Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեմիրճեան. «Յոյսով Ենք` Դրական Լուրերով Կը Վերադառնան»

January 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

bedo_011716

«Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ ներառուած հակահայկական բանաձեւերու ընդունումը խափանելու դէմ լուրջ աշխատանքներ կը ծաւալին թէ՛ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամներուն, եւ թէ՛ Հայ դատի գրասենեակներուն, տարբեր երկիրներու մէջ հայ համայնքներուն եւ անհատներուն կողմէ», 168.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան:

Յիշեցնենք, որ 25 յունուարին կը սկսի Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանը, որուն օրակարգին վրայ ներառուած են երկու հակահայկական զեկուցումներ:

Պետօ Տեմիրճեան ըսաւ, որ այս պահուն գոհ են, որ ԵԽԽՎ հայաստանեան պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ` Պրիւքսէլի Հայ դատի գրասենեակը կ՛աշխատին այս բանաձեւերուն հաստատումը բեկանելու ուղղութեամբ: Ըստ անոր, այդ աշխատանքը պիտի շարունակուի մինչեւ քուէարկութեան վերջին վայրկեանը, քանի որ բեկանումի կարելիութիւնները կախեալ են կատարուող աշխատանքէն:

«Յոյսով ենք եւ կը մաղթենք, որ գոնէ կարելի ըլլայ խափանել այս բանաձեւերուն ընդունումը, որուն համար նաեւ մենք` իբրեւ Հայ դատի գրասենեակ, կ՛աշխատինք: Կրնամ ըսել, թէ մենք ի՛նչ ըրած ենք այդ ուղղութեամբ: Հայ դատի գրասենեակը ստորագրահաւաք կազմակերպած է ԵԽԽՎ-ի այս երկու բանաձեւերուն դէմ, որոնց միացած է առայժմ շուրջ 5 հազար անհատ, որոնք ԵԽԽՎ-էն կը պահանջեն չքուէարկել այս բանաձեւերուն օգտին, մեր ներկայացուցչութիւնները տարբեր երկիրներու մէջ այդ երկիրներու ԵԽԽՎ պատգամաւորներուն հետ հանդիպումներ կ՛ունենան եւ կը բացատրեն, թէ այս երկու բանաձեւերը ի՛նչ կը ներկայացնեն, եւ ինչո՛ւ պէտք է «դէմ» քուէարկել: Տեղեակ եմ նաեւ, որ եւրոպական երկիրներու շարք մը հայ համայնքներուն մէջ եւս կազմակերպութիւններ եւ անհատներ քայլերու կը ձեռնարկեն եւ ԵԽԽՎ պատուիրակներուն կը տեղեկացնեն, կը բացատրեն, թէ բանաձեւերը ուրկէ՛ են, եւ ինչո՛ւ պէտք չէ «կողմ» քուէարկել անոնց», տեղեկացուց Պետօ Տեմիրճեան:

Այնուամենայնիւ, անոր կարծիքով` բանաձեւերու ընդունումը բեկանելու լծակներուն մասին դժուար է խօսիլ: Անոր որակումով, դժուար իրավիճակի մէջ ենք, քանի որ քիչ կը պատահի, որ յանձնախումբերու մէջ ընդունուած բանաձեւերը չեն ընդունուիր լիագումար նիստերու ընթացքին: «Յանձնախումբերու մէջ բանաձեւի ընդունումը արդէն կը նշանակէ, որ կան պատգամաւորներ, որոնք կողմ պիտի քուէարկեն: Մենք նաեւ  նամակ ուղղած ենք բոլոր պատուիրակներուն եւ նշած ենք յատկապէս, թէ ո՛վ է Ռոպըրթ Ուոլթըրը, ի՛նչ կապեր ու ազրպէյճանամէտ կեցուածք ունի, որքա՛ն թրքամէտ կեցուածք ունի անոր կինը, Ուոլթերը ինչպէ՛ս Չաւուշօղլուէն Թուրքիոյ  քաղաքացիութիւն ստացած է, եւ ինչո՛ւ եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ գրուած են  բանաձեւերը:

Այսօր շատ փաստեր կան ԵԽԽՎ-ի պատուիրակներու սեղաններուն վրայ դրուած: Յուսանք, որ պատուիրակները այլեւս ճիշդ կերպով կողմնորոշուին եւ քուէարկեն: Մեր պատուիրակութիւնը եւս պէտք է օգտագործէ իր ունեցած լծակները` իբրեւ խորհրդարան եւ պատուիրակութիւն, իր խողովակներով հանդիպի, խօսի, բացատրէ, ներկայացնէ իրավիճակին էութիւնը: Վստահ եմ, որ բոլոր միջոցներուն մասին անոնք տեղեակ են եւ կը կատարեն», ըսաւ Պետօ Տեմիրճեան` տեղեկացնելով, որ Հայ դատի Պրիւքսէլի գրասենեակը եւս երկու ներկայացուցիչ պիտի ունենայ ԵԽԽՎ-ի մէջ`  քուէարկութեան օրը: «Յուսով ենք, որ անոնք մեզի համար դրական լուրերով կը  վերադառնան ԵԽԽՎ-էն», ըսաւ Տեմիրճեան:

 

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններուն Բնականոնացումը Դարձեալ Կապած Է Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Հետ

Յաջորդը

Հայաստան Կ՛ողջունէ Իրանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներու Վերացումը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.