Գլխաւոր լուրեր

Բակօ Սահակեան Առաջարկներ  Ներկայացուցած Է Համանախագահներուն

Բակօ Սահակեան Առաջարկներ Ներկայացուցած Է Համանախագահներուն

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) եւ Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 27 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, որ առաջարկներ ներկայացուցած է անոնց: Առաջին հերթին ան անհրաժեշտ նկատած է նոր որակ հաղորդել զինադադարի դրութեան պահպանման եւ անոր խախտումներուն համար պատասխանատուութեան մեքանիզմներու...

Ուորլիք. «ԵԱՀԿ-ի Դիտարկման Ընթացքին  Կրակոցները Անթոյլատրելի Են»

Ուորլիք. «ԵԱՀԿ-ի Դիտարկման Ընթացքին Կրակոցները Անթոյլատրելի Են»

ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ դիտարկում կատարած են Մարտակերտ-Թարթառ հատուածին մէջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ: Դիտարկման ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը անցած են ազրպէյճանական տարածք` Լեռնային Ղարաբաղի կողմէն: Դիտարկման աւարտին սակայն ազրպէյճանական կողմէն կրակոցներ արձանագրուած են: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք դիտարկման անդրադառնալով` Թուիթըրի իր...

«Քոչարեանը Սխալւում Է Եւ Ինքն Իրեն Հակասում»  «Առաջին Լրատուական»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ

«Քոչարեանը Սխալւում Է Եւ Ինքն Իրեն Հակասում» «Առաջին Լրատուական»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ

Սահմանադրական փոփոխութիւններին կողմնակից ուժերից ՀՅԴ-ն, որը անցած 25 տարիներին խորհրդարանական համակարգի անցնելու հիմնական ջատագովներից մէկն էր, յառաջիկայ հանրաքուէում պատրաստւում է անհատական քարոզչութիւն իրականացնել` առանձին ՀՀԿ-ից եւ «այո»-ի դաշտի մնացած ուժերից:  Դաշնակցականների պնդմամբ` իրենց «այո»-ն ուրիշ «այո» է, եւ իրենց հիմնաւորումներն էլ ունեն առաւել խորքային եւ գաղափարական բնոյթ: Դաշնակցութեան մօտեցումների շուրջ «Առաջին լրատուական»-ը զրուցեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ: «ԱՌԱՋԻՆ...

«Ցեղասպանութիւններու Ճանաչում  Եւ Կանխարգիլում» Խորագիրով Երիտասարդական  Համագումար Կաթողիկոսարանին Մէջ

«Ցեղասպանութիւններու Ճանաչում Եւ Կանխարգիլում» Խորագիրով Երիտասարդական Համագումար Կաթողիկոսարանին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին, շաբաթ, 24 հոկտեմբերին «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութիւններու ճանաչում եւ կանխարգիլում» խորագիրով  երիտասարդական միօրեայ համագումար, որուն մասնակցեցան հայ եւ օտար երիտասարդական ու եկեղեցական միութիւններու ներկայացուցիչները: Համագումարին բացումը կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ողջունելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համագումարը, ընդհանուր ակնարկով...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

26 հոկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ) եւ Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: Զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանն ու հետագայ քայլերուն...

Աղուան Վարդանեան. «ՀՅԴ-ն Աշխուժ  Քարոզչութիւն Պիտի Տանի»

Աղուան Վարդանեան. «ՀՅԴ-ն Աշխուժ Քարոզչութիւն Պիտի Տանի»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան 26 հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւին: Ան նախ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը վաղուց սկսած է քարոզարշաւի, մինչեւ իսկ` Ազգային ժողովին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու քննարկման: ՀՅԴ-ն հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կուսակցական կոմիտէութիւններուն կեդրոններուն մէջ հաւաքներ կազմակերպած է`  քննարկելով կոմիտէութիւններուն արծարծած հարցերը: «Հիմա արդէն պիտի ստեղծուի...

