Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

Դեկտեմբեր 19, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

zom2_121815

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան ուսանողական գրասենեակը կազմակերպած էր հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 18 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին երկրորդական վարժարաններու տնօրէններ, հրաւիրեալներ, ծնողներ եւ աշակերտներ:

Սեպուհ Տօնիկեան
Սեպուհ Տօնիկեան

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սեպուհ Տօնիկեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս այսօրուան աշխարհին մէջ ուսումը դադրած է ըլլալ անձնական բարօրութեան միջոց եւ եղած է զէնք մը մարդուն ձեռքը` ընկերութեան յառաջխաղացքը ապահովելու եւ մարդկային արժէքները վառ պահելու համար: Ան ըսաւ, թէ ամէն ուսանող պարտաւոր է իր ներդրումը ունենալ իր ապրած միջավայրի բարելաւման մէջ, ապա հաստատեց, որ հանդիսութիւնը նաեւ առիթ է վերյիշելու հայ դպրոցին դերակատարութիւնը աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւններուն մէջ: Ան յայտնեց, որ այս տարի պիտի պարգեւատրուին նաեւ այն աշակերտները, որոնք հայերէնագիտական նիւթերուն մէջ բարձրագոյն միջին ապահոված են:

zom1_121815Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Մինաս Ադամեան, որ մեկնաբանեց փունջ մը երգեր` դաշնակի նուագակցութեամբ Արի Վարդանեանի:

Դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան
Դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան

Օրուան պատգամախօսն էր դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ շրջապատը այն կարեւոր ազդակներէն մէկն է, որ կը նպաստէ առողջ ու յաջող կեանք ունենալու: Ապա նկատել տուաւ, որ հայ աշակերտին յաջողութիւնը արդիւնք է ազգային քաղաքականութեան մը, որ առաջնահերթ նկատած է հայ դպրոց հիմնել եւ սերունդները հայ պահել:

 

Ան հաստատեց, որ հայ աշակերտին յաջողութիւնը անհատական յաջողութիւն չէ, այլ զայն կը պարտի ազգային հաւաքականութեան, մանաւանդ ազգային քաղաքականութեան հետեւող եւ հաւատացող ազգային կառոյցներուն:

Ապա խօսելով հայ դպրոցի դերակատարութեան մասին` Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան ըսաւ, որ հայ դպրոցը այն օճախն է, ուր կը կազմուի հայ աշակերտին ինքնութիւնը, ուր հայեցի դաստիարակութիւնը մաս կը կազմէ անոր առօրեային, որուն ընդմէջէն հայ մանուկը կը ճանչնայ ինքզինք եւ կը ճանչնայ իր հաւաքականութիւնը: Ան նշեց. «Եթէ մարդ ինքզինք պիտի կատարելագործէ, պէտք է իր ինքնութեան հետ հաշտուած ըլլայ, պէտք է ընդունած ըլլայ իր ինքնութիւնը եւ հպարտ զգայ իր ինքնութեամբ»: Իսկ խօսքը ուղղելով ուսանողներուն ան ըսաւ.  «Փայլուն արդիւնքները կը վկայեն ձեր յաջողութիւնը. վստահ ենք, որ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք նաեւ ապագային:

Դուք ծանօթ էք ձեր հաւաքականութեան, հպարտ էք ձեր ինքնութեամբ, վստահ ենք, որ դուք անտարբեր պիտի չգտնուիք ձեր հաւաքականութեան հանդէպ, որովհետեւ անտարբերութիւնը մեծ սպառնալիք է մարդու կեանքին: Յաջողութեան երթը շարունակելու համար պէտք է անտարբեր չըլլաք ձեր գործերուն, հաւաքականութիւնը յուզող հարցերուն եւ մանաւանդ հայ դպրոցին նկատմամբ»:

Իր խօսքի աւարտին պատգամախօսը յայտնեց իր շնորհաւորութիւնները նախ ԶՈՄ-ին` նախաձեռնութեան առիթով եւ ընդհանրապէս անոր տարած գործունէութեան համար: Ապա` հայ դպրոցին, որ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են հայ դպրոցին: Եւ վերջապէս, ան շնորհաւորեց պարգեւատրուած ուսանողները եւ ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք ձեզմով: Կը հաւատանք եւ կը վստահինք ձեզի: Գիտենք, որ ձեր աշխատանքով նորանոր յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ հայ հաւաքականութիւնը»:

Հանդիսութեան աւարտին պարգեւատրուեցան 12 հայկական երկրորդական վարժարաններէ 41 աշակերտներ, որոնք յաջորդաբար բեմ բարձրացան ու ստացան իրենց պարգեւները:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ընկերային Յանձնախումբի Կազմակերպած Փոքրիկներու Յատուկ Ամանորի Ձեռնարկ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-ի Ամանորի Բացառիկը Կը Հովանաւորեն Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?