
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ Փորթուգալի կառավարութիւնը` դեսպան Մարիօ Կոտինիօ տէ Մաթոսի միջոցով, Սամուէլ Սամուէլեանը պատուոյ հիւպատոս նշանակած է Հայաստանի մէջ: Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շնորհաւորէ Սամուէլեանը իր նշանակումին առիթով եւ յաջողութիւն կը մաղթէ իր պաշտօնավարութեան մէջ:


