Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն.  «Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումից Հրաժարումը Չի Չէզոքացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ Թշնամական, Ծաւալապաշտական Նկրտումները»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Խստօրէն դատապարտում ենք Մերձաւան բնակավայրում տեղի ունեցած զինուած յարձակումը, որի հետեւանքով սպաննուել են Փարաքար համայնքի ղեկավար Վալոդիա Գրիգորեանը եւ քրէական ոստիկանութեան ծառայող Կարէն Աբրահամեանը, եւ վիրաւորուել է մէկ քաղաքացի: Մեր խորին ցաւակցութիւնն ենք յայտնում զոհուածների ընտանիքներին, հարազատներին, համայնքի բնակիչներին ու բոլոր նրանց, ովքեր կիսում են այս մեծ վիշտը: Վիրաւորում ստացած քաղաքացուն մաղթում ենք շուտափոյթ ապաքինում: Տեղի ունեցածը հերթական անգամ ապացուցում...

Ակնարկ.  Կազա, Ինտոնեզիա Եւ Թուրքիա

Ակնարկ. Կազա, Ինտոնեզիա Եւ Թուրքիա

Արդէն քանիերորդ անգամն է, որ Թուրքիոյ նախագահը ցեղասպանութիւն գործադրելու յանցանքով կ՛ամբաստանէ Իսրայէլի վարչապետը, Կազայի մէջ իր գործադրած զանգուածային սպանդներուն համար: Եւ փոխամբաստանութիւնները կը շարունակուին. Նեթանիահուն յանկարծ կը յիշէ, որ իր պետութիւնը արդէն ճանչցած է, եւ եթէ տարակուսելի է, ապա հիմա կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքիան արաբական աշխարհին ուղղուած դրական ուղերձ ուղարկելու համար Կազայի ցեղասպանութեան մասին կը խօսի, մինչ իր իսրայէլացի...

Սպիտակ Տունը Կազայի Մէջ  «Խաղաղութեան Ծրագիր» Մը Մշակած Է

Սպիտակ Տունը Կազայի Մէջ «Խաղաղութեան Ծրագիր» Մը Մշակած Է

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւր մը «Նաշրա» կայքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երեքշաբթի օր արաբական եւ իսլամական պետութիւններու պաշտօնատարներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, թէ իր մօտ իսրայէլեան պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումէն ետք Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու ուղղուածութիւն մը գոյութիւն ունի: Ըստ դիւանագիտական աղբիւրին, Սպիտակ տունը մշակած է «Խաղաղութեան ծրագիր» մը, որուն հիմամբ Իսրայէլ 20 օր կը...

Դատարանը Մեղաւոր Ճանչցաւ  Միքայէլ Արք. Աջապահեանը

Դատարանը Մեղաւոր Ճանչցաւ Միքայէլ Արք. Աջապահեանը

Դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեան երէկ հրապարակեց Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի գործով վճիռը, որով Աջապահեանը մեղաւոր ճանչցուեցաւ: «Հետեւութիւնը այն է, որ Միքայէլ Աջապահեանը պէտք է մեղաւոր ճանչնալ Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքի թիւ 422 յօդուածի 2-րդ մասով առաջադրուած մեղադրանքով: Վճիռով խափանման միջոցը ձգուած է անփոփոխ` իր սահմանափակումներով», յայտարարեց դատաւորը: 29 սեպտեմբերին նշանակուեցան լրացուցիչ դատալսումներ` ժամը 15:30-ին: Միքայէլ սրբազանի փաստաբանը լրագրողներուն հետ...

