Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահը Կարեւոր Կը Նկատէ Ցեղասպանութեան Հարցով Գիտական-Հետազօտական Համաժողովները

October 16, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

nakh_10-15-15

Երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան ուղերձ յղած է «Հայոց ցեղասպանութիւն-100. ճանաչումէ` հատուցում» նիւթով միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսած է. «Տակաւին 1916 թուականին ֆրանսացի մեծ գրող եւ մարդասէր Անաթոլ Ֆրանս նշած էր, «Հայաստանը իր վերջին շունչը կը փչէ, բայց պիտի վերածնի: Այդ փոքր արիւնը, որ տակաւին կը մնայ, թանկագին է, ու ատկէ հերոսական սերունդ մը պիտի ծնի: Ժողովուրդ մը, որ մեռնելու  ցանկութիւն չունի` չի մեռնիր»: Այո՛, մեր ժողովուրդը չմեռաւ, վերակենդանացաւ, վերակերտեց իր պետականութիւնը եւ այսօր հանդէս կու գայ իբրեւ պահանջատէր` արդարութեան պահանջատէր, իսկ ատիկա կ՛ենթադրէ լուրջ նախապատրաստական, այդ կարգին նաեւ հետազօտական աշխատանք»:

Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով, նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է. «Պատահական չէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներու ցանկին մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւեն գիտական-հետազօտական բնոյթի համաժողովները»:

«Կը կարծեմ` այսօր բացուող գիտաժողովը յատուկ է այդ պատճառով, որ կրելով «Ճանաչումէն` հատուցում» ենթախորագիրը եւ նուիրուած ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան, առնչուող խնդիրներու լայն շրջանակը հետագային աւելի խորացուած ուսումնասիրելուն, միաժամանակ յատուկ ուշադրութիւն կը յատկացնէ այդ ծանրագոյն յանցագործութեան հետեւանքներու վերացումին ու հատուցման հիմնահարցերուն: Կրկին ողջունելով այս կարեւոր գիտաժողովին կազմակերպիչները` Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիան եւ Երեւանի պետական համալսարանը, մասնակիցներուն կը մաղթեմ բեղմնաւոր աշխատանք», ըսուած է նախագահի ուղերձին մէջ:

 

 

Նախորդը

«Հայ-Իրանական Յարաբերութիւններու Մակարդակի Բարձրացման Ժամանակը Հասած Է» Նշեց Նախագահ Սարգսեան

Յաջորդը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Ամբողջութեամբ Բաւարարած Է Փերինչեքի Գործով Հայաստանի Կառավարութեան Պահանջները

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Խմբագրական.  Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.