
Լիբանանի անկախութեան 72-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հայկական լրատուութեան բաժանմունքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երկու տարի նախագահական թափուր աթոռ ունենալու իրականութիւնը լիբանանցիներուն շատ բան սորվեցուցած պէտք էր ըլլար, «սակայն ըստ երեւոյթին, լիբանանցիներուն սորվելու կարողութիւնը տկարացած է», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն է, անկախութիւն ըլլայ կամ ոչ: «Հանրապետութեան նախագահ մը, որ իսկապէս կարենայ իր ժողովուրդը ներկայացնել, քաջ որոշումներ տալ եւ երկիրը դուրս բերել իր ճգնաժամային վիճակէն: Ահաւասիկ սակայն, որ մէկ տարի եւ հինգ ամիս է, որ մենք նախագահ չունինք, որովհետեւ քաղաքական ուժերը անկարող են ընդունելու նախագահ մը, որ իսկապէս կը ներկայացնէ իր համայնքը եւ երկրին մեծամասնութիւնը: Բնականաբար միայն ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններուն պատճառով չէ, որ նախագահական ընտրութիւնը կը խոչընդոտեն. անոնց կողքին կան նաեւ շրջանային եւ միջազգային խնդիրներ», յայտնեց Յ. Բագրատունի:
Ան հաստատեց, որ դժուար է խօսիլ անկախութեան մասին, երբ կ՛ապրինք այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր անկախ մտածողութիւն գոյութիւն չունի: «Խնդիրը կը կայանայ այն ճշմարտութեան մէջ, որ արդեօք 1943-էն ի վեր Լիբանան իրաւ անկախ երկիր եղա՞ծ է, երկրին ղեկավարութիւնը կրցա՞ծ է անկախօրէն մտածել, «որովհետեւ երկրին անկախութենէն անդին հիմնականը մտքի եւ հոգիի անկախութիւնն է` մարդուն, հաւաքականութեան, կազմակերպութեան, ղեկավարութեան, որպէսզի ան կարենայ ազատօրէն մտածել, առանց նկատի ունենալու այլ շրջապատող երկիրներու շահերը: Քաղաքական կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք այնպիսի յայտարարութիւններու, որոնք կը նպաստեն այլ երկիրներու շահերուն, բան մը, որ յառաջդիմած եւ ժողովրդավար այլ երկիրներու պարագային անկարելի է նկատել», աւելցուց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ հիմնական հարցը անկախութիւնը չէ, այլ` անկախ եւ գերիշխան մտածողութեան հարցը:
Ան նշեց, որ Լիբանանը երկիր մըն է, ուր հրաշքներ կը պատահին` ընդգծելով, որ այդ հրաշքներէն մէկը այսօրուան իրավիճակն է: «Այսօր մենք հանրապետութեան նախագահ չունինք, խորհրդարանը հազիւ թէ կը հանդիպի, կառավարութիւնը չի գումարեր իր նիստերը, երկրին տնտեսութիւնը դժբախտաբար գահավէժ ընթացքի մէջ է, ապահովական խախտումները բազմազան են, բազմատեսակ եւ վտանգաւոր, սակայն այս բոլորին մէջ երկիրը տակաւին կը շարունակէ գոյատեւել` բաղդատաբար շրջանէն աւելի լաւ վիճակի մէջ: Այս հրաշքէն պէտք է օգտուիլ այս հանգրուանին, եւ անկախութեան տօնին առիթով պէտք է ամրացնենք այս հրաշքը: Այս հաւատքով պէտք է կառչած մնանք երկխօսութեան, որ նոյնիսկ եթէ շօշափելի արդիւնքներու չի յանգիր, սակայն անոր բացակայութիւնը կրնայ վտանգել երկրին կացութիւնը», ըսաւ ան:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ 22 նոյեմբերին Լիբանանի անկախութիւնը, որուն կերտման մէջ իր դերակատարութիւնը ունեցած է հայ համայնքը, պէտք է ըլլայ առիթ մը, որ բոլորը վերադառնան իրենց խիղճերուն եւ պատասխանատուութեան` իրենք զիրենք զետեղելով իրաւ պետութեան, իրաւ ազատութեան եւ անկախութեան, ինչպէս նաեւ ճշմարիտ գերիշխանութեան հաստատման հրամայականին տակ:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ երկխօսութեան վերջին նիստին լոյսին տակ լիբանանցիներուն փոխանցուած դրական մթնոլորտին նկատմամբ պէտք է իրապաշտ ըլլալ եւ կացութիւնը արժեւորել իր չափին մէջ, առանց յաւելեալ ակնկալութիւններու կամ յոռետեսութեան:
