
Հինգշաբթի, 28 յունուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն նպատակն էր Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքները կազմակերպել: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ու Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները:
Վեհափառ հայրապետը նախ ջերմօրէն գնահատեց Սուրիոյ հայութեան ամուր կապուածութիւնը Սուրիոյ եւ մեր համայնքային կառոյցներուն` հակառակ զիրենք շրջապատող աննպաստ պայմաններուն: Արամ Ա. կաթողիկոսը նաեւ գնահատեց առաջնորդ սրբազանին ու ազգային մարմիններուն ցուցաբերած նուիրեալ ու հետեւողական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներուն օգտակար եղող շտապ մարմնի գործունէութիւնը: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց մեր ժողովուրդին ցուցաբերած միասնակամութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ թելադրեց, որ գաղութը լծուի վերականգնումի աշխատանքներուն:
Ապա, առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով, Ազգային իշխանութեան, ժողովուրդին եւ իր անունով խոր շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ ոչ միայն ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ անցնող տագնապալից շրջանին, այլ նաեւ նիւթապէս օգտակար հանդիսացած` կաթողիկոսարանին մէջ հաստատած Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հիմնադրամին ճամբով:
Ժողովականները լայնօրէն քննարկեցին Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող կարելիութիւնները` թեմական, համայնքային, տնտեսական ու քաղաքական երեսներով:
Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, թէ Սուրիոյ հայ համայնքը` իբրեւ Սուրիոյ կարեւոր քրիստոնեայ համայնքներէն մէկը, պէտք է իր ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերէ Սուրիոյ վերականգնումի առաջնորդող բոլոր աշխատանքներուն:


