Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներ. Գէորգ Ուլաշեանի Նկարչական Ցուցահանդէսը «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Պատկերասրահին Մէջ

Յունուար 29, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kevork1_012816

Երէկ` հինգշաբթի, 28 յունուար 2016, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Ուլաշեանի գեղանկարչական ցուցահանդէսը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան:

Վարդան Յովսէփեան
Վարդան Յովսէփեան

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարդան Յովսէփեան, որ բարի գալուստ մաղթելով բոլոր արուեստասէրներուն յայտնեց, թէ Համազգայինի հիմնական նպատակներէն եւ առաջնահերթութիւններէն է քաջալերել ընտիր արուեստը եւ հայ արուեստին ու մշակոյթին սէրը տարածել: Ան ըսաւ, թէ ձեռնարկը կը միտի բոլորին հայեացքը կեդրոնացնել մեր շրջապատին մէջ իր արդար ինքնութիւնը նուաճած արուեստագէտ Գէորգ Ուլաշեանի գործերուն վրայ, որոնք կը ցոլացնեն գեղջկական պատկերներուն ընդմէջէն խաղողի, գինիի եւ բնութեան երանգները: Վերլուծելով արուեստագէտին գործերը ան ըսաւ. «Անոր արարումի կիզակէտը ողկոյզն է, որթատունկը եւ հայրենի պարարտ հողը: Վերադարձ մը դէպի հայու վաղեմի աւանդութիւնները: Ջուր կրել, գինի, արտերու հունձքը Գէորգ Ուլաշեանի ստեղծագործութեան տարերքը կը կազմեն: Արուեստագէտը անձրեւի կաթիլներու իւրայատուկ հարուածներուն տակ այգեկութքի աշխատանքին տուած է նոր վերածնունդ, նոր իմաստ` կեանքի, ազատութեան, երազի եւ իղձի»: Իսկ խօսքի աւարտին Վարդան Յովսէփեան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ Գէորգ Ուլաշեանին իր կատարած աշխատանքին եւ մանաւանդ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար: Ապա խօսքը փոխանցեց արուեստագէտին:

Գէորգ Ուլաշեան ըսաւ. «Ցուցահանդէսը կը պատկերացնէ հայրենիքը այգիներու, կիներու եւ ձիերու ընդմէջէն: Զգացումներս կը սիրեմ վառ գոյներով արտայայտել: Եւ որովհետեւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը ապագայ հայ երիտասարդը կը պատրաստէ, ուզեցի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ցուցահանդէսին հասոյթը յատկացնել «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին»:

Ձեռնարկի աւարտին, մինչ ներկաները մօտէն կը ծանօթանային ներկայացուած 28 գործերուն, Գէորգ Ուլաշեան իր իւրայատուկ ոճին մասին խօսելով «Ազդակ»-ին ըսաւ. «Ես երկար դիտած եմ եւ ուսումնասիրած անձրեւը, որուն հիման վրայ այս պատկերներս նկարած եմ:  Եթէ պատկերներուս մօտէն նայիք, անձրեւի կաթիլներուն նմանող վրձիններու հարուածներուն ընդմէջէն կը տեսնենք իւրաքանչիւր նկարին նիւթը»:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ ուրբաթ, 29 եւ շաբաթ, 30 յունուար, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ 125-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւններ Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներու Գծով Խորհրդակցական Հանդիպում

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?