
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը երէկ հրապարակեց «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով իր վճիռը, որ կը պաշտպանէ Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ժխտած թուրք քաղաքագէտ Տողու Փերինչեքի խօսքի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի «արժանապատուութեան իրաւունքը» եւ կը պահպանէ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքներու օրինականութիւնը:
Երէկուան նիստին ընթացքին Հայաստանը կը ներկայացնէին մարդկային իրաւանց փաստաբան Ճոֆրի Ռոպըրթսըն եւ Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Գէորգ Կոստանեան: Նիստին ներկայ էին նաեւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
Վճիռը կը սրբագրէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի` այս հարցով առաջին վճիռին մէջ տեղ գտած շարք մը սխալները` նշելով, որ իրմէ պահանջուած չէր ճշդել, թէ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան ձեռամբ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործուածը ցեղասպանութի՞ւն էր, թէ՞ ոչ` յայտնելով միաժամանակ, որ ի տարբերութիւն քրէական միջազգային դատարաններուն, այս դատարանը լիազօրուած չէ այդ առնչութեամբ իրաւական յայտարարութիւններ կատարելու: Նախկին վճիռին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը նկատուած էր «քննարկելի» եւ «վիճելի» հարց:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ընդհանուր
Դատախազութեան Հաղորդագրութիւնը
Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազութիւնը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով վճիռին վերաբերեալ երէկ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «երրորդ կողմի կարգավիճակով դատական գործին մասնակցելով` Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ակնկալէր, որ Եւրոպական դատարանի վճիռէն բացառուին այնպիսի ձեւակերպումներ, որոնք կրնան որեւէ ձեւով կասկածի տակ առնել Հայոց ցեղասպանութեան փաստը»:
«Այսօր հրապարակուած վճիռին մէջ Եւրոպական դատարանը նշեց, որ այս գործով դատարանի խնդիրը չէ որոշել, թէ արդեօք Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած զանգուածային կոտորածներն ու տեղահանութիւնները կրնա՞ն որակուիլ ցեղասպանութիւն` միջազգային իրաւունքին մէջ այդ հասկացողութեան տրուած բովանդակութեան տեսանկիւնէն: Ապա, դատարանի Մեծ պալատը սահմանեց, որ Եւրոպական դատարանը չունի որեւէ իրաւասութիւն` կատարելու իրաւական յայտարարութիւններ այս հարցին վերաբերեալ` անկախ անկէ, թէ ո՛ր տեսանկիւնէն ատիկա կը կատարուի:
«Դատարանը իր վճիռին մէջ նաեւ արձանագրեց, որ հայերը ունին իրենց եւ իրենց նախահայրերուն արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի իրաւունք, ներառեալ այն ծիրին մէջ, որ կ՛առնչուի ցեղասպանութեան պատճառով վնաս կրած հայ համայնքի ինքնութեան: Դատարանը նաեւ ատով արձանագրեց, թէ հայերուն այդ համոզումները եւ անոնց հետ կապուած` անոնց արժանապատուութիւնը ենթակայ է պաշտպանութեան ուխտի չափանիշներու ծիրին մէջ: Եւ վերջապէս, Փերինչեքի հետ կապուած գործով Եւրոպական դատարանը սահմանեց, որ զայն քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելը ոչ թէ ընդհանրապէս կը հակասէ Եւրոպական դատարանի նախադէպային իրաւունքին, այլ արձանագրեց, որ զուիցերիական օրէնքը Փերինչեքի նկատմամբ սխալ կիրարկուած է: Այսինքն` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելը քրէականացնելը եւ ատոր համար քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելը նկատուած է իրաւաչափ, որ, սակայն, պէտք է կատարուի բացառապէս Եւրոպական ուխտին ծիրին մէջ: Իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Եւրոպական դատարան ներկայացուած բոլոր պահանջները բաւարարուեցան»:
Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի
Հակասական Վճիռը
«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ հրապարակուած վճիռը «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով, քննարկումներու երկար փուլ կը նախանշէ, որովհետեւ անիկա ունի երկու երես:
Դատարանը թէեւ որոշում տուած է այն մասին, որ Զուիցերիոյ մէջ խախտուած են Փերինչեքի ազատ արտայայտուելու իրաւունքները, սակայն միաժամանակ իր վճիռին մէջ ընդգրկած է շարք մը կարեւոր դրութիւններ, որոնք դատաքննութեան ընթացքին ներկայացուցած էին իբրեւ երրորդ կողմ հանդէս եկող Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները: Յատկանշական է, որ վճիռին մէջ կասկածի տակ չէ դրուած Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը. «Դատարանը կ՛ընդգծէ, որ լիազօրուած չէ պարզել, թէ արդեօք հայ ժողովուրդի կոտորածներն ու զանգուածային տեղահանութիւնները Օսմանեան կայսրութեան մէջ կրնա՞յ բնորոշուիլ իբրեւ «Ցեղասպանութիւն», որովհետեւ, ի տարբերութիւն միջազգային քրէական դատարաններուն, այդպիսի իրաւական որոշումներ տալու լիազօրութիւն չունի»:
Միջազգային Մամուլ
Միջազգային մամուլը անդրադարձաւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռին: Ստորեւ` կարգ մը օրաթերթերու կայքերուն խորագիրները.
Բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ». «Եւրոպական դատարանը կը պաշտպանէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու իրաւունքը` հարուած մը հասցնելով Ամալ Քլունիին»:
Ամերիկեան «Ազատութիւն» եւ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ». «Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը կը վճռէ, թէ թուրքը իրաւունք ունէր Հայոց «ցեղասպանութիւնը» ժխտելու»:
«Ռոյթըրզ». «Թուրքին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը ոճիր չէ», կ՛ըսէ Եւրոպական դատարանը»:
Ազրպէյճանական «Թրենտ». «Եւրոպական դատարանը կ՛արտօնէ «Հայոց ցեղասպանութիւնը» ժխտել»:
Ռուսական «Վեսթնիք Քաւքազա». «Փերինչեք կը շահի Զուիցերիոյ դէմ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող դատը»:
Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» եւ «Թուտէյզ Զաման». «Եւրոպական դատարանը «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ժխտման» գործով վճիռ կ՛արձակէ ի նպաստ թուրք քաղաքագէտին»:
Ըստ Եւրոպական Դատարանի 90 Էջնոց Վճիռէն
Ստացուած Նախնական Տպաւորութեան
Դատարանը Կասկածի Տակ Չի Դներ
Ցեղասպանութեան Փաստը
«Ազդակ» Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» դատական գործով արձակած վճիռին հարցով կապ հաստատեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի հետ, որ յայտնեց, թէ ըստ 90 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթէն ստացուած նախնական տպաւորութեան, փաստաթուղթը կասկածի տակ չի դներ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Խնդրոյ առարկան ամբողջապէս Զուիցերիոյ այն օրէնքն է, որ ըստ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին, կը խախտէ Փերինչեքի խօսքի ազատութեան իրաւունքը:
«Կրնար Աւելի Վատ Ըլլալ». Կիրօ Մանոյեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին տուած վճիռին, յայտնած է, որ կրնար աւելի վատ ըլլալ, եթէ չսրբագրուէին Հայոց ցեղասպանութեան փաստին վերաբերող այն խնդրայարոյց ձեւակերպումները, որոնք նախապէս դատարանը ըրած էր: «Բնականաբար, կրնար աւելի լաւ ըլլալ, եթէ, օրինակ, դատարանը հաստատէր, որ կատարուած յայտարարութիւնները ատելութեան կոչեր են», աւելցուցած է Մանոյեան:
Մանոյեանի համաձայն, կացութիւնը այնպէս չէ, որ դատարանը ամէն ձեւով արդարացուցած է Փերինչեքը: Դատարանը միաձայնութեամբ մերժած է բաւարարել Փերինչեքի` հատուցման պահանջները:
«Կարեւոր փաստ է նաեւ այն, որ 17 դատաւորներէն 7-ն քանի մը կարեւոր հարցերու շուրջ մեծամասնութեան կարծիքը չեն կիսած: Մասնաւորապէս` տարակարծութիւն եղած է այն հարցին շուրջ, որ դատարանը պիտի շարունակէ պնդել, որ Ողջակիզումի ժխտումը քրէականացնելը պէտք է ըլլայ յատկապէս այն երկիրներուն մէջ, ուր տեղի ունեցած է այն, իսկ ինչ կը վերաբերի Զուիցերիոյ, ապա ան Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը նոյն ձեւով պէտք չէ քրէականացնէր», դիտել տուած է Կիրօ Մանոյեան:
