Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 125-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

December 21, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_9978

Շաբաթ, 19 դեկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 125-ամեակին առիթով: Պարահանդէսին ներկայ գտնուեցան 750 հայորդիներ: Պարահանդէսին բացումը կատարեցին օրուան թամատաներ Արմիկ Տիւքէնճեան եւ Հրակ Աւետանեան:

IMG_9541IMG_9564ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Յարութ Լափաճեան, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ ԼԵՄ-ի գործելակերպը եւ կարեւորութիւնը 125-ամեայ կուսակցութեան պատմութեան մէջ Երիտասարդական միութեան հիմնադրութեան օրէն մինչեւ օրս:

Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ երգիչ Յակոբ Մկրտիչեան, որ մթնոլորտը ճոխացուց ծանօթ ճոխ ու սիրային երգերով,  ներկաները հայկական շուրջպարերով մասնակցեցան անոր երգեցողութեան:

Վիճակահանութեան վաճառքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան, որուն երգերուն ընկերացաւ ներկայ երիտասարդութիւնը: Յեղափոխական երգերու առաջին բաժինի աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան արդիւնքներու յայտարարութիւնը: Վիճակահանութեան նուէրներն էին` դէպի Կիպրոս օդանաւային տոմս (երթուդարձ), դէպի Հայաստան օդանաւային տոմս (երթուդարձ), 4 հոգինոց ընթրիք` «Պիպլոս փալաս» ճաշարանին մէջ եւ ԼԵՄ-ի զինանշանը կրող ոսկեայ շղթայ մը:

Վիճակահանութեան արդիւնքներու յայտարարութենէն ետք անգամ մը եւս բեմ հրաւիրուեցաւ  Գառնիկ Սարգիսեան, որ աւելի եւս խանդավառելով մթնոլորտը իր յեղափոխաշունչ երգերով, ճաշկերոյթը փակեց «Արիւնոտ դրօշ» երգին երգեցողութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

«Պէյրութ Չենց» Փառատօն. Համազգայինի «Կարկաչ» Երգչախումբը Ներկայացուց Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Աւանդական Երգեր

Յաջորդը

Եթովպիոյ Մէջ Սովահարներուն Թիւը Գերազանցած Է 8 Միլիոնը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկրորդ Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկրորդ Ուղղութիւնը

March 7, 2026
Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը  Անմիջականօրէն Դադրեցնելու  Շատ Յոյսեր Չկան»
Գաղութային

Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը Անմիջականօրէն Դադրեցնելու Շատ Յոյսեր Չկան»

March 7, 2026
Նշելով, Թէ Հարուածները Պիտի Դադրին, Երբ Ինք Որոշէ.  Թրամփ. «Առանց Պայմանի Անձնատուութենէն  Բացի Իրանի Հետ Որեւէ Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Նշելով, Թէ Հարուածները Պիտի Դադրին, Երբ Ինք Որոշէ. Թրամփ. «Առանց Պայմանի Անձնատուութենէն Բացի Իրանի Հետ Որեւէ Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.