Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմակները Վար Առնուած Են, Եւ Վտանգը Ուղղուած Է Ահաբեկչութիւնը Ստեղծողին Կողմը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Նոյեմբեր 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

enger_hagop_Manar1_112415

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը, ահաբեկչական միտքը, գործողութիւններն ու գործադրութեան եղանակը նկատի կ՛ունենան բոլոր մարզերը:

«Ահաբեկչական բջիջներն ու կազմակերպութիւնները պիտի չմերժեն նաեւ թիրախ դարձնել ապահովական կառոյցները, սակայն լիբանանեան ապահովական կառոյցները վերջին երեք-չորս տարիներուն ընթացքին յաջողութիւն կ՛արձանագրեն ահաբեկչական ցանցերը բացայայտելու եւ անոնց անդամները ձերբակալելու իմաստով, եւ այդ պատճառով ալ լիբանանցին որոշ չափով անվտանգութիւն կը վայելէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կան ահաբեկչական կարգ մը բջիջներ, որոնք բացայայտուած են, իսկ ոմանց անդամները` ձերբակալուած, սակայն այդ մասին ապահովութեան ուժերը ոչինչ յայտարարած են, որպէսզի գաղտնաբար շարունակեն իրենց աշխատանքը եւ արձանագրեն նոր յաջողութիւններ` կանխարգիլելով ահաբեկչական նոր գործողութիւններ:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ նկատի ունենալով ահաբեկչական խմբաւորումներուն գործելաձեւը եւ զանոնք բացայայտելու իսկապէս դժուար աշխատանքը, ողջունելի է ապահովական կառոյցներուն եւ բանակին կատարած աշխատանքը:

Ան նշեց նաեւ, որ ապահովական կառոյցներուն իրագործած նուաճումները արդիւնք են ապահովութեան ուժերուն միջեւ համագործակցութեան, որ վերջերս աւելի ամրապնդուած է:

«Լիբանանի մէջ մենք այսօր հասած ենք այն համոզումին, որ սպառնալիքը բոլորիս դէմ է եւ ոչ միայն համայնքի մը, շրջանի մը կամ խորհրդանշական անձնաւորութեան մը դէմ: Համոզուած ենք, որ Պըրժ Պարաժնէն թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնը միայն Հարաւային արուարձաններուն դէմ չէր, այլեւ` ամբողջ Լիբանանին: Կար նաեւ յատկանշական մէկ այլ ճշմարտութիւն, որ ահաբեկչական այդ արարքի բոլոր դատապարտումները առանց «բայց»-ի էին, ինչ որ կարեւոր զարգացում կը նկատուի: Զարգացում մը, որուն վրայ կրնանք գրաւ դնել, եւ անշուշտ այդ զարգացումը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ ապահովական կառոյցներուն վրայ: Սակայն պէտք է նշել նաեւ, որ նոյնիսկ առանց այդ զարգացումին անոնց միջեւ տեղեկութիւններու փոխանակում կը կատարուէր, այնպէս ինչպէս ամերիկեան, եւրոպական, իրանեան եւ սուրիական գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ կը կատարուի` հակառակ Սուրիոյ դէմ սանձազերծուած պատերազմին», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Անդրադառնալով Լիբանանի Անկախութեան տօնին, երեսփոխան Բագրատունի մտահոգութիւն յայտնեց, որ անիկա վերածուի Անկախութեան յիշատակի` նկատի ունենալով երկրին իրավիճակը, նախագահական թափուր մնացած աթոռը, ինչպէս նաեւ երկրին անկախութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան սպառնացող վտանգները:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այդ հանդիպումը տեղի ունեցած է` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումը պէտք է դրական նկատել այն իմաստով, որ Ֆրենժիէ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ գլխաւոր դերակատար է, ինչպէս նաեւ հիմնական կամուրջ մը, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կրնայ ծառայել Սուրիոյ հետ ապագայի յարաբերութիւններուն իմաստով:

«Սակայն Ֆրենժիէն լաւ ճանչնալով կրնամ շեշտել, որ ան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին չի դաւաճաներ, ան գրաւներու դիմաց չ՛ընկրկիր, իսկ զայն չես կրնար խաբել: Կը կարծեմ, որ Մուսթաքպալ հոսանքը եւ Սաատ Հարիրին լաւ գիտեն, որ Սլէյման Ֆրենժիէն կարելի չէ խաբել», ըսաւ ան:

Նախագահական թեկնածութեան առումով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախագահական պաշտօնին հիմնական թեկնածուն զօր. Աունն է` աւելցնելով, որ Ֆրենժիէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներէն աւելի հաստատած է եւ կրկնած, որ նախագահական ընտրութեան իմաստով առաջնահերթութիւնը զօր. Աունին է:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի առաջադրած նախաձեռնութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ սէյիտ Նասրալլա մնայուն կերպով այդ մասին խօսած է` համաձայնելու, հանդուրժողականութեան, ուրիշը ջնջելու մասին չմտածելու եւ շինիչ այս կեցուածքները, որոնք մնայուն կերպով կը կրկնուին, ինչպէս նաեւ ամբողջական լուծման մը յանգելու անոր տեսակէտը, որ մնայուն կերպով կրկնուած է: «Սակայն ի տարբերութիւն այլ առիթներու, այս անգամ սէյիտ Նասրալլայի խօսքերուն ընկալումը փոխուած է` նկատի ունենալով այդ խօսքերուն ազդեցութիւնը եւ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը», աւելցուց ան:

