Ղազախստանի Պորովոյէ շրջանին մէջ պետութիւններու նախագահներու մակարդակով Եւրասիական տնտեսական միութեան վեհաժողովին ընթացքին Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի նախագահները որոշած են, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէ ռուս Վիքթոր Խրիսթենքոն` Եւրասիական տնտեսական միութեան գործադիր մարմինի Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին համար: Ճշդուած է, որ զայն փոխարինէ Հայաստանի նախկին վարչապետ, այժմ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեանը: Այդ մասին յայտնած է նիստը վարող` Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:
Խրիսթենքոյի պաշտօնավարման ժամկէտը կ՛աւարտի փետրուար 2016-ին: