Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեանի Հարցադրումները` Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Գծով

September 18, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvan_9-17-15

Խորհրդարանին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի քննարկման ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնախումբի անդամ Վարդան Պօղոսեանէն ուզած է պարզաբանումներ ունենալ նախագիծի 89-րդ յօդուածին մէջ տեղ գտած որոշ անճշդութիւններու մասին: Ըստ պատգամաւորին, չորրորդ կէտին մէջ կը խօսուի նոր դաշինքներու ձեւաւորման մասին, բայց քարտուղարութեան տրուած վերջնական տարբերակին մէջ բացատրութիւն, որեւէ յղում չկայ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կը կայանայ երկրորդ հանգրուան:

Վարդանեան անդրադարձած է նաեւ 104-րդ յօդուածին մէջ տեղ գտած որոշ թերի ընկալումներուն: «Ազգային ժողովի խորհուրդի մասին որեւէ յատուկ ընելիք ձեւակերպուած չէ: Պէտք է յստակ գործառոյթներ ձեւակերպել», յայտնած է պատգամաւորը:

Անոր հարցումներուն պատասխանելով` Պօղոսեան նշած է. «Նախ ըսեմ, որ բոլոր մանրամասնութիւնները պէտք է կարգաւորուին ընտրական օրէնսգիրքով: Ձեր տրամադրութեան տակ եղած` սահմանադրութեան նախագիծի 89-րդ յօդուածին մէջ իսկապէս երկրորդ հանգրուանի, դաշինքներու ձեւաւորման, թոյլատրելիութեան հարցերը կարգաւորուած չեն: Այդ մէկը պայմանաւորուած է անով, որ մենք երկրորդ հանգրուանը, վերջնական համաձայնութիւններու պարագային, իբրեւ ընտրովի  երկրորդ հանգրուան նախատեսած ենք: Բնականաբար, երբ ընտրական օրէնսգիրքը կարգաւորուի, անդրադարձ պիտի կատարուի այդ հատուածին»:

Ան խոստացած է նաեւ, որ սահմանադրական յանձնախումբը ուշադրութեամբ քննարկէ առաջարկները, որպէսզի սահմանադրութեան բնագիրին մէջ երկրորդ հանգրուանի կայացման պարագային որոշ յստակութիւն ըլլայ:

«Այն ընտրական համակարգը, որ առաջարկուած էր սահմանել սահմանադրական յանձնախումբին կողմէ, մինչեւ հիմա  պաշտօնապէս անփոփոխ է: Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած նախագիծին մէջ այդ դրոյթը կը պարունակէ, եւ այդ դրոյթին  անհրաժեշտութիւնը կրնայ նաեւ սահմանադրական համակարգին մէջ  ամրագրելու համար ըլլալ», յայտնած է Պօղոսեան եւ աւելցուցած. «Ինչ կը վերաբերի Ազգային ժողովի խորհուրդի գործառոյթներուն, ապա ըսեմ, որ ճիշդ նկատած էք, որ այնտեղ գործառոյթները սահմանուած չեն: Եթէ ըլլան համապատասխան առաջարկներ, կը կարծեմ, որ այդ մէկը կ՛ըլլայ ամէնէն ողջմիտ տարբերակը, որպէսզի մենք գոնէ ընդհանուր գիծերով հիմնական գործառոյթ ամրագրենք»:

 

 

Նախորդը

Օսկանեան. «Ես Դէմ Եմ Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն»

Յաջորդը

100 Հազար Տոլար Սուրիահայերուն` Վարդանեան Ընտանիքին Կողմէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.