Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ստիպուած Չենք Այլ Շրջաններու Աղբերուն Բեռը Տանելու» Ըսաւ Յ. Բագրատունի

Սեպտեմբեր 22, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hagop_Pakradouni_9-21-15

Լիբանանեան ֆրանսատառ «Մակազին» պարբերաթերթը Լիբանանի մէջ աղբի տագնապին եւ զայն լուծելու նպատակով կառավարութեան կողմէ վաւերացուած ծրագիրին շուրջ յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Պատասխանելով Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացման մասին տարաձայնութեանց վերաբերող հարցումի մը` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Աղբի տագնապի լուծման պիտակին տակ, բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացման վրայ: Այդ աղբանոցը 22 տարի շարունակ օգտագործուեցաւ, եւ մենք տառապեցանք ու նոյնիսկ փակումէն ետք կը շարունակենք տառապիլ այդտեղէն եկող հոտերէն եւ թունաւոր կազէն, զոր կը շնչեն մեր մանուկները»:

Ինչ կը վերաբերի Շեհայէպի ծրագիրին մէջ այդ աղբանոցին վերաբացման վերաբերող նախատեսութեան, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Այս ծրագիրը տակաւին կը գտնուի առաջարկի հանգրուանին մէջ եւ մուտք չէ գործած գործադրութեան հանգրուան: Ծրագիրը ունի բաժիններ: Նախ եւ առաջ` վեցամսեայ ժամանակաշրջանի մը համար ծովային պատնէշի մը կառուցումը, ապա վերացումը արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող աղբակոյտի լերան, ստեղծումը աւելցուած հողամասի մը եւ ատոր վրայ առողջապահական պաշտպանութեան յատուկ սարքաւորումներու տեղադրումը: Այդ վեց ամիսներէն ետք, հոն մէկ տարուան համար պիտի թափուի Պուրճ Համուտի եւ անոր անմիջական շրջապատէն օրական 1000 թոն աղբ: Մէկ տարի ետք, ծրագիրը կանգ կ՛առնէ: Այդ ատեն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կը տրուի այդ ծրագիրին 350 հազար քառ. մեթր տարածութիւնը` զայն վերածելու համար հանրային պարտէզի: Ատիկա պիտի ըլլայ այն գեղեցիկ տեսարանը, որ մարդիկ կրնան տեսնել եւ ի վերջոյ կրնայ զարգացնել Պուրճ Համուտն ու բարելաւել անոր ծովեզերեայ տարածքը»:

Պատասխանելով «Դուք այդ ծրագիրին կը զօրակցի՞ք» հարցումին` Յ. Բագրատունի յայտնեց. «Աքրամ Շեհայէպին մեր տուած միակ խոստումը այս ծրագիրը ուսումնասիրելու պատրաստակամութիւն ունենալն է, որովհետեւ կը հաւատանք դրական մօտեցումին, թէեւ ստիպուած չենք այլ շրջաններու, մասնաւորաբար հողերուն գիները շատ բարձր ըլլալու պատրուակով` իրենց մօտ աղբանոցներու եւ զտարաններու ստեղծումը մերժող շրջաններու աղբերուն բեռը տանելու: Այսօր հարցը հասկնալն է, թէ տարիներու անտարբերութենէն եւ իր պարունակած նիւթերուն պատճառով Պուրճ Համուտին իսկական վտանգ ներկայացնող աղբի լերան լուծում մը գտնելու մեր բազմաթիւ դիմումներէն ետք յանկարծ ի՞նչ փոխուեցաւ: Ինչո՞ւ այդ լեռը վերացնելու եւ այդտեղ մէկ տարուան համար առողջապահական չափանիշներով աղբակոյտ ստեղծելու, այդտեղ 350.000 թոն աղբ թափելու, ապա զայն փակելու եւ քաղաքապետութեան 350.000 քառ.մեթր տարածք մը տալու գաղափարը յղացան: Ինչո՞ւ յանկարծ որոշեցին մէկ տարի տեւողութեամբ ծրագիրի մը համար ծախսել 50-էն 70 միլիոն տոլարի գումար մը: Պետութեան նկատմամբ վստահութիւն չկայ: Ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ ծովային պատնէշը վեց ամսուան ընթացքին կառուցուած պիտի ըլլայ կամ աղբակոյտը գիտական ձեւով պիտի ըլլայ: Ո՞վ կ՛երաշխաւորէ, որ այդ աղբակոյտը միայն 350.000 թոն աղբ պիտի պարունակէ կամ խորհրդարանը մոխրացումէն ետք գոյացած ծովային կալուածը Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պարգեւող օրէնք մը պիտի որդեգրէ: Գոյութիւն ունին բազմաթիւ հարցումներ, սակայն ոչ պատասխաններ: Ունիմ այն մտավախութիւնը, որ այս ծրագիրը կարելի պիտի չըլլայ մօտ օրէն գործադրել»:

«Ի՞նչ լուծում կ՛առաջարկէք» հարցումին Յ. Բագրատունի պատասխանեց. «Որ այս խնդիրը ստեղծողը զայն լուծէ: Մենք 22 տարի եղանք լուծումը»:

Ինչ կը վերաբերի զօր. Միշել Աունի կողմէ սուրիացիներու Լիբանանի մէջ բնակեցման վերաբերեալ հնչեցուցած ահազանգին, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Առաջ պաղեստինցիներու բնակեցման մասին կը խօսէին, իսկ հիմա կարգը սուրիացիներունն է: Տէյվիտ Քամերոնին այցելութեան նպատակը գաղթականներու հարցին լուծում մը գտնելն էր: Ատկէ դուրս անոր արտայայտած կեցուածքները պարզապէս ձեւականութիւններ էին: Ըստ լիբանանեան սահմանադրութեան, բնակեցումը արգիլուած է, սակայն իրականութիւնը այլ է: Եթէ սուրիացիները իրենց հայրենիքը վերադարձնելու աշխատանք չտանինք, մենք մեզ պիտի գտնենք շատ ծանր ճգնաժամի մը առջեւ: Ահա թէ ինչու զօր. Աուն ահազանգ հնչեցուց: Եւրոպան անկարող է այս հարցը լուծելու եւ ամէն ջանք կը թափէ գաղթականները Լիբանանի մէջ պահելու ու այստեղ անոնց օժանդակութիւն տրամադրելու»:

«Երկխօսութեան սեղանէն արդիւնքներ կը յուսա՞ք» հարցումին Յ. Բագրատունի պատասխանեց. «Երկխօսութեան բացակայութիւնը աւելի՞ լաւ է: Առնուազն երկխօսութիւնը զրուցակիցներուն առիթ կ՛ընծայէ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնելու եւ մանր հարցերուն տրամաբանական լուծում մը գտնելու, մինչեւ որ համաշխարհային կացութիւնը բարելաւուի: Առայժմ, նախագահական ընտրութիւն չկայ: Դժբախտաբար, յաջողեցանք քաղաքացիները յուսալքել, եւ անոնք այդ հարցով բացարձակապէս չեն հետաքրքրուած: Այսօր քաղաքացին միայն մտահոգուած է աղբերով, ջուրով եւ ելեկտրականութեամբ: Ահա թէ ինչու քաղաքացիական շարժումը կարեւոր է, պայմանաւ որ ունենայ յստակ պահանջներ` առանց զանոնք ընդլայնելու»:

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Հիւրընկալէ Երկխօսութեան Գ. Նիստը

Յաջորդը

«Ֆրանսան Վճռականօրէն Պիտի Շարունակէ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Իր Միջնորդական Ջանքերը» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?