Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախ Ֆոնտ»-ին Կազմակերպութեամբ. Արցախեան Տօնավաճառի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Դեկտեմբեր 18, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

dona-1_121715

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Արցախ Ֆոնտ»-ին, երէկ` հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Արցախեան տօնավաճառ» ցուցահանդէս-վաճառքին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Մահսէրէճեան:

Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ըսաւ, որ հերոսներու թափած արիւնով նուիրականացած հայրենի գողտրիկ Արցախը աշխարհագրական հեռաւորութիւնը երբեք զգացնել չի տար սփիւռքի ափերուն հասակ նետած հայորդիին: Ան նաեւ նշեց, որ լիբանանահայութիւնը արցախեան շարժման առաջին իսկ օրէն գոյապայքարի զոհասեղանին նուիրաբերած է իր լաւագոյն որդիներէն երկուքը: Ապա հաստատեց, որ Արցախը միշտ ալ կարիքը ունի սփիւռքահայութեան նեցուկին, եւ պէտք է ամէն հայ շարունակէ նոյն գիտակցութեամբ ու նուիրումով իր գործնական զօրակցութիւնը Արցախին:

Մարալ Մահսէրէճեան անդրադարձաւ «Արցախ Ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն, ինչպէս`«Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրը, որ նպատակ ունի աշխուժացնել ազատագրուած տարածքներուն վրայ վերաբնակեցումը, Արցախեան մշակոյթի օրերը, «Գոյք Արցախի դպրոցներուն» ծրագիրը, «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարը, որուն ամէն տարի կը մասնակցին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ եւ նաեւ «Կիներու համագործակցականը», որ կը քաջալերէ անձնական նախաձեռնութիւնները:

Ան աւարտեց իր խօսքը նշելով. «Պէտք է քաջալերել տօնավաճառը, ուր կը ցուցադրուին արցախցի գեղանկարիչներու արուեստը, Կովսականի տիկիններուն ձեռային աշխատանքը, Արցախի նշանաւոր մեղրն ու այլ արտադրանքներ, որովհետեւ այս տօնավաճառով մեր ներկայութիւնը հաստատած կ՛ըլլանք արցախեան շարունակուող պայքարին մէջ»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ հօր, ինչպէս նաեւ «Արցախի Ֆոնտ»-ին օժանդակ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք կարգաւորած են Արցախէն հասած արտադրութիւնները:

dona-2_121715

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, թէ տօնավաճառին ճամբով կը հաստատուի, որ սփիւռքի գաղութները եւ մասնաւորաբար Լիբանանը ինքնանպատակ չի գործեր: Լիբանանը հայրենիքին կողքին եղած է հինէն ի վեր ու միշտ ալ կը մնայ:

Առաջնորդ հայրը յայտնեց, թէ հայրենիքին հետ ըլլալու շատ միջոցներ կան, բայց կարեւորը գիտակցութիւնն է:

Ան ըսաւ, թէ հայրենական հողին վրայ սերունդները հայօրէն ապրեցան ու վարեցին:

Ան եզրափակեց իր խօսքը նշելով. «Նոր տարուան սեմին հայրենիքին եւ Արցախին կը ցանկանք ամենայն բարիք, յարատեւ աշխատանք ու տոկուն կեանք: Ամէնուրեք երազները լքելով անորոշութեան զոհ չերթանք: Հաւաքական իտէալներ կառուցող հաւաքականութիւնը պահենք առողջ ու խաղաղ»:

Ցուցահանդէսի ընթացքին պատանիներ տուտուկով, շուիով ու կիթառով ալ աւելի գեղեցկացուցին սրահին մէջ տիրած հայկական ջերմիկ մթնոլորտը:

Ցուցահանդէս-վաճառքը կ՛ընդգրկէր արցախեան ձեռագործներ, գեղանկարներու եւ արտադրութիւններու վաճառք:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն 9:00, շաբաթ, 19 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Ցուցահանդէսին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի «Արցախ Ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Նաժաֆի Շիի Կրօնապետը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Փառաշուք Տօնակատարութեամբ Նշուեցաւ ՀՅԴ 125-Ամեակը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?