Գլխաւոր լուրեր

«Իրաւ Անկախութիւնը Կարելի Է Կերտել,  Երբ Լիբանանցի Ղեկավարը Կը Սկսի Անկախօրէն Մտածել,  Առանց Այլոց Շահերը Նկատի Ունենալու»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Իրաւ Անկախութիւնը Կարելի Է Կերտել, Երբ Լիբանանցի Ղեկավարը Կը Սկսի Անկախօրէն Մտածել, Առանց Այլոց Շահերը Նկատի Ունենալու» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Լիբանանի անկախութեան 72-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հայկական լրատուութեան բաժանմունքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երկու տարի նախագահական թափուր աթոռ ունենալու իրականութիւնը լիբանանցիներուն շատ բան սորվեցուցած պէտք էր ըլլար, «սակայն ըստ երեւոյթին, լիբանանցիներուն սորվելու կարողութիւնը տկարացած է», ըսաւ ան: Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն է,...

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում.  Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Նորօծ  Երկու Եպիսկոպոս` Սարգիս Եպս. Դաւիթեան  Եւ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Նորօծ Երկու Եպիսկոպոս` Սարգիս Եպս. Դաւիթեան Եւ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2015-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն: Յընթացս սուրբ պատարագին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին ձեռամբ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան եւ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Ասատուրեան: Ձեռնադրութեան արարողութեան ներկայ էին պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա, Հայաստանի եւ Իրանի դեսպանները, նախարարներ, պետական, կառավարական...

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  80-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի 80-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 22 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 80-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Շահէ եպս. Փանոսեան Գառնիկ Մկրտիչեան Ժաք Ղազարեան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու մեկնաբանութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց...

Խմբագրական.  Քաղաքական Ծիածանի Երանգներու Նախադրեալներ  (Լիբանանի Անկախութեան Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Քաղաքական Ծիածանի Երանգներու Նախադրեալներ (Լիբանանի Անկախութեան Օրուան Առիթով)

Որեւէ երկրի անկախութեան նշումը անշուշտ շատ աւելին է, քան արարողութիւն կատարելը կամ աւանդութիւն յարգելը: Պետական, զինուորական թէ քաղաքացիական շրջանակներուն պահ մը կանգ առնելն է, ու խորհրդածելը երկրի գերիշխանութեան, սահմաններու անխորտակելիութեան, տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ու տակաւին, ազատ, ժողովրդավար, իրաւական հասարակարգի մը մէջ ապրելու անսակարկելի հրամայականին մասին: Արարողութիւնները, զինուորական շքերթները, անկախութիւն կերտած անձնաւորութիւններու կիսանդրիներուն առջեւ յարգանքի տուրք մատուցելը, ամբողջ երկիրը ոչ աշխատանքային...

Նախագահներ Սարգսեան Եւ Սահակեան  Այցելած Են Բանակի Զօրամասեր

Նախագահներ Սարգսեան Եւ Սահակեան Այցելած Են Բանակի Զօրամասեր

Հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 20 նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն եւ բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելած է պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասեր: Այցելութիւնը սկսած է բանակայիններուն մասնակցութեամբ «Մեխակաւան» զօրավարժարանին մէջ մարտական հրաձգութեամբ տեղի ունեցած գնդային մարտավարական...

«ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հայկական Պատուիրակութեան   Հիմնաւորումները Արդիւնք Չեն Տուած»  Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

«ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հայկական Պատուիրակութեան Հիմնաւորումները Արդիւնք Չեն Տուած» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան 20 նոյեմբերին` խօսելով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին հայաստանեան պատուիրակութեան գործունէութեան մասին` նշած է, որ կարելի չէ զայն մեղադրել, որովհետեւ անոր անդամներուն ներկայացուցած բազմաթիւ փաստերն ու հիմնաւորումները որեւէ արդիւնք չեն տուած: Ան դիտել տուած է, որ հակառակորդ կողմը բացայայտ հակաքարոզչութիւն կը կատարէ, իսկ Արցախի Հանրապետութիւնն ու ազատագրուած տարածքները ազրպէյճանական...

