Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Պըլտեան Լիբանանի Ֆրանսախօս Հասարակութեան Ներկայացուց «Վարուժանը Ընդդէմ Աղէտին» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Հոկտեմբեր 14, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

var-5_10-13-15

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երեքշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Եու. Էս. Ժի.» համալսարանի գրականութեան բաժինի «Փոլիվալանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վարուժանը ընդդէմ աղէտին» դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին ֆրանսահայ յայտնի գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան, ֆրանսերէնով ներկայացուց իր խօսքը, ինչպէս նաեւ Վարուժանի խօսքը, մատչելի դարձուց արաբախօս եւ ֆրանսախօս ներկաներուն, յատկապէս համալսարանի գրականութեան ուսանողներուն:

var-1_10-13-15var-2_10-13-15

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Բացման խօսքը կատարեց համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի պատասխանատուն` դոկտ. Քրիսթին Պապիկեան-Ասսաֆ: Ան նախ հայոց լեզուով արտասանեց բարի գալուստի խօսք մը` խորին շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինի  Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ առիթը ստեղծեց այսպիսի հանդիպումի մը, որ շատ շահեկան պիտի ըլլայ գրականութեան բաժանմունքի ուսանողներուն համար:

Դոկտ. Լէյլա Թամրազ` ֆրանսական գրականութեան բաժանմունքի պատասխանատուն, խօսք առնելով անդրադարձաւ Վարուժանի ներկայացման կարեւորութեան` իբրեւ անծանօթ եւ միեւնոյն ժամանակ անշրջանցելի տիպար: Ան ծանօթացուց Պըլտեանը իբրեւ ֆրանսահայ ժամանակակից գրող,  հեղինակը «Սեմեր», «Նշան», «Հարուած»  եւ այլ գիրքերու, որոնք թարգմանուած են ֆրանսերէնի:

var-4_10-13-15

Վերջապէս խօսք առաւ Գրիգոր Պըլտեան: Ան նախ հաստատեց, որ Դանիէլ Վարուժանը 20-րդ դարու հայ մեծագոյն գրողներէն է, ան 1915-ին նահատակուած` Հայոց ցեղասպանութեան առաջին զոհերէն է: Ձերբակալուած է 23-24 ապրիլի գիշերը եւ նահատակուած 23 օգոստոսին, երբ իր եւ ուրիշ 6 անձնաւորութիւններու, որոնց շարքին Ռուբէն Սեւակի կարաւանը յարձակումի ենթարկուած է: Ականատեսներ կը հաստատեն, որ նոյնիսկ ձերբակալուելէն ետք, մինչեւ իր մահը Վարուժան երբեք չէ դադրած գրելէ, բանաստեղծութիւններով լեցուցած է վեց տետրակներ: Բոլոր փնտռտուքները անցած են ի զուր. տետրակները անհետացած էին…

Այսպէս, ներկաներուն հետաքրքրութիւնը լարած ըլլալով, Պըլտեան ըրաւ հետեւեալ հարցադրումը. «Ինչպէ՞ս արծարծել աղէտը»: Ան բացատրեց, թէ հայերը ցեղասպանութեան կ՛ակնարկեն զանազան անուանումներով, ինչպէս` «Մեծ ոճիր», «Եղեռն»… եւ այս անուանումներուն բազմաթիւութիւնը արդիւնքն է այն իրականութեան, որ ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու բառամթերքին  մէջ այդ եղելութիւնը նկարագրող բառ չկար, իրականութիւնը անուանելու անկարողութեան  դէմ յանդիման կը գտնուէին, որովհետեւ ապրուած իրականութիւնը չէր նմաներ նախապէս ապրուած այլ պատահարի մը: Պըլտեան նշեց, որ «ցեղասպանութիւն» բառը առաջին անգամ երեւցած է լրագրող Շաւարշ Միսաքեանի մօտ, դեկտեմբեր 1945-ին, երբ Ռաֆայէլ Լեմքինի «ցեղասպանութիւն» բառին սահմանումը հայերուն ապրած իրականութեան համազօր նկատած է:

