Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման «Լաւրովեան Առաջարկ»-ը Բացատրած Է

January 27, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Լաւրով
Սերկէյ Լաւրով

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած տարեկան ամփոփիչ ասուլիսին ժամանակ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչութեամբ որեւէ փաստաթուղթ գոյութիւն չունի, եղած են համանախագահներու նախաձեռնութեամբ քանի մը առաջարկներ, որոնք, սակայն, չեն առաջնորդած տագնապին լուծման եւ ներկայ դրութեամբ կը գտնուին ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին մօտ:

Լրագրողի մը խնդրանքով մեկնաբանելով լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուող այն տեղեկութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչութեամբ գոյութիւն ունի փաստաթուղթ մը, որ կը կոչուի «Լաւրովի առաջարկներ», ռուսական դիւանագիտութեան պետը բացատրած է, որ Լաւրովի կամ որեւէ մէկ այլ անձի փաստաթուղթ գոյութիւն չունի:

«Կան շարք մը փաստաթուղթեր, 4-5, թերեւս վեց, հիմա չեմ յիշեր, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւններու տարբեր հանգրուաններուն պատրաստած էին համանախագահները, երբ խօսք կ՛ըլլար, թէ պէտք է իբրեւ առաջին քայլ բանակցութիւններու վերաբերեալ հիմնական սկզբունքներու փաստաթուղթ պատրաստուի, իսկ յետոյ արդէն այդ սկզբունքներուն հիման վրայ` խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ պիտի ունենար իրաւական տեսանկիւնէ պարտաւորիչ եւ ոչ թէ քաղաքական բնոյթ:

«Այդ փաստաթուղթի տարբեր տեսակները, իսկ անոնք 2007-2011 թուականներուն եղափոխութիւն ապրած են, համանախագահները յանձնած են ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, եւ անոնք կը գտնուին այդ կազմակերպութեան դարակը: Անոնք միակ թուղթերն են, զորս կարելի է անուանել փաստաթուղթեր: Պաշտօնապէս գոյութիւն ունեցող այդ փաստաթուղթերէն որեւէ մէկը չէ առաջնորդած գործնական լուծման Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչութեամբ, աշխատանքները կը տարուին այն սկզբունքով, որ «ոչինչ չէ համաձայնուած, եթէ ամէն ինչ չէ համաձայնուած»: Ռուսական կողմը, ինչպէս դուք գիտէք, 2010 թուականէն սկսեալ, երբ կը նախագահէր Տմիթրի Մետվետեւը, ջանքեր գործադրած է, որպէսզի գտնէ լուծումը այն խնդիրներուն, որոնք տակաւին չեն հանդիսանար կողմերու համաձայնութեան առարկայ: Եւ ատիկա օգնած է որոշ տեղ յառաջ երթալու, յետոյ եղաւ բաւական երկար դադար, որմէ ետք յունիս 2011-ին Կազանի վեհաժողովին, հակառակ եղած յոյսերուն, կարելի չեղաւ համաձայնութեան գալ հիմնական սկզբունքներուն շուրջ: Իսկ ատկէ ետք, երբ նախագահ Փութին անգամ մը եւս վերընտրուեցաւ այդ պաշտօնին վրայ, ան հանդիպեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ եւ երեք նախագահներուն յանձնարարութեամբ մենք փորձեցինք ուժեղացնել ջանքերը խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

«Խնդիրներու լուծման փնտռտուքները այժմ գաղափարներու, բարձրաձայն միտքերու մակարդակով են: Ես ունեցած եմ քանի մը հանդիպում Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իմ գործընկերներուս հետ եւ մենք այդ ամէնը քննարկած ենք նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի համանախագահներուն հետ: Որեւէ այլ փաստաթուղթ, բացի անկէ, որ պահ դրուած է ԵԱՀԿ-ի մօտ, գոյութիւն չունի: Մնացեալ ամէն ինչը փնտռտուք է, ինչպէս արդէն ըսի` միտքեր», ըսած է Լաւրով:

Նախորդը

Հոլլանտ Պիտի Մասնակցի Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ընթրիքին

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) Մէջ Մերժուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Մասին Ռոպերթ Ուոլթըրի Կողմնակալ Եւ Սադրիչ Զեկուցումը. Մարքովիչի Զեկուցումը Ընդունուեցաւ

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.