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցը Քննարկման  Առարկայ Չէ, Անիկա Կարմիր Գիծ Է»  Յայտարարեց Յակոբ Բագրատունի

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցը Քննարկման Առարկայ Չէ, Անիկա Կարմիր Գիծ Է» Յայտարարեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ յայտարարեց. «Պուրճ Համուտի աղբանոցի հարցը քննարկման առարկայ չէ»` ընդգծելով. «Այդ հարցը կարմիր գիծ է»: Յ. Բագրատունի երէկ ազգային երկխօսութեան նիստի աւարտէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Պուրճ Համուտի մէջ աղբերու բեռը քսան տարի կրեցինք, եւ ան, որ այդ բեռը չէ կրած ցարդ ի՛նք պէտք է լուծում մը փնտռէ»: Հարցումի մը...

Հարցազրոյց Վաչէ Բրուտեանի Հետ

Հարցազրոյց Վաչէ Բրուտեանի Հետ

Երէկ` երկուշաբթի, 26 հոկտեմբերին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց հասարակական գործիչ եւ մտաւորական Վաչէ Բրուտեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով մամուլի դերին մասին` Բրուտեան յայտնեց, որ մամուլը տեղեկութիւն տուող, վերլուծող, հանրային կարծիք ու ուղղութիւն ստեղծող է եւ այդ առումով ալ զէնք է: Անոր լուրջ դերակատարութիւն վերապահուած է, իսկ մամուլ ըսելով պէտք չէ...

1915-ին Նահատակուած Քաղդէացիներուն  Նուիրուած Արարողութեան.  «Եկեղեցւոյ Մը Նահատակները  Նաեւ Նահատակներն Են Բոլոր Եկեղեցիներուն»  Հաստատեց Արամ Ա.

1915-ին Նահատակուած Քաղդէացիներուն Նուիրուած Արարողութեան. «Եկեղեցւոյ Մը Նահատակները Նաեւ Նահատակներն Են Բոլոր Եկեղեցիներուն» Հաստատեց Արամ Ա.

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան առընթեր, նաեւ ցեղասպանութեան ենթարկուեցան քաղդէական եւ ասորական մշակոյթներու հետեւող եկեղեցիներու զաւակները, որոնց զոհերուն թիւը կը հասնի շուրջ կէս միլիոնի: Շաբաթ, 24 հոկտեմբեր 2015-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուած էր Քաղդէացիներու Պէյրութի առաջնորդ Միշէլ Քասարժիի կողմէ, ներկայ գտնուելու 1915-ին նահատակուած քաղդէացիներուն նուիրուած եկեղեցական արարողութեան, որ տեղի...

Ակնարկ.  Ռուսական Խաչակրութեան  Տեղեկատուական Բաժինը

Ակնարկ. Ռուսական Խաչակրութեան Տեղեկատուական Բաժինը

Կը թուի, որ սուրիական պատերազմին ռուսական օդուժի միջամտութիւնը հարցի լուծման փուլային տարբերակի եղանակով կ՛առաջնորդուի: Կը խօսուի սուրիական կառավարական ուժերու յառաջխաղացքին, որոշ շրջաններու ազատագրման, ՏԱՀԵՇ-ի հսկայական կորուստներու մասին, միաժամանակ սակայն գետնի վրայ ուղղակի բեկումնային պահ եւ կայծակնային կտրուկ փոփոխութիւններու իրավիճակ չի պարզուիր: Փուլայինի վարքագիծին կը ներառուին ծովեզերեայ Սուրիան, զայն դարպասող շրջաններն ու ռազմավարական այլ կէտեր վերահսկողութեան տակ առնելու զինուորական քայլերը. մինչ...

Քոչարեանը Կը Սխալի  Եւ Ինքզինք Կը Հակասէ

Քոչարեանը Կը Սխալի Եւ Ինքզինք Կը Հակասէ

Սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ «այո»-ի արշաւին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մասին Դաշնակցութեան տեսակէտներուն ծանօթանալու եւ կուսակցութեան դիրքորոշումներու եւ կեցուածքներու վրայ լոյս սփռելու նպատակով «Առաջին լրատուական»-ը զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին լրագրողը դիտել տուած է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի քաղաքական յենարանը եղած է, իսկ Քոչարեան այժմ դէմ է սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ...

