Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարհի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հետ Կ՛աշխատին Իսրայէլի Հետ Հաւանական Համաձայնութեան Մը Վրայ»

November 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ համաձայն է եւ վստահ է, որ ան պիտի կարենայ նախագահական պարտականութիւնները կատարել:

Թրամփ Շարհի հետ իր հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Ուաշինկըթըն իր կարելի ջանքը պիտի թափէ Սուրիան յաջող դարձնելու համար, եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ ընթանալու:

«Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ հետ կ՛աշխատին Իսրայէլի հետ հաւանական համաձայնութեան մը վրայ», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Ես վստահ եմ, որ Շարհը պիտի կարենայ իր պաշտօնէն բխող պարտականութիւնը կատարել, որովհետեւ շատ հզօր մարդ է», աւելցուց ան:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Համզա Մուսթաֆա նշեց, որ Սուրիա ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու Միջազգային դաշինքին հետ քաղաքական գործակցութեան յայտարարութիւն մը ստորագրած է:

«Քաղաքական համաձայնութիւնը մինչեւ հիմա զինուորական որեւէ տարր չ՛ընդգրկեր», աւելցուց ան:

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի հաշուետուութեան ենթարկումը:

«Արդարութիւն պէտք է տիրէ: Ստեղծեցինք արդարութեան յանձնախումբ մը հաշուետուութեան ենթարկելու համար գործուած ոճիրներուն բոլոր մեղսակիցները, ներառեալ Պաշշար Ասատը», ըսաւ ան:

«Սուրիան նախկին վարչակարգէն ետք նոր ժամանակաշրջան մուտք գործեց, եւ ատիկա Ուաշինկթընի հետ նոր ռազմավարութիւն պիտի կառուցէ», նշեց ան:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ քննարկեցինք ապագան եւ պատժամիջոցներու չեղեալ նկատուիլը», պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ Սուրիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ ներդրումներու առիթները քննարկեցինք, որպէսզի երկիրը իբրեւ ապահովական սպառնալիք չդիտուի, այլ` իբրեւ ռազմավարական դաշնակից»:

«Իսրայէլ Կոլանը կը բռնագրաւէ, եւ ներկայիս անոր հետ ուղղակի բանակցութիւններ պիտի չկատարենք», շեշտեց Շարհ:

«Ամերիկեան վարչակազմը կրնայ մեզի օգնել Իսրայէլի հետ բանակցութիւններու ձեւի մը հասնելու համար», նշեց ան:

Միւս կողմէ, ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ պիտի արտօնեն Ուաշինկթընի մէջ անոր դեսպանատան աշխատանքը շարունակել` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, անվտանգութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ համակարգումը ամրապնդելու համար»:

Նախորդը

Սահեր. «Իրան Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Իսրայէլի Դեսպաններ Ահաբեկել Փորձեց»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մխիթարեան Հայրերու Ռաուտայի Վարժարան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.