Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլլանտ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծի Պատրաստութիւնը Վստահած Է Ժան Փոլ Քոսթայի

Յունուար 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

papaz_012916

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Փարիզի «Լ՛Օթել տիւ Քոլլեքսիոնէօր»-ի մէջ 28 յունուարի երեկոյեան տեղի ունեցած է Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքը, որուն ներկայ եղած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, աջակողմեան կուսակցութեան անդամ Փաթրիք Տեւեճեան, Սորպոն համալսարանի հայազգի դասախօս Մարք Մուկալեան, որ 21 օգոստոս 2015-ին առաջինն էր, որ փորձած էր կանգնեցնել Փարիզ-Պրիւքսէլ գնացքի ահաբեկիչը եւ Ֆրանսայի նախագահին կողմէ արժանացած Ֆրանսայի Քաջութեան չորրորդ աստիճանի պարգեւի, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ:

Հոլլանտ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ վերսկսած են Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի պատրաստման շուրջ քննարկումները` նշելով, որ այդ օրէնքին պատրաստութիւնը վստահած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Քոսթային:

Hollande_Costa_012816

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Էլիզէի պալատի պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Հոլլանտ յայտարարած է. «Ես յորդորած եմ Ժան Փոլ Քոսթային, որ մեր լաւագոյն իրաւաբաններէն մէկն է, որպէսզի մեր օրէնսդրութեան մէջ գտնէ որեւէ ծանրակշիռ ճամբայ, որ անվիճելիօրէն պիտի պաշտպանէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութիւնը»:

Ֆրանսայի նախագահը աւելցուցած է, որ Ժան Փոլ Քոսթա կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ պիտի փորձէ գտնել բոլոր երաշխիքները, որպէսզի այնուհետեւ օրէնքի հետ կապուած իրաւական որեւէ տարակարծութիւն չըլլայ:

Հոլլանտ դիմելով ներկաներուն նշած է, որ գիտէ, թէ ինչպիսի՛ դժգոհութիւններ յառաջացած են 2012-ին ներկայացուած օրէնքի չընդունման շուրջ, որ անոր խօսքով, թերեւս ներկայացուած էր հապճեպ կերպով, այդ պատճառով ալ յառաջացած էին սահմանադրականութեան հետ կապուած խնդիրներ: Միաժամանակ, Հոլլանտ կարեւոր նկատած է նոր օրէնքի անվերապահ սահմանադրականութիւնը, որովհետեւ եթէ զայն բողոքարկեն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ, «ապա ատիկա պիտի ըլլայ սարսափելի պարտութիւն Ֆրանսայի համար եւ Հայ դատի ուրացում»:

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ վստահեցուցած է, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման իր խոստումը որեւէ կապ չունի ընտրութիւններուն հետ: «Խնդիրը հաշտեցնելն է: Հայաստանը եւ Թուրքիան միշտ պէտք է գիտնան, որ Ֆրանսա իրենց կողքին է` պիտի օգնէ անոնց գտնել երկխօսութիւն», ըսած է Հոլլանտ:

 

 

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Ռազմական Աջակցութիւն Պիտի Ցուցաբերէ Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Յարգանքի Տուրք` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?