Հայաստանն ու Յունաստանը կը դատապարտեն Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին աջակցութիւնն ու ռուսական օդանաւը վար առնելու քայլը:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանայոթիս Քամմենոս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին անդրադարձաւ շրջանային անվտանգութեան հարցին: «Մենք ունինք դրացիներ, որոնք կ՛աջակցին ՏԱՀԵՇ-ին: Մենք կը դատապարտենք մեր ռազմավարական գործընկերոջ դէմ ուղղուած Թուրքիոյ գործողութիւնները: Մենք կը կարծենք, թէ Թուրքիոյ ընդյատակեայ գործունէութիւնը թոյլ չի տար իրականացնել միջազգային ահաբեկչութեան դէմ ճշդուած ծրագիրները»: ըսած է նախարար Սէյրան Օհանեան` աւելցնելով, որ Թուրքիա շատ յաճախ կը խախտէ Յունաստանի հետ օդային սահմանը, եղած են նաեւ Հայաստանի սահմանը խախտելու փորձեր, եւ յիշեալ երկու պետութիւնները հանդուրժողականութիւն ցուցաբերած են այդ քայլերուն նկատմամբ, հետեւաբար Թուրքիան ալ հանդուրժողականութիւն պէտք է ցուցաբերէր, յատկապէս երբ ռուսական պատերազմական օդանաւը Թուրքիոյ օդային սահմանը չէր անցած:
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը եւս դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ին աջակցելու Թուրքիոյ քայլերը` շեշտելով, որ Թուրքիան չկրցաւ ապացուցել, որ ռուսական օդանաւը հատած է թրքական պետական օդային սահմանը: