Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Քաղաքական Ծիածանի Երանգներու Նախադրեալներ (Լիբանանի Անկախութեան Օրուան Առիթով)

Նոյեմբեր 21, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Flag-lebanon-lebanese1_112015

Որեւէ երկրի անկախութեան նշումը անշուշտ շատ աւելին է, քան արարողութիւն կատարելը կամ աւանդութիւն յարգելը: Պետական, զինուորական թէ քաղաքացիական շրջանակներուն պահ մը կանգ առնելն է, ու խորհրդածելը երկրի գերիշխանութեան, սահմաններու անխորտակելիութեան, տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ու տակաւին, ազատ, ժողովրդավար, իրաւական հասարակարգի մը մէջ ապրելու անսակարկելի հրամայականին մասին:

Արարողութիւնները, զինուորական շքերթները, անկախութիւն կերտած անձնաւորութիւններու կիսանդրիներուն առջեւ յարգանքի տուրք մատուցելը, ամբողջ երկիրը ոչ աշխատանքային օր յայտարարելը, ճամբաները զարդարելը, եւ տակաւի՛ն` ձեռնարկներ կազմակերպելն ու անկախութեան պատմականին մասին լուսաբանելը առիթներ են անկախութեան արժէքի գիտակցման եւ այդ մեկնակէտով ալ քաղաքականութեան մշակման ու կիրարկման համար:

Անկախութեան տօնն ու խորհուրդը, թէկուզ վերը նշուած բոլոր միջոցառումներու իրականացումներով, ըստ էութեան կ՛արժեզրկուին, երբ անդրադառնանք, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու համար նուազագոյն համախոհութիւնը չի յառաջանար: Երբ կը տեսնենք, որ խորհրդարանի նիստ գումարելը նոյնիսկ` անհամաձայնական մթնոլորտի մէջ կը նկատուի իրագործում, երբ քաղաքական լարուածութիւնը կը յանգի պետութեան հիմքը կազմող օրէնսդիր, դատաիրաւական եւ գործադիր հաստատութիւններու միջեւ համակարգումի անհրաժեշտ մեքենականութեան փլուզումին: Ու դեռ կը բացակայի քաղաքական կամքը` պետութիւն կազմաքանդելու կոչուած հեռակառավարման կոճակները մերժելու, եւ միայն լիբանանեան շահերը գերադասելով, փոխզիջելով համախոհական բանաձեւերու հասնելու:

Եւ երբ քաղաքական  մշակոյթը վերադարձ կը կատարէ նախնականութեան մակարդակին, փոխադարձ ամբաստանութիւնները, խզումները, փոխան առաջադրուած իրար հակակշռման յարաբերակցութիւնները յարգելու, իրար չէզոքացնելու դրսեւորումներ կ՛ողողեն դաշտը, այդ պարագային չեն լսուիր նաեւ ահազանգի ձայները: Աւելի ճիշդը` չեն ուզեր լսուիլ, որովհետեւ առաջադրանքը ուրիշ է: Եւ այդ ուրիշը օտարի իմաստ ունի, ոչ լիբանանեանի այս պարագային:

Լիբանանեան քաղաքական դաշտի ներկապնակը բաւական մութ գոյներով կը յատկանշուէր: Ծիածանի երանգներ սկսան երեւիլ վերջին շրջանին եւ վերջին օրերուն, երբ խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութեամբ արտախորհրդարանական միջավայրի մէջ վերակայացաւ ազգային երկխօսութիւնը Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերուն իրողական եւ իրաւական ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Խնդիրներու հանգուցալուծման համար նուազագոյն եւ մեկնակէտային պայմանը փաստօրէն ա՛յս հանգամանքը կը շեշտէր, մանաւանդ երբ կ՛անդրադառնանք, որ Լիբանանը միջհամայնքային համակեցութեան համակարգի վրայ կառուցուած երկիր է եւ այդ դրոյթին մէջ արձանագրուող որեւէ խախտում չի նպաստեր հարցերու լուծման գործընթացին:

Հակառակ նոր ձեւաւորուող աշխարհակարգի ճշդած ահաբեկչութիւն-հակաահաբեկչութիւն բեւեռացումներուն մէջ լիբանանեան միջավայրի տեսանելիութեան, պէտք է նկատել անպայման քաղաքական ծիածանի երանգները` աղբահանման տագնապի լուծման գործնականացման նախափուլէն մինչեւ ընտրական նոր օրէնքի մշակման նպատակով առնուած քայլեր:

Անկախութեան տօնը կ՛իմաստաւորուի, երբ հակառակ բազում դժուարութիւններու աւելի տեսանելի դառնան քաղաքական ծիածանի երանգները, ընդդէմ մութ գոյներուն, գործընթացներու տեսանելիութիւնը ծածկող մուգ ապակիներուն, որոնց ետին ոչ անպայման լիբանանեան ներշնչանքներէ կը բխին լիբանանեան հրապարակին  վրայ արձանագրուող թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ապահովական իրադարձութիւնները:

Քաղաքական ծիածանի երանգաւորման սկիզբը կը բխի ազգային երկխօսութեան նիստերէն: Իսկ այդ նիստերուն ընթացքին թէ անոնցմէ դուրս մնայուն կերպով քաղաքական համաձայնութեան անհրաժեշտութիւնը արծարծողը լիբանանահայութեան ներկայացուցիչն է:

Ներկայ պայմաններուն մէջ Լիբանանի անկախութիւնը կ՛արժեւորուի, եթէ ձեւ ու մարմին ստանան համաձայնական տարազները եւ ժողովուրդը զգայ համալիբանանեան քաղաքական կամքի կայացումն ու անոր գործնական դրսեւորումները:

Նախորդը

Նախագահներ Սարգսեան Եւ Սահակեան Այցելած Են Բանակի Զօրամասեր

Յաջորդը

Պրազիլի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Քորինթիանս Հանդիսացաւ Ախոյեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Դաշնակիցներ Եւ Տարբեր Մօտեցումներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դաշնակիցներ Եւ Տարբեր Մօտեցումներ

Նոյեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական  Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն  Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում

Նոյեմբեր 15, 2025
Հեկսեթ «Հարաւային Նիզակ» Գործողութեան  Մեկնարկը Յայտարարեց. Մատուրօ Կը Զգուշացնէ
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ «Հարաւային Նիզակ» Գործողութեան Մեկնարկը Յայտարարեց. Մատուրօ Կը Զգուշացնէ

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?