Վենետիկի Յանձնաժողովը Միաձայնութեամբ  Հաստատած Է Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու  Նախագիծին Վերաբերող Եզրակացութիւնները

Վենետիկի Յանձնաժողովը Միաձայնութեամբ Հաստատած Է Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Նախագիծին Վերաբերող Եզրակացութիւնները

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան 23 հոկտեմբերին մասնակցած է Եւրոպական խորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նիստին, որուն ընթացքին հաստատուած են Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի 1-էն 7 եւ 10 գլուխներուն վերաբերեալ նախնական եզրակացութիւնը, 8, 9 եւ 11-էն 16 գլուխներուն վերաբերեալ երկրորդ նախնական եզրակացութիւնը, որոնք պատրաստուած էին յանձնաժողովի անդամներուն նկատառումներուն հիման վրայ: Անդրադառնալով Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներուն` Վենետիկի...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի  Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ`  Լիբանանահայ 100 Մանուկներ Մկրտուեցան

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ` Լիբանանահայ 100 Մանուկներ Մկրտուեցան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 25 հոկտեմբերին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Լիբանանի թեմի եկեղեցիներուն մէջ` Ս. Աստուածածին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Սարգիս, Ս. Նշան, Ս. Յարութիւն (Ռըմէյլ), Ս. Յարութիւն (Ժունիէ), Սրբոց Վարդանանց, Ս. Գէորգ, Ս. Յովհաննու Կարապետ եւ Ս. Յակոբ, տեղի ունեցաւ 100 մանուկներու մկրտութիւն` սրբալոյս նոր միւռոնով: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետը ստանձնած էր կնքահօր պաշտօնը, իսկ տիկնանց յանձնախումբի...

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութիւն.  «Քրիստոնեային Համար Քրիստոսն Ու  Իր Խաչափայտը Կը Մնան Կեանքի  Մեծութիւն Եւ Առաջնորդութիւն»  Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն. «Քրիստոնեային Համար Քրիստոսն Ու Իր Խաչափայտը Կը Մնան Կեանքի Մեծութիւն Եւ Առաջնորդութիւն» Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Շաբաթավերջը կը զուգադիպէր Գիւտ Խաչի տօնին, որ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն է: Առ այդ, այս առիթին նուիրուած տօնախմբութիւնը սկսաւ շաբաթ, 24 հոկտեմբերի առաւօտեան` ոչխարներու զենումով, որուն յաջորդեց եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանի աղօթքը, ապա մատաղի պատրաստութիւնը` որ տեւեց մինչեւ երեկոյ: Տօնախմբութեան ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, շաբաթ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի...

Յիշատակի Հանդիսութիւն` Գաղափարի Մարտիկ  Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման  Եւ Նահատակութեան 30-Ամեակին Առիթով

Յիշատակի Հանդիսութիւն` Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Եւ Նահատակութեան 30-Ամեակին Առիթով

Երէկ երեսուն տարի առաջ անարգօրէն առեւանգուած եւ նահատակուած` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ,  գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակի հանդիսութիւնն էր: Բեմէն նահատակ ընկերոջ խօսքն ու շունչը կը պատգամէին հանդիսատեսին. «Թօթափել մեր եսակեդրոն անհատապաշտութիւնը եւ փոխարէնը զարգացնել հաւաքական մեր գիտակցութեան ու գործունէութեան կամքը, ազգային միութեան եւ համազգային իտէալներու կենսագործման ի խնդիր հաւաքական մեր պայքարը»: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ`...