Պատասխանելով «Երկիր»-ի թղթակիցին այն հարցումին, թէ արդեօք ուշացած չէ՞ր Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը այս հոլովոյթին եւ թէ Հայաստանի համար ոչ այնքան շահեկան վճիռը այդ մէկուն ապացոյցը չէ՞` Մանոյեան ըսած է. «Յետադարձ հայեացք նետելով` դիւրին է ըսել, թէ ի՛նչ կարելի էր ընել, որ չկատարուեցաւ: Եթէ Հայաստանը ի սկզբանէ հոլովոյթին մասնակցած ըլլար, խնդրայարոյց կ՛ըլլար դատարանին առաջին որոշումը, եւ այդ որոշումին մէջ բան մը փոխելը համեմատաբար աւելի դիւրին կ՛ըլլար: Առաջին որոշումը բաւական վնասակար էր մեզի համար, որովհետեւ դատարանը կեդրոնացած էր այն տեսակէտին վրայ, որ Թուրքիան արտայայտած էր, եւ եթէ այդ ժամանակ Հայաստանի տեսակէտն ալ արտայայտուած ըլլար, կը կարծեմ` աւելի հաւասարակշռուած որոշում մը կ՛ըլլար»:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին
Յայտարարութիւնը
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին արձակած վճիռէն ետք Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը երէկ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» հարցին շուրջ տուաւ վճիռ, ուր նշեց, թէ թուրք ազգայնական Տողու Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը կաշկանդումի ենթարկուած է, երբ ան Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող յայտարարութիւններ կատարած է Զուիցերիոյ մէջ:
Յունուար 2015-ին, Եւրոպական դատարանի վերին պալատը հարցը վերանայման ենթարկած էր` Զուիցերիոյ դիմումին ընթացք տալով: Այդ դատին վճիռը տրուեցաւ այսօր: Հայաստանը դատին կը մասնակցէր իբրեւ երրորդ հետաքրքրուող կողմ` ներկայացուելով միջազգային իրաւաբաններ Ճոֆրի Ռոպըրթսընի եւ Ամալ Քլունիի կողմէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի կողմէ:
15 հոկտեմբերի առաւօտեան կարճ նիստին ընթացքին տրուած որոշումը հայկական կողմին համար կարեւոր է քանի մը կէտերով, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը այն է, որ դատարանը բեկանեց նախորդ վճիռին այն կէտը, ուր համեմատութիւն կը կատարուէր Հայոց ցեղասպանութեան եւ հրէական Ողջակիզման միջեւ: Ստորին պալատի իրաւասութիւնները չեն թոյլատրեր նման ակնարկ-որոշում մը տալ:
Շատ կարեւոր կէտ մը, որ նաեւ նշուած է այսօրուան որոշումին մէջ, այն է, որ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ ցաւին հետ ո՛չ ոք խաղալու իրաւունք ունի: Դատարանի որոշումին համաձայն, Եւրոպայի տարածքին գտնուող հայութիւնը իր արժանապատիւ կեանքին իրաւունքը ունի առանց որեւէ ցեղապաշտ կամ այլ բռնութիւններու: Ռոպըրթսըն նշեց, որ այսօր Հայաստանին եւ հայութեան համար կարեւոր օր մըն է, որովհետեւ Թուրքիոյ օրէնսդրութեան թիւ 301 յօդուածը նաեւ լուսարձակի տակ կ’առնուի, եւ անիկա պէտք է ջնջուի, եթէ Թուրքիա կ’ուզէ եւրոպական ընտանիքին անդամ դառնալ:
Կարեւոր է նշել, որ այսօրուան որոշումը կը վերաբերի Փերինչեքի խօսքերուն Զուիցերիոյ մէջ: Հարցականի տակ չ՛առներ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ ապագային ուրացման փորձերը, որոնք ճիշդ օրէնսդրութեամբ կարելի են քրէական ըլլալ:
Գասպար Կարապետեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը, որոշումին մասին հետեւեալը ըսաւ. «Դատարանը բաց կը ձգէ այն կարելիութիւնը, որ անհատ մը դատապարտուի Ցեղասպանութեան ուրացման համար, որոշ պարագաներու: Դատարանը արձանագրեց, որ սխալ էր Փերինչեքը քրէական հետապնդումի ենթարկել, քանի որ Զուիցերիոյ մէջ պատմական հարցեր չկային, ինչպէս նաեւ բարձր կիրքեր չկային (հայերու եւ թուրքերու միջեւ): Կարելի է եզրակացնել ուրեմն, որ հայերու եւ թուրքերու միջեւ եթէ լարուած իրավիճակ ստեղծուի ուրացման պատճառով` Ցեղասպանութեան ուրացումը կարելի է քրէականացնել»:
Զուիցերիա ի՞նչ կ՛ըսէ այս մասին: