Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Է Համաձայնիլ Այնպիսի Նախագահի Մը Շուրջ, Որ Նպատակներ Ունի Եւ Սահմանադրութիւնը Կը Յարգէ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հոկտեմբեր 14, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hagop_pakradouni1_10-13-15

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Պաղեստինն է կողմնացոյցը եւ շրջանին բոլոր տագնապներուն լուծման բանալին: «Եթէ անգամուան մը համար արաբները միանային եւ իրենց ռումբերն ու կապարը ուղղէին Իսրայէլի դէմ, շրջանին բոլոր հարցերը կրնային լուծուիլ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, երբ իր ճառերուն մէջ քրիստոնեաներուն իրաւունքները կը պաշտպանէ, անոր ճառը կարելի չէ համայնքային նկատել, այլ համալիբանանեան, որովհետեւ կը պաշտպանէ լիբանանեան օրինակը:

«Պէտք է համաձայնիլ այնպիսի նախագահի մը շուրջ, որ իր միջավայրը կը ներկայացնէ, նպատակներ ունի, ինքնիրեն համար ոչինչ կը պահանջէ եւ սահմանադրութիւնը կը յարգէ», նշեց Յ. Բագրատունի` հարց տալով, թէ ի՞նչը կ՛արգիլէ զօր. Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրել, արդեօք որովհետեւ կայ պետութի՞ւն մը, որ կը մերժէ անոր թեկնածութիւնը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ այսօրուան մեծագոյն սխալը պիտի ըլլայ այն, որ մարդիկ համոզուին, թէ երկիրը քաոսի մատնուած է ու սառած, որովհետեւ զօր. Աուն կ՛ուզէ նախագահ ընտրուիլ: «Երկիրը սառած է եւ անդամալուծուած, որովհետեւ զայն բաղկացնող քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը սառած է», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ զօր. Աունի արտայայտած ցաւը լիբանանցի իւրաքանչիւր քաղաքացիի ցաւն է: «Զօր. Աուն բառին բուն իմաստով լիբանանցի քաղաքացի է: Կը յուսամ, որ բոլորս շրջանցենք մեր համայնքային ու յարանուանական տարբերութիւնները եւ ազգային լեզուով խօսինք: Իսկ Լիբանան արեւմտեան երկիրներուն օրակարգին վրայ չի գտնուիր», աւելցուց ան:

Պատասխանելով հարցումի մը` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ լաւ գիտէ, որ զօր. Աունի նախագահ ընտրութիւնը Լիբանանի համար կարեւոր անկիւնադարձ է:

Խորհրդարանական յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութեան խորհրդարանի նիստին մասնակցելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն պոյքոթի պիտի չենթարկէ այդ նիստին իր մասնակցութիւնը, որովհետեւ խորհրդարանին աշխատանքը պէտք չէ հարուածել:

Ան յայտնեց նաեւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Ազգային ազատ հոսանքը նոյն նպատակը կը ներկայացնեն, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ կեցուածքները ունի:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ ինք այս հանգրուանին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարելիութիւն չի նախատեսեր` աւելցնելով, որ պէտք է վերջ տալ դիմացինը ջնջելու ախորժակներուն եւ յարգել իւրաքանչիւր համայնքի իւրայատկութիւնները:

«Լիբանանի դարմանը իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան ամրապնդումն է», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

 

 

Նախորդը

Հալէպահայերը Դրական Կը Մօտենան Սուրիոյ Պատերազմին Ռուսիոյ Մասնակցութեան

Յաջորդը

Ռումանիոյ Մէջ . Պըրրի Շեշտեց Սուրիոյ Պատերազմին Քաղաքական Լուծում Ապահովելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?