«Ինչպէ՞ս արծարծել աղէտը» հարցադրումին պատասխանելու համար, Պըլտեան անդրադարձաւ Վարուժանի կենսագրութեան յատկանշական դէպքերուն: Անոնցմէ առաջինն էին Համիտեան ջարդերը, որոնք բնականաբար յուզած են բանաստեղծը եւ որոնց իբրեւ արդիւնք` «Հօրս բանտին մէջ» հաւաքածոյին մէջ լոյս տեսած է «Ջարդ» ոտանաւորը: Աղէտին երկրորդ փորձառութիւնը եղած է 1909-ի Ատանայի ջարդը, որուն ձօնած է «Կիլիկեան մոխիրներուն» 230 տողնոց բանաստեղծութիւնը, որ մայիս 1909-ին լոյս կը տեսնէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, «Ցեղին սիրտը» հաւաքածոյին մէջ:

Գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեան հակադրական նկատեց, թէ 1895-ի եւ 1909-ի դէպքերը, որոնք Վարուժանի անձին եւ բանաստեղծութեան վրայ կարեւոր հետք ձգած են, բանաստեղծը զանոնք չէ ապրած ուղղակիօրէն, գետնի վրայ, այլ` տեղեկացած է անոնց մասին, երբ արտասահման կ՛ուսանէր: Հետեւաբար, Վարուժանի բանաստեղծական գործերը ծնունդ առած են արտասահմանի եւ ոչ թէ իր ծննդավայրին մէջ:

Վարուժանի գործերը իր կենսագրական տուեալներով լուսաբանելէ ետք, Պըլտեան «Կիլիկեան մոխիրներուն» բանաստեղծութենէն հատուած մը կարդաց ու զայն մանրամասնօրէն վերլուծեց եւ յանգեցաւ հետեւեալ հարցադրումին. «ինչպէ՞ս գրել աղէտին մասին, երբ կարելի չէ տեսնել ահաւոր տեսարանները եւ երբ միտքերը անարտայայտելի են»: Պըլտեան անմիջապէս պատասխանեց այս հարցադրումին` ըսելով. «Բանաստեղծութիւնը կը վերապրի աղէտէն ետք»: Վարուժանի մինչեւ մահ գրելը ապացոյց է բանաստեղծութեան ուժին: Ըստ Վարուժանին եւ ըստ Պըլտեանին, երբ բանաստեղծը կը գտնուի անարտայայտելիի տագնապին մէջ, պէտք է պակսող բառը, միտքը այլ զգայարանքով դուրս բերէ, ինչպէս որ Դանիէլ Վարուժան «Կիլիկեան մոխիրներուն» մէջ տեսողութիւնը կը փոխարինէ լսողութեամբ, երբ տեսարանը ալ անտեսանելի է, անընկալելի:

Պըլտեան դասախօսութիւնը եզրափակեց ըսելով, որ Վարուժան այն բանաստեղծն է, որ կը հաւատայ դարմանումին, նորոգումին եւ այդ հաւատքով է, որ ան երբեք չէ դադրած գրելէ եւ այդ հաւատքով է, որ մենք պէտք է արծարծենք աղէտը:

Դասախօսութեան աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու դասախօսին:

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Ռուսիա Համաձայն Է Սուրիոյ Մէջ Ապահով Միջանցքներու Ստեղծման». Փութին Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Համագործակցութիւնը Կը Նկատէ Անբաւարար

Յաջորդը

Հալէպահայերը Դրական Կը Մօտենան Սուրիոյ Պատերազմին Ռուսիոյ Մասնակցութեան

RelatedPosts

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական  Շրջափակման Մէջ.  Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ  Տեղափոխուած Է Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

Յունուար 28, 2023
Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ  Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք  Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով,  Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

Յունուար 28, 2023
Գաղութային

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Լրատուութեան Ճշգրտութեան Բանալիներէն Մէկուն

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In