Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. «Ընդունեցէք Իմ Գեղանկարները Իբրեւ Դրական Լիցքաւորման Փոքրիկ Պատուհաններ» Ըսաւ Յարութիւն Յակոբեան

October 16, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

har-2_10-15-15

Հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայրենի արուեստագէտ ու գեղանկարիչ Յարութիւն Յակոբեանի գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսին` հովանաւորութեամբ «Սալթեք» հաստատութեան: Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, հիւրեր ու արուեստասէրներ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան, որ յայտնելով ցուցասրահի վարչութեան ուրախութիւնը` հիւրընկալելու հայրենի արուեստագէտը, ըսաւ, որ Յարութիւն Յակոբեան կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ հայրենիքի մէջ, կը հարստանայ իր ներաշխարհով եւ կը հարստացնէ իր արուեստը: Ապա Տէրտէրեան նշեց, որ Յարութիւն Յակոբեանի արուեստը լիբանանահայ հանրութեան ծանօթացնելու գործին մէջ նշանակալից դեր ունեցած է արուեստագէտ տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեան: Իր խօսքի աւարտին Սիւզի Տէրտէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սալթեք» հաստատութեան սեփականատէրներ Սալխանեան եղբայրներուն, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան Համազգայինի հրատարակչական առաքելութեան եւ մշակութային տարբեր մարզերու ծրագիրներու իրականացման:

Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան
Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան
Յարութիւն Յակոբեան
Յարութիւն Յակոբեան
Սիւզի Տէրտէրեան
Սիւզի Տէրտէրեան

Յարութիւն Յակոբեանի արուեստին մասին խօսեցաւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան: Ան ըսաւ, թէ իր ամէնէն սիրած ու ամէնէն գնահատած արուեստագէտներէն մէկն է Յարութիւն Յակոբեան, որ կը պատկանի այն սերունդին, որոնք ի յայտ եկան Խորհրդային Միութեան փլուզման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման շրջանին: Ապա աւելցուց, որ այն օրերուն խումբ մը արուեստագէտներ առանց իրարու ճանչնալու, յանկարծ սկսան ստեղծագործել համաձայն իրենց ներքին  թելադրանքին` շեշտելով իրենց արուեստին մէջ անհեթեթի դպրոցը: Այս արուեստագէտներու խումբը այսօր ալ կը շարունակէ հայրենի արուեստը ներկայացնել դուրսի աշխարհին:

Յարութիւն Յակոբեանի ստեղծագործական կեանքին հետեւած ըլլալով` Մ. Հերկելեան դիտել տուաւ, որ Յակոբեանի կիսավերացական գեղանկարները կու գան ներքին «Ես»-ի թելադրանքով: Ան հրաշալի կերպով տիրապետած է գոյնի եւ գիծի լեզուին. գիտէ հրաշալի համադրումներ կատարել, ճիշդ գոյնը, կէտը, ճիշդ տեղը դնել: «Յարութիւն Յակոբեան ունեցած է տարբեր շրջաններ`  դասական ստեղծագործութիւններէն մինչեւ այսօրուան ստեղծագործութիւնները, բոլորն ալ հանգրուանային, տրամաբանական հոլովոյթով եւ միշտ կեանքի արտացոլումով», ըսաւ Մ. Հերկելեան եւ աւելցուց, որ Յարութիւն Յակոբեան կու տայ մտքի, հոգիի հոգեմտաւոր լոյս: Ան անկեղծօրէն կը մօտենայ արուեստին, կու տայ այն, ինչ որ ներքնապէս իրեն կը թելադրուի, կու տայ գեղեցիկը, կը լուսաւորէ մեր ներաշխարհը, կը մղէ մեզի դէպի մարդկային միջավայրը եւ մարդկային զգացումներ,  ուր հանգիստ կը զգանք եւ գեղեցկութեամբ կը լիցքաւորուինք:

Իր խօսքի աւարտին Հերկելեան շնորհաւորեց Յարութիւն Յակոբեանը, ինչպէս նաեւ Համազգայինը, որ բարձրորակ եւ միջազգային չափանիշներուն չզիջող ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ Լիբանանի արուեստասէր հասարակութեան համար:

Խօսք առաւ նաեւ հայրենի գեղանկարիչ Յարութիւն Յակոբեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար եւ ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր արուեստագէտ կարիք ունի ականատեսի եւ հանդիսատեսի, որոնք կ՛ոգեւորեն եւ կը մղեն աշխատանքի` ապահովելու գործին շարունակելիութիւնը: Ապա ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ իր գործերուն նկատմամբ Մովսէս Հերկելեանի խորաթափանց ներկայացման եւ ըսաւ. «Ընդունեցէք իմ գեղանկարները իբրեւ դրական լիցքաւորման փոքրիկ պատուհաններ, որոնց առօրեայ աշխատանքէն ու վազքէն ետք նայելով հանգստանաք: Եթէ տասը վայրկեան նայելով հանգստանաք, ես իմ գործս կատարուած կը նկատեմ»: Գեղանկարիչը իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին` ցուցահանդէսին կազմակերպման համար:

Յարութիւն Յակոբեան ներկայացուցած էր 29 գեղանկարներ, որոնք աչքի կը զարնեն իրենց գոյներու դրական ազդեցութեամբ, փայլքով ու խաղաղ ներշնչմամբ:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 հոկտեմբեր 2015, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն». «Անցնող Տարի Եւս Մահացաւ Լիբանանահայ Վարժարան Մը, Որուն Նոյնիսկ Մահազդը Մեր Մամուլին Մէջ Տեղ Չգտաւ, Ինչ Որ Հետեւանք Է Ընդհանուր Անտարբերութեան». «Բաց Քննարկում»-ի Երրորդ Յայտագիրին Ընթացքին Հաստատեց Ժիրայր Դանիէլեան

Յաջորդը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Ռուսական Միջամտութիւնը Կը Հրահրէ Ծայրայեղականութիւնը, Իսկ Սէուտական-Թրքական Համագործակցութիւնը Կը Նպաստէ Կայունութեան» Ըսաւ Ժուպէյր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.