Քաթարի Էմիրին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Լիբանանը Քաթարի Կողքին Կը Կանգնի Եւ Երախտապարտ Է Անոր Աջակցութեան Համար»
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Տոհա հասնելէն անմիջապէս ետք արաբական-իսլամական վեհաժողովի վայրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի իշխան Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանին եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժին: Աուն վերահաստատեց Տոհայի դէմ իսրայէլեան յարձակումի դատապարտումը` ընդգծելով, որ Լիբանան Քաթարի կողքին կը կանգնի...




















