Նախագահ Աուն Վարչապետ Սալամի Հետ Քննարկեց Իսրայէլեան Յարձակումներուն Լոյսին Տակ Ապահովական Զարգացումները
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին լիբանանեան պատուիրակութիւնը գլխաւորելու համար Նիւ Եորք մեկնելէ առաջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու լոյսին տակ ապահովական վերջին զարգացումները, 2026-ի ամավարկի նախագիծի քննարկումը եւ երկրին ընդհանուր վիճակը: Նախագահը բանակի հրամանատար զօր.Ռուտոլֆ Հայքալի հետ եւս քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը: Բանակի հրամանատարը նախագահին ներկայացուց հինգշաբթի օր հարաւային շարք...




















