Քննարկուած Են Հնդկական «Քէյ. Ճի. Քէյ.» Մեծ Ընկերութեան Ներդրումային Ծրագիրներուն Առնչուող Հարցեր
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 18 օգոստոսին ընդունած է հնդկական «Քէյ. Ճի. Քէյ.» մեծ ընկերութեան տնօրէն Սանճա Քոթարիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ընկերութիւնը գործունէութիւն կը ծաւալէ աշխարհի 15 երկիրներու մէջ, մասնագիտացած է ադամանդագործութեան, ոսկեգործութեան, հանքարդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ: Վարչապետը ողջունած է «Քէյ. Ճի. Քէյ.»-ի կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներ կատարելու մտադրութիւնը` յայտնելով Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը զանոնք կեանքի կոչելու առումով: Վարչապետը...




