Ազգային երկխօսութեան նիստին կողմէ ընտրական օրէնքի յանձնախումբ մը կազմելու մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի որոշումով ճշդուած է, թէ այդ յանձնախումբին կողմէ մշակուելիք ընտրական որեւէ օրինագիծ պէտք է ներկայացուի երկխօսութեան նիստին եւ ստանայ անոր հաւանութիւնը, կամ ալ ազգային երկխօսութեան նիստը պիտի ճշդէ յստակ հիմքեր եւ չափանիշներ, որոնց շրջագիծին մէջ յանձնախումբը պէտք է քննարկէ ընտրական նոր օրինագիծը:

Այս առումով, երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ինք իբրեւ երեսփոխան եւ Լիբանանի մէջ իր քաղաքական կշիռը ունեցող ուժի ներկայացուցիչ կրնայ մասնակցիլ այդ յանձնախումբին նիստերուն եւ իր տեսակէտը փոխանցել, ինչպէս նաեւ այդ մասին իր մտահոգութիւնները յայտնել: «Ամէնէն կարեւորը այս հարցին մէջ այն է, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն մտահոգութիւնները նկատի առնուին», ըսաւ ան:

Համամասնական ընտրական օրէնքին ծիրին մէջ ընտրաշրջաններու բաժանումին իմաստով ՀՅԴ-ի նախընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը նախընտրէ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածել եւ կամ նահանգները ընտրաշրջաններու վերածել, բայց եւ այնպէս սատանան  մանրամասնութիւններուն մէջ թաքնուած կ՛ըլլայ, հետեւաբար պէտք է ապահովել ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն` ոչ միայն քրիստոնեաներուն, այլեւ` բոլոր լիբանանցիներուն: «Մենք յարգած ենք, կը յարգենք եւ պիտի շարունակենք յարգել բոլորին մտահոգութիւնները, հետեւաբար ուրիշէն կը պահանջուի նաեւ յարգել մեր մտահոգութիւնները», հաստատեց ան:

Հաւատադրժողական ահաբեկչութեան, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ին զօրակցելու իմաստով Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ այս հանգրուանին անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի արծարծեց Ազէզի մէջ առեւանգուած լիբանանցի ուխտաւորներուն թղթածրարը եւ բացայայտեց հետեւեալը. «Ազէզի թղթածրարը քննարկելու նպատակով օրին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը ուղղուեցաւ Թուրքիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակիցին` Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Տաւութօղլու լիբանանցի իր պաշտօնակիցը ուղղեց թրքական գաղտնի սպասարկութեան պետին մօտ, որ բառացիօրէն յայտնեց անոր, որ ահաբեկիչները օտար երկիրներէ կը հասնին Թուրքիա, ուրկէ իրենք այդ ահաբեկիչները կ՛ուղարկեն Սուրիա»:

Երեսփոխան Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ Միացեալ Նահանգներ աւելի լուրջ կերպով պայքարին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` վերջ տալով անոր ֆինանսաւորումին, զինումին, արբանեակներուն ընդմէջէն տեղեկութիւններու փոխանակումին, ինչպէս նաեւ փակելով Թուրքիա-Սուրիա սահմանները: «Ինչպէս ամերիկացիները, նոյնպէս ալ թուրքերը լուրջ չեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով: Անոնք ահաբեկչութիւնը կ՛օգտագործեն իբրեւ ընտրական եւ քաղաքական միջոց` իրենց ներքին դիրքերը բարելաւելու. այս իմաստով Էրտողան յաջողեցաւ: Պէտք չէ ծածկել ճշմարտութիւնները եւ յայտնել, որ Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարի, որովհետեւ չորս տարիէ ի վեր բոլոր ահաբեկիչները Թուրքիայէն Սուրիա կ՛երթան եւ ոչ թէ Դամասկոսի միջազգային օդակայանէն: Այսօր ո՞վ կը խօսի ժողովրդավարութեան մասին, ո՞վ կը խօսի մարդկային իրաւունքներուն մասին: Դիմակները վար առնուած են, եւ վտանգը ուղղուած է այդ ահաբեկչութիւնը ստեղծողին կողմը», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:

 

 

Նախորդը

Քեսապի Հայութիւնը Ականատես` Ռուսական Օդանաւի Կործանման

Յաջորդը

Ակնարկ. Նախապատերազմական Իրավիճակի Ստեղծման Թրքական Դրդապատճառներ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?