Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Օրուան Առիթով Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Պարգեւատրման Արարողութիւն

Յունուար 28, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsian2_012716

Բանակի օրուան առիթով Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ատեն ցուցաբերած նուիրումի եւ խիզախութեան, մատուցած կարեւոր ծառայութիւններուն համար խումբ մը զինուորներ պարգեւատրուած են պետական պարգեւներով, արժանացած զինուորական բարձր կոչումներու:

Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ անդրադարձած է այն իրականութեան, որ արդէն քառորդ դար է, որ Հայաստանը ազատ ու անկախ պետականութիւն ունի, իսկ առանց բանակին այդ 25-ամեայ ուղին կարելի չէ պատկերացնել: «Հայաստանի զինուած ուժերը դարձան այն առաջին քարերը, որոնք դրուեցան մեր պետականաշինութեան հիմքերուն մէջ: Ատիկա ժամանակի եւ շրջանի պարտադրանքն էր: Մենք շատ լաւ գիտէինք, թէ ո՛վ ենք մենք եւ ո՛ւր  կ՛ապրինք», ըսած է նախագահը` հաստատելով, որ հայ ազգը հազարամեակներու փորձառութիւն ունի եւ իր դիմաց ցցուող մարտահրաւէրները կրցած է շրջանցել տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու մէջ:

Նախագահը շեշտած է, որ այս փառապանծ տօնը համապետական  եւ համաժողովրդական է, խարսխուած է զինուորականներուն նուիրուածութեան, մասնագիտական կարողութիւններուն ու բարձր մարտական ոգիին վրայ: «Կը մաղթենք, որ այսուհետեւ սահմանին  վրայ ոչ մէկ զինուոր զոհուի: Ձեզի եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին կը մաղթեմ խաղաղութիւն յանուն մեր երկրի ազատութեան, յանուն արդար աշխատանքի, որ պայմանն է որեւէ յառաջընթացին: Ձեր եւ ձեր ծառայակիցներուն շնորհիւ է, որ Հայաստանի զինուած ուժերը կ՛իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը: Դուք կ՛իրականացնէք պատուով ու մասնագիտական բարձր մակարդակով: Դուք արժանաւոր յետնորդներն էք անոնց, որոնք արցախեան հերոսամարտի կրակներուն մէջ հիմքերը կը դնէին մեր ապագայ բանակին: Անոնցմէ շատերը ինկան` մեզի պարգեւելով կեանք ու ազատութիւն: Այսօր` այս նուիրական օրը, մենք գլուխ կը խոնարհենք անոնց պայծառ յիշատակին առջեւ: Դուք այն արժանաւորներն էք, որոնք հաւատարիմ են նահատակներու  պատգամներուն եւ անոնց կտակած արժէքներուն», եզրափակած է նախագահ Սարգսեան:

Հանդիպում` Եւրոպական Միութեան Յատուկ
Ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպերի Հետ

Sargsian1_012716

Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպերը 27 յունուարին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ:

Նախագահին հետ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին Հերպերթ Զալպեր դիտել  տուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շուտափոյթ ու խաղաղ լուծումով եւ կ՛ուզէ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ նպաստել այս տագնապի փարատման` աջակցելով այդ հարցով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն, որոնք միակ համաձայնեցուած եւ ընդունելի ձեւաչափերն է:

Հայաստանի նախագահը կարեւոր նկատած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան հաւասարակշռուած դիրքորոշման պահպանումը եւ խնդիրի համապարփակ լուծման համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու յանձնառութեան իրականացումը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Մինսքի խմբակին միջոցով ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն, առկայ իրավիճակին եւ հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու կարելիութիւններուն: Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուցած է հայկական կողմին մօտեցումները: Հանդիպումին մասնակիցները միտքեր փոխանակած են տագնապի խաղաղ լուծման Եւրոպական Միութեան աջակցութեան հաւանական ուղիներուն վերաբերեալ:

Հանդիպումին ընթացքին անգամ մը եւս հաստատուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի, եւ անիկա կրնայ լուծուիլ միայն հակամարտող կողմերուն շահերը բաւարարող եւ կողմերուն համար ընդունելի փոխզիջումներու հիման վրայ:

Նաեւ Նիքոլայ Պորտիւժայի Հետ

Sargsian_012716

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 27 յունուարին ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:

ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը նախագահ Սարգսեանին հետ քննարկած է կազմակերպութեան առջեւ ծառացած արդիական հարցերը, ինչպէս նաեւ անոր վաւերացման ներկայացուցած է ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի սեպտեմբերեան եւ դեկտեմբերեան նստաշրջաններուն ընթացքին տրուած որոշումներուն ու կազմակերպութեան մէջ նախագահութեան շրջանին Հայաստանի առաջարկած առաջնահերթութիւններու իրագործման վերաբերող ծրագիրները:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձներ` ԵԽԽՎ-ի Որոշումներուն. Մանոյեան. «ԵԽԽՎ-ի Ընդհանուր Մօտեցումը Այն Էր, Որ Հաւասարակշռութիւն Ապահովեն, Բայց Անհեթեթ Երեւոյթ Դուրս Եկաւ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Եւրոպական Խաղը Կը Շարունակուի. Հերթը Հայկական Կողմին Է

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?