Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան Եւ Սահակեան Քննարկած Են Բանակաշինութեան Վերաբերող Հարցեր

January 16, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Ohanian_Sahakian_011516

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 15 յունուարին ընդունած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:

Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Ըստ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան, հանդիպման մասնակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան:

Բակօ Սահակեան. «Բանակը Լեռնային Ղարաբաղի
Անկախութեան Եւ Անվտանգութեան Հիմնական Երաշխաւորն Է»

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստին յայտարարած է, որ պաշտպանութեան բանակը միշտ եղած է եւ կը մնայ Ղարաբաղի անկախութեան, անվտանգութեան եւ բնականոն զարգացման հիմնական երաշխաւորը` ամենայն պատասխանատուութեամբ իրականացնելով իր բարձր առաքելութիւնը որեւէ պայմաններու մէջ: Ան դիտել տուած է, որ շրջանին եւ աշխարհին մէջ ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ բարդ ու լարուած, ինչ որ պատճառ կը դառնայ նաեւ ռազմավարական բնոյթի նոր խնդիրներու ստեղծման:

Նախագահ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է պաշտպանութեան նախարարին ու բանակի բարձրագոյն սպայական անձնակազմին` զինուած ուժերուն առջեւ ծառացած խնդիրներու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:

Նիստը յատկացուած էր պաշտպանութեան բանակին 2015 թուականի արդիւնքներու ամփոփման եւ 2016 թուականին կատարուելիք աշխատանքներուն:

Ըստ նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, անդրադառնալով բանակաշինութեան հոլովոյթին, Սահակեան 2015  թուականին իրականացուած աշխատանքները բաւական գնահատելի նկատած է:

Նիստին մասնակցած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Եուրի Խաչատուրով, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Օհանեան Եւ Խաչատուրով
Այցելած Են Զօրամիաւորներ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Հայաստանի բանակի ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Եուրի Խաչատուրով կը շարունակեն շաբաթասկիզբին սկսած  բանակային զօրամիաւորումներ եւ զօրակայաններ կատարած իրենց աշխատանքային այցելութիւնները:

Առաջին եւ չորրորդ բանակային զօրամիաւորումներուն մէջ տեղի ունեցած ռազմական խորհուրդի նիստերուն ամփոփուած են 2015 թուականի ուսումնական տարուան աշխատանքները: Հաշուետու զեկուցումներով ու ելոյթներով հանդէս եկած են զօրամիաւորումներու հրամանատարներն ու անոնց տեղակալները` ներկայացնելով զօրամիաւորումներու մարտական պատրաստութիւնը, զինուորական կարգապահութիւնը, անձնակազմի բարոյահոգեբանական վիճակը, առկայ խնդիրներն ու բարելաւման ուղիները, ինչպէս նաեւ մարտական հերթապահութեան կազմակերպումն ու իրականացումը:

Անդրադարձ կատարուած է մարտական պատրաստութեան վերաբերող նախաձեռնութիւններուն, վարժանքներուն ու տարաբնոյթ ռազմափորձերուն, դաստիարակչական, կարգապահութեան ամրապնդման ուղղուած խնդիրներուն, անձնական յարաբերութիւններուն, երբեմն արձանագրուող անբաղձալի երեւոյթներուն եւ այդ ուղղութեամբ գործադրուող կանխարգելիչ քայլերուն:

Զօրամիաւորումներուն մէջ շարունակուած են մարտական ու զօրահաւաքային պատրաստականութեան, մարտական պատրաստութեան, զինուորական կարգապահութեան մակարդակի բարձրացման, սպառազինութեան եւ զինուորական համակարգի արդիականացման աշխատանքները: Իրականացուած են մարտական հերթապահութեան բարելաւման կարեւոր գործողութիւններ: Երկու զօրամիաւորումներուն մէջ ալ 2015-ին գործադրուած են ուսումնական ծրագիրով նախատեսուած բոլոր նախաձեռնութիւնները:

Պաշտպանութեան նախարարը եւ բանակի հրամանատարը նշած են, որ այն դրական դրսեւորումները, որոնք արձանագրուած են տարուան ընթացքին, պէտք է ուղենիշ ըլլան, իսկ որոշակի բացթողումները ուղղելու համար հետեւողական աշխատանքի կարիք կայ:

Ամփոփելով ռազմական խորհուրդի նիստերուն արդիւնքները` Սէյրան Օհանեան ըսած է, որ բարձրացուած բոլոր հարցերը անմիջականօրէն կ՛առնչուին բանակին մարտունակութեան: Բանակը իր պարտականութիւնը կը կատարէ` նախ եւ առաջ ամուր պահելով սահմաններուն անառիկութիւնն ու ապահովելով ժողովուրդին անվտանգութիւնը:

Նախարարը տուած է համապատասխան ցուցումներ որոշ թերացումներն ու բացթողումները վերացնելու համար, միաժամանակ նախանշած են քանի մը ուղղութիւններ, որոնց հիման վրայ պէտք է աշխատանքներ տարուին:

Նիստերուն ընթացքին կարգ մը զինուորներ արժանացած են պարգեւներու` մարտական պատրաստութեան բարձր մակարդակի եւ բարեխիղճ ծառայութեան համար:

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Արցախի Արդարադատութեան Նախարարները Քննարկած Են Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Մանոյեան. «Ալիեւ Սերժ Սարգսեանի Հետ Չհանդիպելու Համարձակութիւն Չունեցաւ»

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.