Սահմանադրութեան Փոփոխութիւնները  Լաւ Ճամբայ Են Հայաստանին Համար. Մարդու  Իրաւունքներու Պաշտպան Հիմնարկի Գլխաւոր Քարտուղար

Սահմանադրութեան Փոփոխութիւնները Լաւ Ճամբայ Են Հայաստանին Համար. Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Հիմնարկի Գլխաւոր Քարտուղար

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հիմնարկի ընդհանուր քարտուղար Եոզեֆ Զիքելէն, որ Հայաստան հասած է «Մարդու իրաւունքները Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ» նիւթով խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու  վարչութենէն կը յայտնեն, թէ նախագահը ողջունած է հիւրը եւ ընդգծած, որ Հայաստանի մէջ կարեւոր կը նկատեն ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, իրաւունքի գերակայութեան...

Սահակեան Վենետիկի Յանձնաժողովին  Խօսեցաւ Սահմանադրութեան  Փոփոխութիւններուն Մասին

Սահակեան Վենետիկի Յանձնաժողովին Խօսեցաւ Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն Մասին

Ազգային ժողովի նախագահը վստահեցուց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ինչ պիտի կատարեն 6 դեկտեմբերի հանրաքուէն պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու համար: Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան երէկ Վենետիկի մէջ մասնակցած է «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նիստին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած է` ներկայացնելով Հայաստանի մէջ սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն ընթացքը: «Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական բարեփոխումներու այժմու հոլովոյթը, որուն սկիզբը դրուեցաւ 2013-ին, ձեր իսկ աջակցութեամբ...

«Այսօր Մեծ Իրագործում Մըն Է  Նաեւ Հայաստանի Տարողութեամբ,  Որ «Ազդակ» Ոչ Միայն Տպագիր Թերթ Ունի,  Այլ Նաեւ Տարածման Բոլոր Միջոցներով Զայն  Կը Հասցնէ Աշխարհի Բոլոր Կողմերը»  Ըսաւ Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան

«Այսօր Մեծ Իրագործում Մըն Է Նաեւ Հայաստանի Տարողութեամբ, Որ «Ազդակ» Ոչ Միայն Տպագիր Թերթ Ունի, Այլ Նաեւ Տարածման Բոլոր Միջոցներով Զայն Կը Հասցնէ Աշխարհի Բոլոր Կողմերը» Ըսաւ Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան

Երէկ` ուրբաթ, 23 հոկտեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախկին նախագահ փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հաստատման ու առաքելութեան մասին` փրոֆ. Արմէնեան յայտնեց, որ նշեալ համալսարանը իր գործունէութիւնը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման առաջին օրը` 2 ծրագիրով: Հետագային աւելցան նաեւ այլ ծրագիրներ, իսկ այսօր...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Վարչութիւնը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Վարչութիւնը

Ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան վարչութիւնը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին հաստատութեան Նիւ Եորքի կեդրոնական գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Իրինա Լազարեան եւ Լիբանանի «Գարակէօզեան» կեդրոնի տնօրէն Սերոբ Օհանեան: «Գարակէօզեան» հաստատութեան պատասխանատուները եկած էին վեհափառ հայրապետին իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու հաստատութեան տարած գործունէութեան նկատմամբ անոր գնահատանքին ու զօրակցութեան համար: Հանդիպումին ընթացքին անոնք տեղեակ պահեցին...

Փրոֆ. Յարութ Արմենեան Այցելեց «Ազդակ»

Փրոֆ. Յարութ Արմենեան Այցելեց «Ազդակ»

Այս առտու «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց հասարակական առողջապահութեան մարզին մէջ հեղինակաւոր անուն , Երեւանի ամերիկեան համալսարանի կայացման մէջ մեծ աւանդ ունեցած փրոֆ. Յարութ Արմենեան։ Փրոֆ. Արմենեան տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ եւ զրուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան ոլորտին, գիւղական շրջաններու զարգացման եւ հասարակական առողջապահութեան համաշխարհային խնդիրներուն մասին։ Օգտուելով փրոֆ. Արմենեանի այցելութենէն, «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ։ Հարցազրոյցը յաառջիկայ...

Page 737 of 795 1 … 736 737 738 … 795

Արխիւներ