«Սահմանադրական Բարեփոխումները Անցնելու  Պարագային Իշխանութեան Իրական  Կրողը Ժողովուրդը Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

«Սահմանադրական Բարեփոխումները Անցնելու Պարագային Իշխանութեան Իրական Կրողը Ժողովուրդը Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Գործող սահմանադրութիւնը թերի է, շարք մը հարցերու լիարժէք լուծումներ չէ տուած. կարծիք յայտնեց ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան` սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի ծիրին մէջ հանդիպելով աշտարակցիներուն հետ: Ըստ անոր, գործող սահմանադրութիւնը կը բովանդակէ բազմաթիւ խոչընդոտներ, որոնք որեւէ ժամանակաշրջանի իշխանութիւն միշտ փորձած է ծառայեցնել ոչ թէ հասարակութեան, պետութեան, այլ այն խումբի շահերուն, որ իրեն բերած է իշխանութեան: Ուստի, ըստ Մինասեանի, կարեւոր է,...

Միասնականութիւնը, Համախոհութիւնը  Եւ Բանակը` Լիբանանի Անկախութիւնը Պահպանելու Երեք Սիւները

Միասնականութիւնը, Համախոհութիւնը Եւ Բանակը` Լիբանանի Անկախութիւնը Պահպանելու Երեք Սիւները

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Դարձեալ անկախութիւն է. դժբախտաբար այս պարագային ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, որ անկախութեան մթնոլորտ գոյութիւն չունի երկրին մէջ: Առաջին հերթին այն պատճառով, որ երկրորդ տարին ըլլալով չկայ անոր խորհրդանիշը` հանրապետութեան նախագահը, չկայի համազօր է կառավարութիւնը, իսկ խորհրդարանը մէկ տարուան դադարէ ետք, սկսած է ինքզինք գտնել եւ հրատապ հարցերը լուծելու վերաբերող օրէնքներ որդեգրել` անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան նիստերու շարքին ընդմէջէն: Անկախութիւն է,...

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէին`  Հանդիպում – Զրոյց`  Վարձքերու Նոր Օրէնքին Մասին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէին` Հանդիպում – Զրոյց` Վարձքերու Նոր Օրէնքին Մասին

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սիմոն Եահնիեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց` վարձքերու նոր օրէնքին մասին: Օրուան զեկուցաբերն էր մեթր Բիւզանդ Պաստաճեան: ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին անունով Վարդան Ազնաւորեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ վերջին տարիներուն ամէնէն շատ արծարծուած նիւթերէն մէկն է վարձքերու հարցը, որ յաճախ...

Նախագահ Սարգսեան Այցելեց Հիւսիսարեւելեան  Պաշտպանական Դիրքեր, Այնուհետեւ Մեկնեցաւ Ղարաբաղ

Նախագահ Սարգսեան Այցելեց Հիւսիսարեւելեան Պաշտպանական Դիրքեր, Այնուհետեւ Մեկնեցաւ Ղարաբաղ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ  մեկնած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան պաշտպանական դիրքեր: Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ այցելած է սահմանային զօրամասերու պաշտպանական դիրքեր,  ծանօթացած է զինուած ուժերու զինուորական պատրաստակամութեան, բանակաշինութեան ընթացիկ աշխատանքներուն, կը փոխանցէ նախագահի պաշտօնական կայքը: Հանրապետութեան նախագահը ներկայ գտնուած է...

Նոր Սահմանադրութիւնը Պիտի Երաշխաւորէ  Դատարաններու Անկախութիւնը

Նոր Սահմանադրութիւնը Պիտի Երաշխաւորէ Դատարաններու Անկախութիւնը

Մեր երկրի դժբախտութիւններէն մէկը այն է, որ ունինք փտած դատական համակարգ, որ կ՛ենթարկուի մէկ կեդրոնի: Այս կարծիքին է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան: Ըստ անոր, առաջարկուող սահմանադրական փոփոխութիւններով արմատապէս կը փոխուի դատական համակարգը` երաշխաւորելով դատական համակարգի դերը պետական համակարգին մէջ, ապահովելով դատարաններու անկախութիւնը, սահմանափակելով դատաւորներու անձեռնմխելիութիւնը: Համբարձումեանի խօսքով` դատական համակարգի գլուխը պէտք է ըլլայ Բարձրագոյն դատական խորհուրդը, որ...

Միացեալ Նահանգներ .  Ներկայացուցիչներու Տունը Մէկ Վայրկեան  Յոտնկայս Լռութեամբ Յարգեց Պըրժ  Պարաժնէի Զոհերուն Յիշատակը

Միացեալ Նահանգներ . Ներկայացուցիչներու Տունը Մէկ Վայրկեան Յոտնկայս Լռութեամբ Յարգեց Պըրժ Պարաժնէի Զոհերուն Յիշատակը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահը` ընդառաջելով քոնկրեսական Տարիլ Իսայի (ծագումով լիբանանցի) առաջարկին, երէկ ներկայացուցիչներու տան ժողովին մասնակիցները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Պըրժ Պարաժնէի պայթումներուն պատճառած զոհերուն յիշատակը: Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նախանցեալ գիշեր քննարկեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սիկրիտ Քաակի: Ապահովութեան...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով`  Սիրոյ Եւ Երախտագիտութեան Աննախընթաց Նուագահանդէս.  Վարդան Մելքոնեանի «Տրէյք Փասսէյճ» Համանուագին  Առաջին Ներկայացումը` Նուիրուած Մարիա Ճէյքըպսընին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Սիրոյ Եւ Երախտագիտութեան Աննախընթաց Նուագահանդէս. Վարդան Մելքոնեանի «Տրէյք Փասսէյճ» Համանուագին Առաջին Ներկայացումը` Նուիրուած Մարիա Ճէյքըպսընին

Աշխարհահռչակ երաժիշտ եւ խմբավար Վարդան Մելքոնեանի «Տրէյք Փասսէյճ» համանուագի առաջին ներկայացումը հնչեց: Համանուագը երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան լաւագոյն առիթն էր` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող փոքրիկներուն հոգատար «մամա»-ին` Մարիա Ճէյքըպսընին: Աննախընթաց ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ Պաալպեքի միջազգային փառատօնի վարչութեան գործակցութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Քազինօ տը Լիպան»-ի մէջ` իբրեւ եզրափակիչ ձեռնարկ Հայոց ցեղասպանութեան...

Դամասկոսի Թաղամասերու Հրթիռակոծումէն  Թեթեւօրէն Վիրաւորուածներու Շարքին Է Հայ Մը

Դամասկոսի Թաղամասերու Հրթիռակոծումէն Թեթեւօրէն Վիրաւորուածներու Շարքին Է Հայ Մը

«Ազդակ»-ի Դամասկոսի աշխատակիցը կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի, 19 նոյեմբերին կողմերուն միջեւ զինադադարի խզումէն ետք օդուժի հարուածներուն իբրեւ պատասխան դարձեալ Քասաա, Զապլաթանի, Մազրաա եւ Ատաուիի թաղամասերը թիրախ դարձան զինեալ խմբաւորումներու կեդրոն` արեւելեան արուարձաններէն արձակուած տասնեակ մը հրթիռներու, որոնք պատճառեցին զոհեր, վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:  Թեթեւ վիրաւորներուն շարքին էր Հերմինէ Խորոզեան, որ բուժում ստանալէ ետք վերադարձած է տուն:

Կարողական Ներդրողները Պէտք Է  Գործունէութիւն Տեսնեն, Եւ Ոչ Փաստաթուղթ

Կարողական Ներդրողները Պէտք Է Գործունէութիւն Տեսնեն, Եւ Ոչ Փաստաթուղթ

Երէկ Ազգային ժողովի քառօրեայ նիստին ընթացքին 2016-ի պետական պիւտճէի նախագիծին մասին խօսեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: Մինասեանի խօսքով` պիւտճէն ընդամէնը արտացոլացումն է երկրին մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական վիճակի, զոր պատգամաւորը որակեց «խայտառակ վիճակ»: Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, այս վիճակը նաեւ կը յստակացնէ մարտահրաւէրները, եւ եթէ անկեղծ ու անմիջական քննարկումի առաջարկներ չդառնան անոնք, ելքեր կարելի չէ գտնել: Պիւտճէին նախագիծը ցոյց...

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին  Կազմակերպութեամբ`  Արցախի Մասին Ձեռնարկ  Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ` Արցախի Մասին Ձեռնարկ Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 17 նոյեմբերին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լրագրողներու ականատեսի վկայութիւններ զինեալ տագնապներուն ընթացքին. Լեռնային Ղարաբաղի պարագան» խորագիրով ձեռնարկ, որուն ընթացքին իրենց վկայութիւնները ներկայացուցին լրագրողներ Տանա Մազալովան, Ցւետանա Փասքալեւան եւ Աննա Կարապետեանը: Անոնք Ղարաբաղի տագնապի տարբեր ժամանակաշրջաններուն գտնուած են Արցախ, իրողութիւնը վաւերագրած զինուորական գործողութիւններէն մինչեւ զինադադար: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Եւրոխորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբին եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին...

