Թուրքիա Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ իսրայէլացի այլ պաշտօնատարներու ձերբակալման հրամանագիր հրապարակած է:
«37 կասկածելիներու նկատմամբ, որոնց շարքին են Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը, ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մեղադրանքով ձերբակալման հրամանագիր հրապարակուած է», յայտնած են դատախազութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Գերատեսչութենէն ընդգծած են, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները կը մեղադրուին Ցեղասպանութեան, Կազայի զանգուածային ռմբակոծումներու եւ մարդասիրական օգնութեան մատակարարման խոչընդոտման մէջ յանցանքներով:


