Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւն . Ժահժահ. «Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը Կ՛որդեգրէ Զօր. Աունի Թեկնածութիւնը»

Յունուար 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրենժիէ. «Կը Մնամ Նախագահական
Ընտրութեան Թեկնածու»

Geagea_Aoun1_011816

Լիբանանցիներուն համար երազ նկատուող պահը երէկ դարձաւ իրական, երբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ կատարուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պաշտօնապէս կ՛որդեգրէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:

Ոմանց կողմէ պատմական եւ այլոց կողմէ գերիրապաշտ որակուած այս կեցուածքը որդեգրուեցաւ ներկայութեամբ զօր. Աունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, մեծ թիւով երեսփոխաններու եւ կուսակցական պատասխանատուներու:

Geagea_Aoun4_011816

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը երկար քննարկումներէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք որոշած է որդեգրել զօր. Աունի թեկնածութիւնը:

«Մենք նախագահական ընտրութեան առաջին վայրկեանէն իսկ յանձնառու էինք կատարելու այդ ընտրութիւնը, սակայն նկատի ունենալով, որ նախագահական աթոռը երկար ատենէ ի վեր թափուր վիճակի մէջ կը գտնուի, անհրաժեշտ նկատեցինք կատարել փրկարար արտակարգ աշխատանք մը, երբ ոչ ոք կը յանդգնէր նման քայլի դիմել», ըսաւ ան:

Ժահժահ աւելցուց, որ զօր. Աունի թեկնածութիւնը որդեգրելու համոզիչ պատճառներէն մէկն էր նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ արձանագրուած մերձեցումը, որ նախապէս պսակուեցաւ փոխադարձ նպատակներու յայտարարութեամբ:

Geagea_Aoun5_011816

«Այդ յայտարարութեան մէջ երկու կողմերը յանձնառութիւն յայտնած են հսկելու Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, Թաէֆի համաձայնագիրին, երկրին սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքին, շրջանային եւ միջազգային առումով գերիշխանական սկզբունքներու որդեգրումին, օրէնքի միջոցով հարցերու լուծման` առանց զէնքի ուժին դիմելու, լիբանանեան բանակին նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան, Լիբանանի ամբողջ տարածքին բանեցնելու լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը, Լիբանանի նկատմամբ յարգանք պարտադրող արտաքին քաղաքականութեան նախանձախնդրութեան, բոլոր երկիրներուն, յատկապէս արաբական երկիրներուն հետ լաւ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու, Իսրայէլը թշնամի պետութիւն նկատելու եւ անշեղ մնալու պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը պահանջելէ, միջազգային օրէնքներն ու ՄԱԿ-ի բանաձեւերը յարգելու, ազգային երկխօսութեան նիստին որոշումները գործադրելու եւ իսկական հաւասարութիւն ու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակելու:

Ժահժահ կոչ ուղղեց նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ անկախ երեսփոխաններուն` որդեգրելու զօր. Աունի թեկնածութիւնը:

Զօր. Աուն իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանեան ուժերուն, որոնք զօրակցեցան իր թեկնածութեան` շեշտելով, որ Ժահժահի նշած կէտերը իրենց խղճին մէջ կը գտնուին: «Մենք այս սկզբունքներուն համար պայքարած ենք եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք, որ Լիբանան դառնայ օրինակելի երկիր մը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը հեզասահ ընթանայ` շեշտելով, որ իրենք ոչ ոքի նկատմամբ ոխակալութեամբ պիտի վարուին` մաղթելով, որ նուազագոյնը անգամուան մը համար կարելի ըլլայ համախոհութիւն գոյացնել:

Ան շեշտեց նաեւ, որ անցեալի դէպքերը պէտք է մնան իրենց յիշողութեան մէջ` զանոնք չկրկնելու նպատակով, հաստատելով, որ ինք համոզուած է բազմազանութեամբ եւ զայն պահպանելու անհրաժեշտութեամբ:

Geagea_Aoun3_011816

Մամլոյ ասուլիսէն ետք Ազգային ազատ հոսանքին ու Լիբանանեան ուժերուն ղեկավարութիւնները խմեցին իրենց համաձայնութեան կենացը, որ ներկայացուեցաւ իբրեւ միջմարոնիական համախոհութիւն, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ, երբ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ուղղուեցաւ Պքերքէ եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ինք տակաւին կը շարունակէ մնալ նախագահական ընտրութեան թեկնածու: «Զիս տեսնել փափաքողը տանս հասցէն գիտէ», աւելցուց ան:

Զօր. Աունի թեկնածութիւնը որդեգրելու Լիբանանեան ուժերու պաշտօնական քայլին իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ կուսակցութեան գործադիր խորհուրդն ու Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը պիտի գումարեն նիստ մը` յարմար որոշում մը տալու նպատակով, մինչ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, Մուսթաքպալ հոսանքը, Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան մնացին լուռ:

Պէտք է նշել սակայն, որ ուշ երեկոյեան Ժահժահ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Պքերքէի Մէջ

rayi_aoun_011816Նշենք, որ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին Պքերքէն վերածուեցաւ քաղաքական անձնաւորութիւններու այցելութեան հիմնական կեդրոնին` ստանալու համար մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր հետ քննարկելու նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները:

Այս շրջագիծին մէջ, նախքան Մեհրապ իր մեկնումը, զօր. Աուն այցելեց Պքերքէ:

Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յոյս յայտնեց, որ իր եւ Ժահժահի միջեւ համաձայնութիւնը ըլլայ երկրին իրավիճակը բարդացնող թնճուկներուն լուծման սկիզբը` աւելցնելով, որ ինք Ռայի պատրիարքին կ՛այցելէ, անոր փոխանցելու համար համաձայնութեան աւետիսը:

«Մենք կը խօսինք պատմական համախոհութեան մը մասին, որմէ ետք չենք գիտեր ի՛նչ կ՛ըլլայ», շեշտեց զօր. Աուն:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ այցելեց Պքերքէ, ուրկէ ան մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ Ֆուատ Սինիորա, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումէն ետք կոչ ուղղեց Պքերքէէն չաճապարելու նախագահական ընտրութեան վերաբերող կեցուածքներու որդեգրումին առումով եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ բոլորին հաւանութիւնը կը վայելէ` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահը երկրին միասնականութեան խորհրդանիշն է:

 

Նախորդը

Բաբայեան. «Հակառակորդը Ոչ Թէ Փոխուած Է, Այլ Պարզապէս Արժանի Հակահարուած Կը Ստանայ»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Երէկուան Մրցումներուն Արդիւնքները

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?