ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան 20 նոյեմբերին` խօսելով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին հայաստանեան պատուիրակութեան գործունէութեան մասին` նշած է, որ կարելի չէ զայն մեղադրել, որովհետեւ անոր անդամներուն ներկայացուցած բազմաթիւ փաստերն ու հիմնաւորումները որեւէ արդիւնք չեն տուած: Ան դիտել տուած է, որ հակառակորդ կողմը բացայայտ հակաքարոզչութիւն կը կատարէ, իսկ Արցախի Հանրապետութիւնն ու ազատագրուած տարածքները ազրպէյճանական նկատող Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին բանաձեւը ներկայացուած է բրիտանացիի մը կողմէ, որ Թուրքիոյ քաղաքացի է, Ազրպէյճանի մէջ գործառնութիւն ունի:
Ա. Վարդանեան անհրաժեշտ նկատած է Հայաստանի կողմէ համադրուած աշխատանքի ծաւալումը եւ իր պաշտօնական յայտարարութեան հրապարակումը մինչեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի յունուարի նստաշրջանը, որպէսզի եւրոպական կառոյցները ի վերջոյ հասկնան, որ լուրջ պետութեան հետ է իրենց աշխատանքը: