Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Միացած Չէ ՀԱՔ-ի Ստորագրահաւաքին

December 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ardzvig_121815

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը Հայ ազգային քոնկրեսի` Սահմանադրական դատարանին մէջ հանրաքուէի արդիւնքները բողոքարկելու հիմնաւորումներուն ծանօթացած է եւ որոշած է չմիանալ այդ նպատակով նախաձեռնուած ստորագրահաւաքին:

Այս մասին News.am-ին հետ զրոյցին ընթացքին երէկ` 18 դեկտեմբերին ըսաւ դաշնակցական պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:

«Փաստաթուղթը ամբողջական չէ եւ նկատի առնուած չէ Սահմանադրական դատարան ներկայացուած ըլլալու նախկին փորձը` հակառակ անոր որ փաստաթուղթին մէջ բազմաթիւ լաւ շեշտադրումներով դրոյթներ կան, որոնք օգտակար պիտի ըլլան օրէնսգիրքը մշակելու համար: Փաստաթուղթը կը պարունակէ բազմաթիւ սխալներ` այդ շարքին  յանձնախումբերուն մէջ ՀՅԴ-ի վստահուած անձերու նկատմամբ անհիմն մեղադրանքներ կան, այդ պատճառով չենք կրնար միանալ: Օրինակ, նշուած է, որ 30/05 տեղմասին մէջ ՀՅԴ-ի վստահուած անձը վիրաւորած է դէտը, արգիլած է աշխատիլ, բայց մենք ստուգած ենք` նման բան եղած չէ, եւ այդ փաստաթուղթը, որ պիտի ներկայացուի դատարան եւ որուն մէջ ՀՅԴ վստահուած անձին նկատմամբ մեղադրանք ներկայացուած է, մենք չենք կրնար նման տեղեկատուութիւն յառաջ մղել», ըսաւ Մինասեան:

«Բազմաթիւ դրուագներով կան հիմնաւորումներ ներկայիս գործող օրէնսդրական գիրքի վերաբերեալ, տեղին վերլուծութիւններ կան, որոնք սակայն ոչ թէ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի արդիւնքները բողոքարկելու առումով կրնան ծառայել, այլ օրէնսդրական նոր գիրքը մշակելով լաւ փաստաթուղթ կրնայ դուրս գալ», ըսաւ Մինասեան:

Մինասեան ըսաւ, որ իր տպաւորութեամբ` փաստաթուղթին մէջ նշուած շատ ընտրախախտումներ հիմնաւորուած չեն:

«Գործող օրէնսդրութիւնը կը պահանջէ, որ այդ նկարագրուած բոլոր գործողութիւնները կամ անգործութիւնները համապատասխան փաստաթղթաւորուած ըլլան, որովհետեւ Սահմանադրական դատարանը իրաւունքի դատարան է, եւ պէտք է հաստատուած ապացոյցներ ընդունի, այլ բան, որ անոնց հետ կապուած, անոնց հետ համադրման շրջագիծին մէջ կրնան այլ մարմիններու դիմել` լրացուցիչ տեղեկատուութիւն ստանալու համար: Դիմումը պէտք է ըլլայ հիմնաւորուած: Եւ վերջինը, քանի օրէ ի վեր կ՛ըսենք` տուէք մանրամասն ծանօթանանք այդ փաստաթուղթին, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին փոխանցեցին, ամբողջութեամբ սերտելու առիթ չունեցանք», հիմնաւորեց Արծուիկ Մինասեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ամէն պարագայի տեսած չէ՞ ընտրախախտումներու մասին այնպիսի արձանագրութիւններ, որոնք ամբողջութեամբ հիմնաւորուած են ու կը փաստեն հանրաքուէին արդիւնքներուն կեղծուած ըլլալու մասին, Արծուիկ Մինասեան  ըսաւ. «Կան փաստեր, արձանագրուած խախտումներ, որոնք, այո՛, կ՛ապացուցեն առանձին դրուագներով խախտումները, բայց անոնք բաւարար չեն կրնար ըլլալ, որ արդիւնքները անվաւեր նկատուին: Մենք չենք կրնար միանալ», եզրափակեց դաշնակցական պատգամաւորը:

Յայտնենք, որ երէկ Սահմանադրական դատարանը մերժեց ընդունիլ ՀԱՔ-ի նախաձեռնած ստորագրահաւաքը: 27 պատգամաւորներու փոխարէն ստորագրահաւաքին միացած էին 18 պատգամաւորներ:

 

 

Նախորդը

Առաջին Անգամ Ըլլալով. Լիպիական Իշխանութիւնը Կը Խոստանայ Նպաստել Իմամ Սատրի Հարցի Ծալքերու Բացայայտման

Յաջորդը

Շաւարշ Քոչարեան. «Պաքուն Կը Շիկացնէ Մթնոլորտը Թէ՛ Շփման Գիծին, Թէ՛ Դիւանագիտական Ճակատին Վրայ»

RelatedPosts

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները
Գաղութային

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները

March 10, 2026
Մոջթաբա Խամենէի Իրանի  Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի Իրանի Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ

March 10, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.