Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «Սահմանադրական Փոփոխութիւնները Երկրի Որակական Զարգացման Համար Նոր Դուռ Պիտի Բանան»

September 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aghvan_9-18-15

Երէկ Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին շարունակուեցան սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին քննարկումները: Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

Ան նախ նշեց, որ հասարակութեան 99 առ հարիւրը փոփոխութիւններու  պահանջ ունի, բայց տարբեր են այդ փոփոխութիւններու  բովանդակութեան վերաբերեալ պատկերացումները` փոփոխութիւններ առօրեայ կեանքի, փոփոխութիւններ` անձերէ մինչեւ իշխանափոխութիւն: Ուստի, ըստ Աղուան Վարդանեանի, դժուար է պատկերացնել, որ բոլորը կարենան նոյն ընկալումը ունենալ իրականութեան վերաբերեալ:

«Մեր պատկերացուցածը թերեւս դժուար ընկալելի, բայց համակարգային, խորքային փոփոխութիւններն են, եւ ոչ թէ անձերը կ՛որոշեն, այլ համակարգը կը թելադրէ գործողութիւնները», ըսաւ պատգամաւորը:

Ան կարեւոր նկատեց սահմանադրական յանձնախումբի կատարած հսկայածաւալ աշխատանքը, որուն իբրեւ հետեւանք հրապարակուած են երկու հայեցակարգերն ու նախագիծը: «Գրեթէ համոզուած եմ, որ երբ նախագահը կը նախաձեռնէր սահմանադրական փոփոխութիւններուն, աւելի հակուած էր կիսանախագահականը կատարելագործելուն, քան խորհրդարանականին անցնելուն: Եւ յանձնախումբի ամէնէն կարեւոր աշխատանքը ներկայ համակարգի ճշգրիտ ախտաճանաչումն էր, այն է` իշխանութեան գերկեդրոնացում, լիազօրութիւններու եւ  պատասխանատուութեան անհամարժէքութիւն, ընտրութիւններով իշխանափոխութեան անկարելիութիւն, ոչ միայն տնտեսութեան, այլ նաեւ  քաղաքականութեան ստուերայնութիւն, ոչ թէ հրապարակային, այլ միջանձնային, տարբեր միջկուսակցական յարաբերութիւններու  մակարդակով որոշումներու կայացում եւ դատական համակարգի կախեալութիւն», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Անդրադառնալով «ՈՉ»-ի կողմնակիցներուն, որոնք կ՛ըսեն` թող այս համակարգը մնայ, որմէ իրենք այդքան դժգոհ են, ան ըսաւ. «Իսկ ներեցէք` եթէ որոշուէր ետ երթալ նախագահական համակարգին, որ ձեր երազանքն է, ի՞նչ պիտի ընէիք, պիտի ըսէիք` կո՞ղմ ենք, այսինքն` պիտի համագործակցէիք Սերժ Սարգսեանի հետ, անոր հետ պիտի հանդիպէի՞ք, թէ՞ կրկին պիտի ըսէիք` դէմ ենք: Այդ պարագային ո՞ւր կը մնային ձեր սկզբունքները», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Խօսելով այն քաղաքական գործիչներու մասին, որոնք կ՛ըսեն, թէ այս մէկը ծուղակ է, Աղուան Վարդանեան պատասխանեց. «Ծուղակ է, թէ` ոչ, յառաջիկայ տարիները մենք պէտք է ապրինք կա՛մ հին, կա՛մ նոր համակարգի մը մէջ»:

Ներկայացնելով ՀՅԴ-ի դիրքորոշումը` պատգամաւորը նշեց, որ երբ այդ հարցը քաղաքական օրակարգ մտած է դեռ 1991-էն, Դաշնակցութիւնը համոզուած կողմնակիցը եղած է խորհրդարանական կառավարման համակարգին: Եւ Դաշնակցութեան 7 առաջնահերթութիւններէն չորսը արտացոլուած են սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ` իբրեւ հիմնարար դրոյթներ: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը երկու տարի շարունակաբար աշխատած է մասնագիտական յանձնախումբի  հետ, ներկայացուցած է առաջարկներ` համոզելով, փաստարկներ ներկայացնելով յանձնախումբին:

«Մենք մինչեւ այսօր ալ կ՛աշխատինք, մինչեւ վերջին պահը պիտի ներկայացնենք մեր առաջարկները, որովհետեւ մենք վստահ ենք` սահմանադրական փոփոխութիւնները երկրի որակական զարգացման համար նոր դուռ պիտի բանան», ըսաւ Աղուան Վարդանեան` կոչ ուղղելով քաղաքական այլ ուժերու` հետեւողական ըլլալու իրենց սկզբունքները պաշտպանելու մէջ, այնպէս, ինչպէս Դաշնակցութիւնը կը  գործէ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

Ակնարկ. Շրջուած Է Միակողմանիութեան Կարծրատիպը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ  Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը  Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»
Գաղութային

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»

January 23, 2026
Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման  Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի  Եւ Շարք Մը Միջազգային  Ղեկավարներու Ներկայութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի Եւ Շարք Մը Միջազգային Ղեկավարներու Ներկայութեան

January 23, 2026
Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան  Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ  Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան  Երաշխիքները
Գլխաւոր լուրեր

Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան Երաշխիքները

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.