Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոյն Փոսին Վրայ Անընդհատ Սայթաքիլը Անիմաստ Է» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

December 16, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvan_121515

Հանրաքուէի արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին մէջ  վիճարկելու համար Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութիւնը Ազգային ժողովի պատգամաւորներու  շրջանակին մօտ ստորագրահաւաք սկսած է:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ արդեօք ՀՅԴ-ն պիտի միանայ այդ ստորագրահաւաքին, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսաւ, թէ իրենց ոեւէ մէկը բողոքի բովանդակութիւնը չէ ուղարկած, եթէ ուղարկուի ապա կը քննարկեն:

«Անձամբ իմ կարծիքս ըսեմ` ես շատ տրամադիր չեմ շարունակելու այն անպտուղ աշխատանքը, որ կը կատարէ Լեւոն Զուրապեան», ըսաւ ան:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ այդ աշխատանքը ինչո՞ւ անպտուղ է, Աղուան Վարդանեան պատասխանեց. «Նոյն փոսին վրայ անընդհատ սայթաքիլը անիմաստ է: Բազմաթիւ անգամներ ըսած ենք` այսօրուան ընտրական համակարգի խնդիրները մենք բոլորէն լաւ  գիտենք: Մենք կ՛ըսենք, որ մեր ամբողջ հարցը ընտրական համակարգն է, որ կարելիութիւն չի տար արձանագրելու, փաստարկելու եւ հիմնաւորելու ընտրական խախտումներու այն ծաւալը, որ կարենաս ապացուցել, որ ատիկա ազդած է ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Մենք կ՛ըսենք` եկէք այս համակարգը փոխենք, ոչ ըսողները կ՛ըսեն` եկէք այս համակարգը պահենք: Թող պահեն»:

Լրագրողները հետաքրքրուեցան, թէ ինչպէ՞ս կարելի է մեկնաբանել հանրաքուէի մասին Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան յայտարարութիւնը, որ խիստ բովանդակութիւն ունի:

«Վերջին օրերուն եղած բոլոր յայտարարութիւնները կը բովանդակէին այդ խստութիւնը, եւ հիմնական պահանջը արժանահաւատ հաղորդումները համակողմանիօրէն քննելն է: Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ, իսկապէս, այդ խախտումները համակողմանի քննութեան պէտք է ենթարկուին, իսկ մեղաւորները` պատժուին, այլապէս մենք անընդհատ նոյն վիճակին մէջ կը գտնուինք», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

 

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնները Ապակառուցողական Են»

Յաջորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Ազրպէյճանական Սուտերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.