Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկխօսութեան Մասնակիցները Շեշտեցին Կառավարութեան Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը, Իսկ Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Լրիւ Կազմով Պիտի Գումարէ Իր Նիստը

Յունուար 28, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hiwar-3_012716

Այն Թինէ երէկ հիւրընկալեց Ազգային երկխօսութեան 14-րդ նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, մասնակցութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու շարք մը ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Երէկուան նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, որ վերջին նիստերէն բացակայած էր:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ազգային երկխօսութեան նիստին ներկայացուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի եւ երեսփոխան Հիքմաթ Տիպի կողմէ, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ երեսփոխան Միշել Մըր բացակայեցան:

Նիստին ընթացքին Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան ակնարկեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կողմէ Ֆրենժիէի մօտ նստելու երեւոյթին, որուն մասին Պըրրի կատարեց հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Նիստը իր ձեւին մէջ վտանգաւոր կը թուի»:

Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու:

Նիստէն մեկնումի պահուն երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին վաւերացուելիք Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն մասին գրեթէ համաձայնութիւն գոյացած է, իսկ կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու հարցին շուրջ արդէն իսկ համաձայնութիւն կայ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր կարգին ըսաւ, որ նիստին ընթացքին տիրած է դրական մթնոլորտ:

Ֆրենժիէ նիստէն ետք շեշտեց, որ ինք տակաւին նախագահական ընտրութեան թեկնածու է` ընդգծելով, որ եթէ զօր. Աուն կ՛ուզէ այցելել Պնաշհի, ան բարի եկած է:

Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է 70 քուէ ունեցող մէկուն թեկնածութիւնը յետս կոչել ի նպաստ 40 քուէ ունեցող թեկնածուին:

Պատասխանելով Մեհրապի հանդիպումին մասին իր կարծիքին ակնարկող հարցումի մը` Ֆրենժիէ ըսաւ. «Կարդա՛` կ՛ուրախանաս»:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին նախագահական ընտրութեան թղթածրարին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարուած է, սակայն կարեւորը այն է, որ Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:

Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 17 փետրուարին:

ՆՇԵՆՔ, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները կառավարութեան այսօրուան նիստին պիտի մասնակցին` նկատի ունենալով, որ Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն առնչութեամբ համաձայնութիւնը գոյացած է:

«Մեր հետապնդած պահանջները իրաւացի են, եւ նշանակումները պիտի կատարուին` ըստ գոյացած համաձայնութեան, իսկ եթէ ոեւէ մէկը շեղի գոյացած համաձայնութենէն, ապա ան խոչընդոտած կ՛ըլլայ կառավարութեան աշխատանքները», ըսաւ Ապու Սաապ:

Նախորդը

Վերջին Ժամ. ՏԱՀԵՇ-ը` Արսալի Մէջ

Յաջորդը

Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Հարցով Պահանջած Են Քերրիի Յստակ Դիրքորոշումը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?