Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանովը Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Հանդիպած Է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատասխանատու Քարտուղարին

October 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

shar_10-18-15

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով 16 հոկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի Թաւրիտեան պալատի` Հայաստանի Ազգային ժողովի ներկայացուցչութեան մէջ հանդիպում ունեցած է ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատասխանատու քարտուղար Փեոթր Ռեապուխինի հետ:

Ազգային ժողովի փոխնախագահի աշխատակազմէն կը հաղորդեն, որ հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ԱՊՀ-ի Միջխորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ներկայացուցիչ Հայկ Չիլինգարեան: Շարմազանով նշած է, որ Հայաստանը, իբրեւ ՀԱՊԿ-ի մէջ նախագահող երկիր, պատրաստ է սերտօրէն համագործակցելու գործընկերներուն հետ` ի նպաստ Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրի դրոյթներուն ապահովման:

Անդրադառնալով շրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն` Շարմազանով նշած է, որ Հայաստանը հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման օգտին: Ազգային ժողովի փոխնախագահը իր մտահոգութիւնը  յայտնած է, որ անցեալ ամիս Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրոյթի  խախտման իբրեւ հետեւանք հայ-ազրպէյճանական սահմանին երկայնքին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ արձանագրուած է լարուածութեան աճի միտում:

«ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավարը  արձանագրած է, որ Ազրպէյճանի սադրիչ քաղաքականութիւնը կրնայ  լուրջ վնաս հասցնել բանակցային հոլովոյթին: Ազգային ժողովի փոխնախագահը կարեւոր նկատած է ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի գործընկերներուն կողմէ Ազրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշման դատապարտումը: Զրուցակիցները անընդունելի նկատած են տագնապներու լուծման ուժային ձեւերը», նշուած է Ազգային ժողովի  փոխնախագահի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Ըստ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի. Գիւղատնտեսութեան Եւ Գիւղի Զարգացման Հարցերը Մշտապէս Կը Գտնուին Կառավարութեան Ուշադրութեան Կեդրոնը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ժխտողականութեան Քրէականացումը Առաջնային Խնդիր Չէ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկրորդ Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկրորդ Ուղղութիւնը

March 7, 2026
Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը  Անմիջականօրէն Դադրեցնելու  Շատ Յոյսեր Չկան»
Գաղութային

Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը Անմիջականօրէն Դադրեցնելու Շատ Յոյսեր Չկան»

March 7, 2026
Նշելով, Թէ Հարուածները Պիտի Դադրին, Երբ Ինք Որոշէ.  Թրամփ. «Առանց Պայմանի Անձնատուութենէն  Բացի Իրանի Հետ Որեւէ Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Նշելով, Թէ Հարուածները Պիտի Դադրին, Երբ Ինք Որոշէ. Թրամփ. «Առանց Պայմանի Անձնատուութենէն Բացի Իրանի Հետ Որեւէ Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.