Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 125-Ամեակի Տօնակատարութիւն Արցախի Մէջ

Դեկտեմբեր 21, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

FotorCreated72

19 դեկտեմբերին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցին կողմէ կազմակերպուած ՀՅԴ 125-ամեակի հանդիսաւոր ձեռնարկը:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի  փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Արցախի քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնեաներ, կուսակցական ընկերներ եւ հիւրեր:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով: Այնուհետեւ մէկ վայրկեան  լռութեամբ ներկաները յարգեցին արցախեան պատերազմին եւ Արցախի սահմանի պաշտպանութեան համար նահատակուած բոլոր զինուորներուն յիշատակը:

10563452_1507067056256613_1811629573_n (1)Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, որ ըսաւ. «ՀՅԴ 125-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ կը շարունակուի: Տօնակատարութիւնները  ամէն տեղ նոյն բովանդակութեամբ են: Նոյնն են ՀՅԴ-ի անցած ուղիին գնահատականները, նաեւ անոր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու անոնց լուծման ուղիները, բայց կարեւոր ընդհանրութիւնն ու նոյնութիւնը այն է, որ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ եւ ապակեդրոն կառոյցին համար կայ մէկ կէտ, որ Հայաստանն է ու հայ ժողովուրդը: Կայ մէկ անփոփոխ կարգախօս` ամէն ինչ յանուն Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին», նշեց Դ. Իշխանեան:

ՀՅԴ 125-ամեակին առիթով շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Աշոտ Ղուլեան: Ան արժեւորեց ՀՅ Դաշնակցութեան 125 տարիներու հայանպաստ գործունէութիւնը եւ նշեց, որ այսօր ալ կուսակցութիւնը կը շարունակէ իր նոյն ուղին. «Այսօր ալ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը մեր ազդեցիկ ու ամէնէն կազմակերպուած ուժերէն մէկն է: ՀՅ Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը Արցախի պետական կեանքին մէջ  միշտ ալ նկատելի եղած է: Երկրի խորհրդարանին մէջ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան հետ համագործակցութիւնը նախորդ տարիներուն ալ արդիւնաւէտ եղած է, եւ վստահ ենք` այդ մթնոլորտը թոյլ պիտի տայ լուծումներ գտնելու բազմաթիւ հրատապ հարցերու  համար: Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ մեր կուսակցութեան անունով կը շնորհաւորենք ՀՅԴ 125-ամեակը` մաղթելով  քաղաքական ձեռքբերումներ` ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման», ըսաւ Աշոտ Ղուլեան:

Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեան, որ կարեւոր նկատեց Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը հայոց պատմութեան վճռորոշ ժամանակահատուածներուն մէջ եւ նշեց, որ անիկա պատուով կը կրէ «հայկական աւանդական կուսակցութիւն» տիտղոսը:

ARF-125_Artsakh4_122015ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան  ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց զանոնք ՀՅԴ 125-ամեակին առիթով եւ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միայն դաշնակցականներու կուսակցութիւնը չէ, ՀՅԴ-ն կազմակերպութիւն է, որ ելած է հայ ժողովուրդի ծոցէն, հայ ժողովուրդին պահանջով ձեւաւորուած եւ պիտի գոյատեւէ այնքան, քանի մեր ազգային խնդիրները չեն լուծուած:

«Հաւատքի եւ գործի համատեղումը եղած է Դաշնակցութեան սուրբ պարտականութիւնը եւ բոլոր այն դէպքերուն ընթացքին, երբ մենք յաջողած ենք, յաջողած ենք, որովհետեւ կրցած ենք միացնել մեր հաւատքն ու գործը: Այդ հաւատքի եւ գործի համատեղումն ու միաւորումն էր, որ ծնունդ տուաւ Դաշնակցութեան` հասկնալով, որ պէտք է հաւատալ սեփական ուժերուն: Հաւատքն ու գործը ապահովեցին անկախ Հայաստան, ազատագրուած Արցախ: Այսօր նոյն հաւատքն ու գործն են, որ մեր սահմանին վրայ կանգնած զինուորները կը պահեն», նշեց Ա. Ռուստամեան:

ARF-125_Artsakh2_122015

Ելոյթներուն յաջորդեց ՀՅԴ 125-ամեակին նուիրուած ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «ՀՅ Դաշնակցութիւնը 125 տարեկան է» խորագիրով ստեղծագործական աշխատանքներու մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային Այցելութեամբ Մեկնած Է Ռուսիա

Յաջորդը

Զինադադարի Խախտումներուն Պատճառով Նահատակ Մը Եւս. Նախարար Սէյրան Օհանեան Արցախ Այցելեց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?