«Արդի Հայերէնի Հիմնախնդիրները»  Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողովի Բացում

«Արդի Հայերէնի Հիմնախնդիրները» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողովի Բացում

18 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին կազմակերպած «Արդի հայերէնի հիմնախնդիրները» խորագիրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովի հանդիսաւոր բացումը: Բացման խօսքը արտասանած է ԵՊՀ-ի հայկական բանասիրութեան բաժանմունքի նախագահ Արծրուն Աւագեան: Ներկաները ողջունած են Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը եւ ԵՊՀ-ի նախագահ Արամ Սիմոնեանը: Այս առիթով խօսք առած է նաեւ Համազգային...

Ռաուշէի Ժայռը Լուսաւորուեցաւ Լիբանանեան  Եւ Ֆրանսական Դրօշակներով

Ռաուշէի Ժայռը Լուսաւորուեցաւ Լիբանանեան Եւ Ֆրանսական Դրօշակներով

Ահաբեկչութիւնը դատապարտելու նպատակով, երէկ Ռաուշէի ժայռը լուսաւորուեցաւ լիբանանեան եւ ֆրանսական դրօշակներով: Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ, որ ներկայ գտնուեցաւ լուսաւորումին յայտնեց, թէ ցաւը, վնասը եւ տխրութեան արտայայտութիւնը մէկ են Լիբանանի եւ Ֆրանսայի համար` աւելցնելով, որ պէտք է վերադառնալ օրէնքի պետութեան: Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն շեշտեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի լիբանանցիներուն, որոնք օրական դրութեամբ կը դիմագրաւեն բռնարարքներն ու...

ԳՈՀԱՐ-ի Համերգները Լիբանանեան Մամուլին Ընդմէջէն.  ԳՈՀԱՐ-ի Սիմֆոնիք Նուագախումբն Ու Երգչախումբը Կրցան Իրենց Համերգներուն Ընդմէջէն Վերականգնել Հայ Ժողովուրդին Դարաւոր Պատմութիւնը

ԳՈՀԱՐ-ի Համերգները Լիբանանեան Մամուլին Ընդմէջէն. ԳՈՀԱՐ-ի Սիմֆոնիք Նուագախումբն Ու Երգչախումբը Կրցան Իրենց Համերգներուն Ընդմէջէն Վերականգնել Հայ Ժողովուրդին Դարաւոր Պատմութիւնը

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Պէյրութի գետին զուգահեռ կապոյտով արծաթագոյն կառոյցը, որ վերջերս անշուք եւ լքուած տարածութեան մը վերածուած էր, երեք շաբաթ առաջ սկսաւ գեղեցկանալ, փայլք ստանալ ու լուսաւորուիլ` դառնալու համար հոգի հանգստացնող մանիշակագոյնով ճաճանչող վայր մը եւ գեղեցկանալու համար Գիմ, Ո, Հօ, Այբ, եւ Րէ տառերով: Արդէն յստակ էր բոլորին համար, որ ԳՈՀԱՐ-ը մեծ անակնկալներով եւ բացառիկ կազմակերպուածութեամբ կը պատրաստուի իր...

Ռուստամեան. «Կեղծիքները  Պիտի Կանխուին»

Ռուստամեան. «Կեղծիքները Պիտի Կանխուին»

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանէն «Առաջին լրատուական»-ի թղթակիցը հետաքրրքուած է, թէ եթէ այս անգամ ալ իշխանութիւնը սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծի հանրաքուէին հարցով դիմէ կեղծիքներու, հաւանակա՞ն է, որ Դաշնակցութիւնը լուռ մնայ: «Եթէ կեղծիքներ ըլլան, մենք մեր կարելիութիւններով եւ  յայտարարութիւններով պիտի կանխենք: Մենք չենք կարծեր, որ մեր դաշնակից Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը որոշած է կեղծիքներ ընել,...

Page 732 of 795 1 … 731 732 733 … 795

Արխիւներ