Խորհրդարանին գումարած վերջին լիագումար նիստին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին մասնակցութեան որոշումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին համար կարեւոր էր լուծման մը յանգիլ եւ կանխարգիլել այն դրդապատճառները, որոնց լոյսին տակ երկրին մէջ նոր ցոյցի, գործադուլի եւ փողոց իջնելու այլ երեւոյթներ պիտի նշմարուէին:
«Յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնելու եւ խնդիրին լուծում մը գտնելու նպատակով է, որ դիմեցինք խորհրդարանի նախագահին եւ անկէ խնդրեցինք լիագումար նիստին յետաձգումը: Մեր կոչը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ թէ՛ խորհրդարանի նախագահին մօտ, թէ՛ քաղաքական միւս ուժերուն մօտ եւ այդ 24 ժամուան սպասողական վիճակի ստեղծումը նպաստեց, որ քաղաքական կողմերը իրարու հետ նոր համաձայնութիւններու յանգին», ըսաւ ան:
Խորհրդարանի գումարած լիագումար նիստին ընթացքին քաղաքացիութեան իրաւունքը վերստանալու օրէնքը վաւերացնելու, սակայն այդ իրաւունքը լիբանանցի կնոջ` իր զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու իմաստով զլանալու հարցին գծով, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Արդարութիւնը եւ հաւասարութիւնը շատ կարեւոր են, սակայն համայնքային հիմքերով երկրի մը մէջ, դժբախտաբար արդարութիւնը եւ հաւասարութիւնը չես կրնար գործադրել: Այսինքն, համայնքային դրութեամբ երկրի մը մէջ հաւասարութեան սկզբունքը արդէն իսկ խախտած է, իսկ լիբանանցի կնոջ այդ իրաւունքը զլանալու պատճառներէն մէկը ժողովրդագրական տուեալներու փոփոխութեան մտահոգութիւնն է: Իր զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու լիբանանցի կնոջ իրաւունքը խորհրդարանական յանձնախումբերուն մօտ քննարկումի առարկայ է, սակայն մտահոգութիւնը այն է, որ պաղեստինցիներու հետ ամուսնացած լիբանանցի կիներու պարագային իրենց զաւակներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն տալու պարագան կրնայ խախտել երկրին սահմանադրութեան ներածականի այն յօդուածը, որ Լիբանան կը մերժէ պաղեստինցիներու բնակեցումը: Նոյնը կը պատահի նաեւ սուրիացիներու պարագային, որուն պատճառով պիտի խախտի Լիբանանի համայնքային հաւասարակշռութիւնը: Այս է հիմնական մտահոգութեան առանցքը», յայտնեց Յ. Բագրատունի:
Լիբանանի անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը վտանգի դիմաց գտնուելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանը կղզի մը չէ եւ իր կարգին ենթակայ է ահաբեկչութեան:
«Ահաբեկչութեան դիմաց սահմանները քանդուած են եւ անիկա վերածուած է համաշխարհային խնդիրի: Այսօր համաշխարհային պատերազմի մէկ տարբերակն է, որ տեղի կ՛ունենայ առանց սահմաններու աշխարհի մը մէջ: 100 երկիրներ այսօր ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կացութեան մէջ են: Ահաբեկչութեան դրդապատճառները շատ են, սակայն ահաբեկչութիւնը ոչ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել: Անմեղ մարդոց, կիներու, երեխաներուն, տարեցներու սպանութիւնը` այս կամ այն համայնքին պատկանելիութեան պատճառով, կարելի չէ արդարացնել: Թերեւս Լիբանանը աւելի նուազ վտանգներու ենթակայ է, քան աշխարհը, սակայն անիկա չի նշանակեր, որ ձեռնածալ պէտք է մնանք եւ «ամէն ինչ լաւ է» ըսենք: Ո՛չ, ամէն ինչ լաւ չէ. պէտք է զգուշ ըլլալ եւ վստահաբար յաւելեալ ճիգ թափել` մենք զմեզ ամրացնելու ընդդէմ ահաբեկչութեան, ի նպաստ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ զգացնելու, որ իբրեւ լիբանանցիներ մեզի համար Լիբանանի շահերը գերադաս են որեւէ այլ տեսակի շահերէ կամ մեզ շրջապատող մօտիկ կամ հեռաւոր երկիրներու շահերէ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հարցազրոյցը եզրափակեց շնորհաւորելով լիբանանցիները, որոնք կը շարունակեն տոկալ այս երկրին մէջ եւ անկախութիւնը կը տօնեն` յուսալով, որ յառաջիկայ տարի մենք կարենանք իսկապէս Անկախութեան տօնին առիթով միայն լիբանանեան դրօշակը բարձրացնել:


