18 յունուարին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, տագնապի լուծման հեռանկարներուն:
Եւրոպական Միութեան խորհուրդը նախագահող Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Պերթ Քոենտերս ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը Եւրոպական Միութեան առաջնահերթութիւններէն է` նշելով, որ սթաթիւս քոյի պահպանումը անընդունելի է:
Նախարար Քոենտերս դիտել տուած է, որ քննարկուած է նաեւ սահմանային դէպքերու վերահսկման մեքանիզմներու հարցը` նշելով, որ շփման գիծին մէջ եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ իրավիճակը իսկապէս մտահոգիչ է:
Եւրոպական Միութիւնը կրկին կոչ ուղղած է զսպուածութեան` վերահաստատելով իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է` շարունակելու երկխօսութիւնը, նաեւ` նախագահներու մակարդակով:
Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը` աջակցելու խաղաղ հոլովոյթի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ օգնութիւն ցուցաբերելու տագնապէն տուժած շրջաններու վերականգնման եւ վերակառուցման` խաղաղութեան համաձայնագիրի ձեռքբերումէն ետք:
Նիստին ընթացքին արտասանած իր խօսքով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան համառօտ կերպով ներկայացուցած է Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումները, նախորդ տարեվերջին տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին արդիւնքները:
Ան ըսած է, որ նախորդ տարի Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումները մեծապէս աւելցած են, օգտագործուած են ծանր զէնքեր, որոնց պատճառով մեծ թիւով զոհեր արձանագրուած են:
Նալբանդեան դիտել տուած է, թէ Մինսքի խմբակի համանախագահները հասցէագրուած կոչեր ուղղած են Ազրպէյճանին` կոչ ուղղելով զսպուածութիւն ցուցաբերելու, յարգելու զինադադարի համաձայնագիրը, տագնապի խաղաղ լուծման յանձնառութիւնները, չխոչընդոտելու բանակցային հոլովոյթը, համաձայնելու շփման գիծին մէջ եւ սահմանին վրայ զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման:
Ան վստահեցուցած է, որ Հայաստան Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ պիտի շարունակէ միացեալ ջանքերը` ղարաբաղեան տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու:
Խօսելով Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մասին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է. «2015-ը առանձնայատուկ տարի էր Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան համար: Մենք ականատես եղանք բարձր մակարդակի այցելութիւններու եւ կառուցողական երկխօսութեան», դիտել տուած է նախարարը` շնորհակալութիւն յայտնելով Եւրոպական Միութեան` Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուող օժանդակութեան համար, մանաւանդ որ ատիկա մեծ դեր խաղացած է բարեփոխումներու իրականացման ճամբուն վրայ: Ան ըսած է, որ Հայաստան հաստատակամ է` խորացնելու համագործակցութիւնը Միութեան հետ տարբեր մարզերու մէջ ու ուղղութիւններով` հիմնուելով վերջին տարիներու ձեռքբերումներուն վրայ եւ հաշուի առնելով Հայաստանի պարտաւորութիւնները այլ միջազգային, համարկման ձեւաչափերուն մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանին, միութեան երկիրներուն` Ցեղասպանութեան հարցին մէջ սկզբունքային մօտեցման համար, տեղեկացուցած է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման վերաբերող միջազգային հանրութեան ջանքերուն մէջ Հայաստանի աշխուժ ներգրաւուածութեան մասին:
Կողմերը ողջունած են սկիզբը Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր համաձայնագիրի բանակցութիւններուն, որոնք սկիզբ առին նախորդ տարի: Նալբանդեան համոզում յայտնած է այն մասին, որ նոր համաձայնագիրը փոխշահաւէտ համագործակցութեան համար նոր ուղենիշներ պիտի սահմանէ:
Կողմերը վերահաստատած են իրենց միասնական յանձնառութիւնը` ամրապնդելու եւ խորացնելու համագործակցութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ, այն, ինչ որ կարելի է համատեղել Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան պարտաւորութիւններուն հետ:
Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համագործակցութեան խորհուրդի նիստին մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Հայաստանի բարեփոխումներուն, որոնց կարգին` այցեգիրի համակարգը դիւրացնելու համաձայնագիրը իրականացնելու ուղղութեամբ, եւ Հայաստանին կոչ ուղղած է` լաւագոյնս օգտագործելու Եւրոպական Միութեան կողմէ 2014-2017 թուականներուն տրամադրուող 140-170 միլիոն եւրոն` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով մասնաւոր հատուածի զարգացումին, հանրային կառավարման բարեփոխումներուն եւ արդարադատութեան մարզի բարեփոխումներուն: