Իսրայէլեան կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ Կազայի մէջ տեղակայուելիք կայունութեան միջազգային ուժի կազմին մէջ թրքական ուժեր պիտի չըլլան:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախապէս յայտնած էր, թէ կը մերժէ Կազայի մէջ զինադադարի հսկողութեան համար թրքական ուժերու տեղակայումը, հակառակ Միացեալ Նահանգներու պնդումին, թէ Թուրքիան պատերազմին վերջ տալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրին մէջ «շինիչ դերակատարութիւն մը» պիտի ունենայ:


