրոպացի պաշտօնատարին, 2015-ը վճռորոշ տարի է Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան յարաբերութիւններուն համար:

«Կը յարգենք Հայաստանի ընտրութիւնը` ըլլալու Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ», ըսաւ Թուսք` վերահաստատելով, որ նախկինին պէս պատրաստակամ են խորացնելու յարաբերութիւնները բարեփոխումներու ընդգրկուն օրակարգով` աշխատելով շուկաները բանալու ուղղութեամբ, ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման, շրջանային համարկման հարցերու շուրջ:

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Թուրքիոյ Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին

Յաջորդը

Սարգսեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.