Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու Խորհրդաժողով. Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

November 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

france_112415

20-էն 22 նոյեմբեր 2015-ին ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին համադրումով տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողով` «ՀՅԴ  երիտասարդութիւնը եւ Հայ դատի վերանորոգ պահանջատիրութեան պայքարը» նիւթով:

Փարիզի եւ Արֆոլվիլի մէջ տեղի ունեցած նիստերուն մասնակցեցան 8 երկիրներէ աւելի քան 70 ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Արմէն Ռուստամեան եւ Մուրատ Փափազեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան եւ ՀՅԴ Ֆրանսայի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ:

Եռօրեայ դասախօսութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը, Արցախի բանակցային գործընթացներու վերջին զարգացումները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, Ցեղասպանութեան հատուցման եւ հողային պահանջատիրութեան հարցերը եւ անոնց վերաբերեալ ՀՅԴ-ի Հայ դատի ռազմավարական սկզբունքները, քրտական հարցը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հայութեան խնդիրները:

Քննարկումներու եւ աշխատանոցներու ճամբով խորհրդաժողովը հասաւ հետեւեալ եզրակացութիւններուն.

1.- Հայ երիտասարդութեան պատրաստուածութեան մակարդակը պահանջատիրութեան աշխատանքներուն առնչութեամբ կը մնայ անբաւարար: Այս մարտահրաւէրը յաղթահարելու համար, խորհրդաժողովը կը գտնէ, թէ անհրաժեշտ է ընդլայնել ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու շարքերը, ընդարձակել երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններուն աշխարհագրական տարածականութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել անոնց պատրաստուածութեան մակարդակը, մղելով երիտասարդները քաղաքականացած եւ մասնագիտական աշխատանքներու:

2.- ՀՅԴ երիտասարդութեան կեցուածքը հատուցման խնդիրին եւ հողային պահանջատիրութեան նկատմամբ անփոփոխ է ու հետեւողական: Ուիլսընեան իրաւարար վճիռով պահանջուող տարածքները կը կազմեն հայ երիտասարդութեան պահանջատիրութեան առանցքը:

3.- ՀՅԴ երիտասարդներու յաւելեալ քաղաքականացումը ուղղակիօրէն կը նպաստէ օտար երիտասարդութեան մօտ հայանպաստ կեցուածքներու զարգացման` Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման, հայութեան իրաւունքներուն հատուցման եւ հողային պահանջատիրութեան հարցերուն առնչութեամբ: Միաժամանակ, խորհրդաժողովը կ’ընդգծէ տեղական եւ միջազգային քաղաքական կազմակերպութիւններու հետ առկայ յարաբերութիւններու խորացման անհրաժեշտութիւնը:

4.- ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կարեւոր կը նկատէ պահանջատէր պոլսահայ երիտասարդութեան աշխատանքը: Խորհրդաժողովը կը գտնէ, թէ իրենց հայկական արմատներուն վերադարձող Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հայութեան իրականութիւնը կը բանայ նոր մարտահրաւէրներ ու հորիզոններ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ:

5.- Նկատի առնելով շրջանային զարգացումներու եւ Թուրքիոյ ներքին իրավիճակը` ՀՅԴ երիտասարդութիւնը հայ-քրտական յարաբերութիւններուն կը մօտենայ քաղաքական իրատեսութեամբ եւ հայութեան իրաւունքներուն նկատմամբ իրաւատէրի կեցուածքով:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք, հատուցման եւ հողային պահանջատիրութիւնը կը թեւակոխէ նոր հանգրուան, որուն յաջողութեան համար անհրաժեշտ է պահանջատէր հայ երիտասարդութեան կողմէ գործնական պայքարի ծաւալում: ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու այս խորհրդաժողովի ընթացքին փոխանցուած գիտելիքները, քննարկումներն ու եզրակացութիւնները կը միտին յաւելեալ թափ տալու այս պայքարին:

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Ալֆորվիլ, Ֆրանսա
22 նոյեմբեր 2015

Նախորդը

«Քաթար Էյրուէյզ-ը Դէպի Երեւան Թռիչքներու Պիտի Սկսի

Յաջորդը

«Գործող Սահմանադրութեամբ` Դուրսէն Եկող Ճնշումները Կրողը Միայն Մէկ Հոգի Է» Կ՛ըսէ Արմէն Համբարձումեան

RelatedPosts

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 28, 2026
6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին
Գլխաւոր լուրեր

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

September 28, 2026
Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.