Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գործող Սահմանադրութեամբ` Դուրսէն Եկող Ճնշումները Կրողը Միայն Մէկ Հոգի Է» Կ՛ըսէ Արմէն Համբարձումեան

November 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated50

Սահմանադրական բարեփոխումներու քարոզարշաւի ծիրին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան հանդիպում ունեցաւ Վայոց ձորի մարզի Ագարակաձոր համայնքի բնակիչներուն հետ:

Ան իր ելոյթին ընթացքին ընդգծեց, որ գործող սահմանադրութեան յոռեգոյն կողմերէն մէկը այն է, որ կառավարումը միակեդրոն է, ամէն ինչ կը վերահսկուի միայն մէկ անձի կողմէ: Համբարձումեանի խօսքով` որքան ալ մարդիկ դժգոհին այսօրուան իրականութենէն եւ պահանջեն փոխել անիկա, որեւէ բան պիտի չըլլայ, որովհետեւ տակաւին փոփոխութիւնները արմատական բնոյթ չունին: Համբարձումեանի  բնորոշումով` շինութեան հիմքը պէտք է ամուր ըլլայ, որպէսզի այդ հիմքին վրայ կառուցուող որեւէ կառոյց դիւրաբեկ ու խարխուլ չըլլայ: Այս շրջագիծին մէջ Համբարձումեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի կառավարման համակարգի փոփոխութիւնը: Ան համոզում յայտնեց, որ երկրի վատ վիճակին մեղաւորները ոչ թէ անհատներն են, այլ կառավարման համակարգը, որովհետեւ ամէն ինչ կեդրոնացած է մէկ հոգիի ձեռքը, եւ այդ պայմաններուն մէջ աւելին ակնկալելը պարզապէս միամտութիւն է:

Համբարձումեան շեշտեց, որ երկրի սխալ կառավարման հիմքերը դրուած են 90-ական թուականներէն, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան որեւէ նախընտրական ծրագիր չունէր, սակայն բոլորին կը յորդորէր ընտրել զինք:

«Բարեփոխուած սահմանադրութիւնը, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, կ՛անկախացնէ դատական համակարգը, ինչ որ ամէնէն կարեւոր  կէտն է: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը ներկայիս դատական համակարգին թերի կողմերը, անշուշտ, ճաշակած է: Մէկ հոգին կ՛որոշէ ամէն ինչ: Մէկ հոգին կը կառավարէ ամէն ինչ: Նոր սահմանադրութեամբ` դատարանի նախագահը երեք տարիէ աւելի չի կրնար պաշտօնավարել: Որեւէ  կառավարման օղակ նոր օրէնքով պիտի ունենայ իր անմիջական վերահսկողը, որ, բնականաբար, պիտի կարենայ որոշումներ տալ:

«Նոր սահմանադրութեամբ` վարչապետը տարին երկու անգամ պիտի ներկայանայ Ազգային ժողով` հաշուետուութիւն ներկայացնելու: Խորհրդարանը կրնայ իր անվստահութիւնը յայտնել», ըսաւ  Համբարձումեան:

Համբարձումեան ընդգծեց նաեւ, որ գործող սահմանադրութիւնը ամբողջ պատասխանատուութիւնը վերապահած է հանրապետութեան նախագահին եւ դուրսէն եկող ճնշումներուն կրողն ալ միայն մէկ հոգի է` հանրապետութեան նախագահը: Ան յիշեց հայ-թուրքական արձանագրութիւններու ստորագրումը, մէկ գիշերուան ընթացքին Եւրասիական տնտեսական միութիւն մտնելու որոշում տալը: Ըստ Համբարձումեանի, յաջորդը Ղարաբաղն է:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու Խորհրդաժողով. Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Քեսապի Հայութիւնը Ականատես` Ռուսական Օդանաւի Կործանման

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.