Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօ Փայլան Յիշեցուցած Է, Որ Տակաւին 150 Տարի Առաջ Հայերը Թուրքիոյ Մէջ Սահմանադրութիւն Մշակած Են

January 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

paylan_012916

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան, քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան Սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնախումբին մէջ պիտի ներկայացնէ իր կուսակցութիւնը:

Նիւթին վերաբերեալ Թուրքիոյ հայկական  «Ակօս» թերթին հարցազրոյց տուած Փայլան նշած է, որ սահմանադրական քննարկումներէն առաջ նախ պէտք է դադրեցնել երկրին մէջ անվերջ շարունակուող զինուած բախումները:

«Պէտք է վերջ տալ այս մթնոլորտին: Սպանութիւններու եւ բախումներու մթնոլորտին մէջ կարելի չէ սահմանադրութիւն ստեղծել: Պէտք է միջոցներու ձեռնարկել` մեծցնելու այն հաւատքը, որ կարելի է ստեղծել ոչ թէ միահեծան, այլ ժողովրդավարական սահմանադրութիւն»:

Հայ երեսփոխանը նշած է, որ իրենք պատրաստ են լսելու, դիտարկելու իշխանութեան առաջարկած պետութեան կառավարման (նախագահական) օրինակը, ինչպէս նաեւ սեփական առաջարկներ ներկայացնելու: Սակայն առաջարկուող նախագահական օրինակը ընդունելի չեն նկատեր:

«Չենք կարծեր, թէ  Թայիփ Էրտողանի առաջարկած նախագահական ձեւը ժողովրդավարական է: Մենք այն համոզումին ենք, որ ատիկա բռնապետական ձեւ է: Մեր չափանիշը ժողովրդավարութիւնն է: Մենք կ՛ուզենք, որ հասարակութեան բոլոր խաւերը, անոնց իրաւունքները, արդարադատութիւնը պաշտպանուած ըլլան»:

Անդրադառնալով նաեւ հայկական հարցին` Փայլան ընդգծած է, որ հայերը նաեւ 150 տարի առաջ այդ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան համար պայքար մղած են, շարք մը հայ երեսփոխաններ ստեղծած ու առաջարկած են սահմանադրութեան իրենց նախագիծը:

«Բայց այն ժամանակ իշխող մէկ այլ ֆաշական մօտեցումին պատճառով բոլոր այդ առաջարկները անտեսուեցան, հասարակութիւնը բեւեռացուեցաւ: Մենք մեծ ողբերգութիւն ապրեցանք», նշած է Փայլան:

Փայլան աւելցուցած է, որ իբրեւ հայ ամէն ջանք պիտի թափէ` հայերու պահանջները խորհրդարանին մէջ յստակ ներկայացնելու եւ հասարակութեան բոլոր խաւերուն համար շահաւէտ, ժողովրդավարական սահմանադրութեան ստեղծումը ապահովելու համար:

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանատան Կառուցման Համար Հողի Տրամադրում

Յաջորդը

«Թուրքիան Ռազմական Աջակցութիւն Պիտի Ցուցաբերէ Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.