Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 112. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հսկայական Դասեր Ունի Տալիք Ամբողջ Մարդկութեան» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան

Յունուար 28, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

vik-3_012716

«Ազդակ»-ի խմբագրատան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 27 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Միջին Արեւելքի պատմութիւնը» խորագիրով մամլոյ թիւ 112-րդ լսարանը:

vik-1_012716Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող զարգացումները անգամ մը եւս կ՛ընդգծեն այն ճշմարտութիւնը, որ մարդկութեան դէմ կատարուած այդ ոճիրին հարցով արդարութեան բացակայութիւնը կը ստեղծէ անպատժելիութեան մթնոլորտ մը եւ կը վերածուի յաւելեալ ոճիրներ քաջալերող ազդակի, ապա հրաւիրեց օրուան զեկուցաբեր` լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան դոկտ. Վիգէն Չթըրեանը ներկայացնելու իր նիւթը, որ հիմնուած է անոր «Օփըն Ուունտզ. Արմինիընզ, Թըրքս էնտ է սենչըրի աֆ Ճենըսայտ» նորատիպ գիրքին վրայ:

vik-2_012716Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան կարեւորութիւնը կը կայանայ անոր արդի առաջին եւ իւրայատուկ ցեղասպանութիւն ըլլալուն մէջ եւ կը տարբերի իրմէ առաջ կատարուած ջարդերէն ու ոճիրներէն, որովհետեւ հայութեան պարագային պետութիւնն էր, որ կը յարձակէր իր քաղաքացիներուն վրայ: Մարդկային պատմութեան մէջ կարեւոր փոփոխութիւն մը ստեղծեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նոր դար բացաւ հայութեան առջեւ: Ան անդրադարձաւ համաշխարհային առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն շարունակականութեան մասին եւ օրինակ տուաւ նշելով, որ ներկայիս կը գրուին նոր գիրքեր, որոնց մէջ ցոյց կը տրուի շարունակականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան եւ նացիական կեդրոնացման ճամբարներուն միջեւ:

Ան հաստատեց, որ հայութիւնը, որ այսօր Հայոց ցեղասպանութիւնը կրողն է մարդկութեան առջեւ,  ցեղասպանութենէն չքաղեց դասեր, որոնց գինը վճարեց Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, ապա ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մոռցուած եւ ժխտուած է: Ցեղասպանութեան ժխտումը յառաջդիմութիւն է, որովհետեւ անկէ առաջ կար լռութիւն: Թուրք պետութիւնը աշխատեցաւ լռեցնել բնաջնջելով հայկական գոյութեան մշակոյթի որեւէ ներկայութիւն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ:

Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան նշեց, որ հերքողականութիւնը թոյլ չէ տուած, որ պատմական հսկայ ու ահաւոր իրողութեան բոլոր դասերը քաղենք ազգովին: Ան ըսաւ նաեւ, որ յառաջիկայ տասնամեակներուն մտաւորական շատ աշխատանքներ ունինք կատարելիք Հայոց ցեղասպանութեան իրողութենէն մեկնելով:

Ան նկատել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս 1975-էն ետք հայկական յարձակումները թրքական թիրախներուն դէմ ստիպած են Թուրքիոյ, որ դուրս գայ իր լռութենէն, երբ վերջինս յաջողած էր մոռնալ, որ կային հայեր, որոնց ինք բնաջնջած է: Թուրքիան չունէր միջոցներ պայքարելու միջազգային հանրութեան առջեւ ժխտողականութեան քաղաքականութեան միջոցով. օրինակ` 1980-ական թուականներուն Թուրքիոյ մէջ ժխտողական քաղաքականութեան մասին առաջին խօսողը պատմագէտ չէր, այլ դիւանագէտ, ըսաւ զեկուցաբերը, ապա նշեց, թէ իր նորատիպ գիրքին մէջ բոլորովին խուսափած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստին անդրադառնալէ, այլ նպատակ ունեցած է ցոյց տալ ցեղասպանութենէն ետք կատարուածին մասին. վերապրողներու ապրած տառապանքն ու ցաւը եւ Թուրքիոյ մէջ տակաւին ապրող հայերու զոհի իրավիճակը:  Ան իր խօսքով անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած գողութեան ու կողոպուտին ոչ միայն հայերուն նկատմամբ, այլ նաեւ յոյներուն եւ ասորիներուն, բան մը, որ շարունակուած է մինչեւ 1980-ական թուականները:

Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան շեշտեց, թէ զոհի եւ ոճրագործի յարաբերութիւնը պահպանուած է Միջին Արեւելքի մէջ ամբողջ 100 տարի: Իսկ ինչ կը վերաբերի քիւրտերու վիճակին, զեկուցաբերը ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք քիւրտերը կազմեցին փոքրամասնութիւն եւ դրուեցան հայերու դերին մէջ: Քիւրտերու կարգավիճակը փոխուեցաւ 1920-էն սկսեալ, երբ սկսան իրենց ապստամբութիւնները: Ան ըսաւ, թէ այսօր կան քիւրտ մտաւորականներ, որոնք կը գիտակցին, թէ քիւրտերը նոր հայերն են Թուրքիոյ համար:

Զեկուցաբերը անդրադարձաւ նաեւ ղարաբաղեան շարժումին եւ ըսաւ, որ անիկա շարունակութիւնն է ցեղասպանութեան եւ ակունքներով կապուած է 1915-ին: Ան ըսաւ, որ այսօր Ազրպէյճանի մէջ ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը աւելի բուռն է, քան Թուրքիոյ:

Իսկ նիւթի աւարտին դոկտ. Վիգէն Չթըրեան ըսաւ, որ 2015 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հայութիւնը թէեւ քաղաքական յաղթանակ չարձանագրեց, բայց կրցաւ մարդկութեան ըսել, որ հայը կը շարունակէ ապրիլ ու գոյատեւել: Այսօր Թուրքիոյ որոշ մտաւորականներ կ՛ընդունին, որ կատարուածը ուրիշի պատմութիւնը չէ, այլ իրենց սեւ էջերն են: «Եկէք մենք մեր մտաւոր կարելիութիւններով ցոյց տանք, որ Հայոց ցեղասպաութիւնը հսկայական դասեր ունի տալիք ամբողջ մարդկութեան», եզրափակեց դոկտ. Վիգէն Չթըրեան:

Հանդիպումի աւարտին զեկուցաբերը պատասխանեց ներկաներուն ուղղած հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` Գլխացաւերու Պատճառները» Նիւթով

Յաջորդը

Իսրայէլ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Շուրջ Համաձայնութեան Սղագի՞ր Մը Ներկայացուցած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?