Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Նախապատերազմական Իրավիճակի Ստեղծման Թրքական Դրդապատճառներ

November 25, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

russian-plane-112415

Ռուսական զինուորական օդանաւի խոցումը Թուրքիոյ կողմէ սուրիական պատերազմին նոր մագլցողականութիւն ապահովող քայլ է եւ իբրեւ այդպիսին այլապէս ալ դժուար մեկնաբանելի: Օր մը առաջ Անգարայի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններու տարողութեան բարձրացումը եւ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի պահանջը հիմնուած էին Անգարայի հովանաւորեալ Սուրիոյ թուրքմէններուն հանդէպ Մոսկուայի իրականացուցած զինուորական գործողութիւններու երեւոյթին վրայ:

Այսօրուան իրադարձութիւններուն զարգացումը պատերազմը տեղափոխեցին ռուս-թրքական ուղղութեան վրայ: Կանխատեսումները խայտաբղէտ են այս առումով: Մագլցողականութեան տեսանելիութիւնը ենթահող շահած է եւ որոշ վերլուծումներու մէջ չի բացառուիր ոչ միայն Մոսկուա – Անգարա դիւանագիտական կապերու խզումը, այլ նաեւ Ռուսիա – Թուրքիա պատերազմը:

Կանխատեսումներու իրատեսականութիւնը` իր կարգին: Այնուամենայնիւ իրավիճակը նախապատերազմական է: Ռուս արտաքին գործոց նախարարը կը ջնջէ իր այցելութիւնը Անգարա, կը զգուշացնէ ռուս քաղաքացիներուն չմեկնիլ Թուրքիա, ռուսական զբօսաշրջութեան մեծագոյն ընկերութիւնը դէպի Թուրքիա իր ծրագիրները կ՛առկախէ, մինչ ռուս լրագրողներ փոխադրող հանրակառքը կ՛ենթարկուի յարձակումի, իսկ հրթիռակոծումի` ռուսական ուղղաթիռը:

Մոսկուա – ՏԱՀԵՇ պատերազմին բովին մէջ եւ Մոսկուա – Անգարա նախապատերազմական իրավիճակի ստեղծման նախօրեակին թուրքմէններու հարցին օգտագործումը Անգարայի կողմէ խորքին մէջ ծխածածկոյթի տակ առնել էր յարձակողականի դիմելու բուն դրդապատճառները:

Անկասկած Թուրքիա-Սուրիա սահմանին թուրքմէն ազգաբնակչութիւնը Անգարայի ներշնչումին տակ պահելը եւ զայն զինուորաքաղաքական գործօնի վերածելը կարեւորագոյն առաջադրանք էր Անգարայի համար: Խնդիրը սակայն շատ աւելին էր:

Ռուսական կործանիչները ըստ էութեան կը քանդէին Թուրքիա-ՏԱՀԵՇ ցամաքային կամուրջները` կանխարգիլելով Անգարայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ ստեղծուած ուղղակի կապը: Ռուսական միջամտութիւնը նաեւ արգելակումն էր  Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման ծրագիրին, որ ի դէպ միայն ռուսական կողմէն չէ, որ կը խոչընդոտուէր:

Թրքական յարձակումը ռուսական օդանաւին դէմ պատերազմական յստակ գործողութիւն էր, որ կտրուկ մագլցումի տարաւ տիրող լարուած իրավիճակը: Թուրքմէններու գործօնին շահարկումը այստեղ զուտ պատրուակային բնոյթ ունէր: Թուրքիան հարուածուած էր ոչ միայն ցամաքային կամուրջներու քանդումով, այլ նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի ֆինանսաւորումով: Հսկայական գործարքը կը փլուզուէր, երբ ՏԱՀԵՇ-ի քարիւղի արդիւնաբերութիւնը եւ քարիւղատար հարիւրաւոր բեռնակառքեր կ՛ոչնչացուէին ռուսական կործանիչներուն կողմէ: Իրօք ռուսերը կործանարար դեր կը կատարէին թրքական տնտեսութեան: Քարիւղի արտահանումը դէպի Թուրքիա եւ անոր դիմաց ՏԱՀԵՇ-ի ֆինանսաւորումը Թուրքիոյ կողմէ լուրջ հարուած կը ստանար:

Աքթ մը անհրաժեշտ էր Թուրքիոյ համար այս կործանարար ընթացքը պահ մը կասեցնելու եւ իրադրութիւնները փորձել շեղելու համար: Մեծ ռիսք պարունակող քայլ էր Անգարայի կատարածը, թէկուզ հետեւանքներու անկանխատեսելիութեամբ, ինչ որ կը նշանակէր, որ Անգարան սկսած էր սոլտ խաղալ:

Ռուսիոյ նախագահին յայտարարութիւնը պատասխանատուութեան սլաքը կ՛ուղղէր Միացեալ Նահանգներուն եւ ՕԹԱՆ-ին: Կը յիշէր, որ Մոսկուան Ուաշինկթընի հետ օդային միջադէպերու նախազգուշացման մասին համաձայնութիւն ունէր եւ այժմ… թիկունքէն հարուած:

Թիկունքէն հարուածուած ըլլալու հաստատումը ենթադրել կու տայ, որ Թուրքիան հակաահաբեկչական պատերազմ յայտարարածներու շարքին է եւ միջազգային համաձայնութեան ենթակայ կողմ: Խորքին մէջ սակայն թիկունքի հարուած չէ, այլ ուղիղ հակառակորդի: Մինչ Թուրքիոյ վարչապետի գործակատարը կը յայտարարէր, որ իր երկրին գործողութիւնը իրաւաչափ է` նկատի ունենալով, որ անշուշտ ըստ իրեն, ռուսական օդանաւը հատած է թրքական օդային սահմանը:

Սուրիական պատերազմը սուրիական բանակ, ազատ բանակ, ժապհաթ Նուսրա – ՏԱՀԵՇ, ապա քիւրտ զինեալ ուժեր, զինուող թուրքմէններ ու տակաւին իրանեան գործօնի ներկայութիւն եւ ապա ռուսական օդուժ ձեւափոխումներէն ետք  այժմ թեւակոխած է ռուս – թրքական նախապատերազմական իրավիճակ:

Աւելցնենք, որ Փութինի օգնական Փեսքով խօսելով պատասխանի մասին յայտնեց, թէ անիկա ռազմական ճանապարհով պիտի չըլլայ: Ինչ որ կիսապաշտօնական բնոյթ ունի, բայց չի կրնար նախանշել դէպքերու հետագայ զարգացումները:

«Ա.»

Նախորդը

«Դիմակները Վար Առնուած Են, Եւ Վտանգը Ուղղուած Է Ահաբեկչութիւնը Ստեղծողին Կողմը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ – Փիւնիկ Կէտերու Տարբերութիւնը Մնաց Անփոփոխ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.