Սպաննուած Է Փարաքարի Համայնքապետ  Վոլոդիա Գրիգորեանը

Սպաննուած Է Փարաքարի Համայնքապետ Վոլոդիա Գրիգորեանը

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 23 սեպտեմբերի կէս գիշերին, ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւն ահազանգ ստացուած է, որ Արմաւիրի մարզի Մերձաւան բնակավայրի Երեւանեան խճուղիին մէջ կրակոցներ հնչած են: Կրակոցներուն պատճառով արձանագրուած են 2 զոհեր եւ 1 վիրաւոր: Սպաննուածներէն մէկը Փարաքար համայնքի ղեկավար Վոլոդիա Գրիգորեանն է:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ընթացքին.  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Անմիջապէս  Դադրեցնելու Իսրայէլեան Յարձակումները»

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Անմիջապէս Դադրեցնելու Իսրայէլեան Յարձակումները»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ նշեց. «Այսօր ձեր առջեւ կանգնած եմ խօսելու համար խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ մարդու իրաւունքներու մասին, մինչ ժողովուրդը կը սպասէ, հողերէս շրջաններ բռնագրաւուած են, եւ հայրենիքս ու ժողովուրդս կեանքի ու մահուան միջեւ կը գտնուին»: «Լիբանանեան փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր շրջանի ու աշխարհի փորձառութիւնները ինծի...

Ֆրանսա Եւ Շարք Մը Այլ Պետութիւններ  Ճանչցան Պաղեստինի Պետութիւնը

Ֆրանսա Եւ Շարք Մը Այլ Պետութիւններ Ճանչցան Պաղեստինի Պետութիւնը

Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Պաղեստինի հարցի խաղաղ լուծման շուրջ միջազգային խորհրդաժողով` նախագահութեամբ Սէուտական Արաբիոյ ու Ֆրանսայի եւ մասնակցութեամբ տասնեակներով միջազգային ղեկավարներու: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն բացման խօսքին մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը: «Կը յայտարարեմ, որ Ֆրանսան այսօրուընէ կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը», ըսաւ Մաքրոն` նշելով, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը խաղաղութեան համար միակ լուծումն է:...

Էրտողան. «Այն, Ինչ Որ Կազայի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ,  Լիարժէք Ցեղասպանութիւն Է,  Եւ Անոր Հեղինակը Նեթանիահուն Է»

Էրտողան. «Այն, Ինչ Որ Կազայի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ, Լիարժէք Ցեղասպանութիւն Է, Եւ Անոր Հեղինակը Նեթանիահուն Է»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ այն, ինչ որ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, «յստակ ցեղասպանութիւն է, եւ անոր հեղինակը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն է»: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Այլ բացատրութիւն չկայ: Անիկա լիարժէք ցեղասպանութիւն է, եւ այս ցեղասպանութեան հեղինակը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն է», ըսաւ Էրտողան: «Նեթանիահու ջարդ ու...

Ռուպիօ-Շարհ Հանդիպում

Ռուպիօ-Շարհ Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Փիկըթ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ հանդիպում ունեցաւ` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւնները»: Փիկըթ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Ռուպիօ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այս տարի սուրիացի ժողովուրդին դէմ հաստատուած պատժամիջոցները մեղմացնելու պատմական յայտարարութենէն ետք, ներկայ փուլը Սուրիոյ համար առիթ...

Խօսքը Ուղղելով Իրեն Դատողներուն`  «Ես Որմէ՞ Ներում Պէտք Է Հայցեմ» Կ՛ըսէ Միքայէլ Արք. Աջապահեան

Խօսքը Ուղղելով Իրեն Դատողներուն` «Ես Որմէ՞ Ներում Պէտք Է Հայցեմ» Կ՛ըսէ Միքայէլ Արք. Աջապահեան

«Ոչ մէկուդ նկատմամբ չարութիւն ունեմ, միայն խղճահարութիւն ունիմ», ամբաստանութիւններուն պատասխանելու իր իրաւունքէն օգտուելով` երէկ մեղադրող կողմին ու դատաւորին ըսաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան: «Ես որմէ՞ պէտք է ներում հայցեմ», հարցուց Շիրակի թեմի առաջնորդը` անգամ մը եւս յայտարարելով, որ արդարութիւն պիտի չաղերսէ: Դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեան այսօր վճիռ պիտի արձակէ` ազատութիւն շնորհե՞լ, թէ՞ ազատազրկել սրբազանը: 15 օգոստոսին սկսած եւ փաստացիօրէն...

Նախագահ Աուն Հանդիպում  Ունեցաւ Ռուպիոյի Հետ

Նախագահ Աուն Հանդիպում Ունեցաւ Ռուպիոյի Հետ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ: Նախագահ Աուն Ռուպիոյէն խնդրեց Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը Իսրայէլին ստիպելու, որ յարգէ 27 նոյեմբեր 2024-ի հարաւային Լիբանանի մէջ թշնամական արարքներու դադրեցման, բռնագրաւած իր կէտերէն հեռանալու, իր մօտ գտնուող լիբանանցի կալանաւորուածներու ազատ արձակման եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի...

Ակնարկ.  Պահանջուած Մէկ Քառորդը Եւ Համազգային «Ոչ»-ը

Ակնարկ. Պահանջուած Մէկ Քառորդը Եւ Համազգային «Ոչ»-ը

Իշխող կուսակցութեան համագումարի ընդունած հռչակագիրը կարելի է ընկալել իբրեւ Անկախութեան հռչակագիրի առաջադրուած այլընտրանք, իբրեւ «իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան բանաձեւ, իբրեւ ենթադրեալ 4-րդ հանրապետութեան հանրահռչակում: Առանցքային բաժինը, որ հիմնականօրէն անմիջական առաջադրանքն է, բանաձեւուած է «հռչակագիր»-ին առաջին կէտին մէջ. «2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման իր լիազօրութիւններն ու կարգավիճակը եւս 5 տարիով երկարաձգելու առաջադրանքով, կը դիմէ ժողովուրդին ակնկալելով ձեւաւորել սահմանադրական մեծամասնութիւն»: Մնացեալ 8...

Երթ Եւ Նորագիրներու Խոստման Արարողութիւն  Երեւանի Մէջ` Հայաստանի Անկախութեան  Վերականգնման Տօնին Առիթով

Երթ Եւ Նորագիրներու Խոստման Արարողութիւն Երեւանի Մէջ` Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման Տօնին Առիթով

21 սեպտեմբերին` Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան վերականգնման օրը, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ Մատենադարանի տարածքէն սկսաւ տօնական երթ: Երթի նպատակն էր արժեւորել անկախութեան գաղափարը եւ միասին նշել Անկախութեան օրը: Մասնակիցները կը կրէին Արարատ լերան պատկերով եւ «Անկախութիւնը բացարձակ արժէք է» գրութեամբ շապիկներ: Երթը անցաւ Մաշտոցի պողոտայով, ապա Սայաթ-Նովայի եւ Նալբանդեան փողոցներով: Ան աւարտեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ,...

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի  Շնորհաւորական Ուղերձը Անկախութեան  Վերականգնման Տօնին Առիթով

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Շնորհաւորական Ուղերձը Անկախութեան Վերականգնման Տօնին Առիթով

Անկախութեան տօնի առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքներն ենք բերում համայն մեր ժողովրդին` ի հայրենիս եւ ի սփիւռս: Անկախ պետականութեան վերահաստատումը դարաւոր նուիրական իղձ էր, որը մեր ժողովուրդն իրականացրեց հաւաքական կամքով, իր բարօր ու խաղաղ կեանքը կառուցելու եւ ազգային արժէքներով ապրելու ձգտումով: Այսօր մեր երկիրն ու ժողովուրդը անցնում են ծանր փորձութիւնների միջով` դիմագրաւելով յետպատերազմեան դժուարութիւններն ու...

Պարրաք. «Լիբանանի Կառավարութիւնը  Պէտք Է Յստակ Կերպով Յայտարարէ, Թէ Հըզպալլան  Պիտի Զինաթափէ Եւ Իր Պատասխանատուութեան  Տէր Կանգնի»

Պարրաք. «Լիբանանի Կառավարութիւնը Պէտք Է Յստակ Կերպով Յայտարարէ, Թէ Հըզպալլան Պիտի Զինաթափէ Եւ Իր Պատասխանատուութեան Տէր Կանգնի»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց, թէ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու քայլը «ձեւականօրէն լաւ» է, սակայն «անօգուտ է եւ գործնականին մէջ իրականութեան փոփոխութեան չ՛օգներ»` շեշտելով, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը պիտի չյաջողի: Պարրաքի կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կազայի վերաբերեալ ծրագիր մը ունի, եւ պէտք է վերջ տալ այդտեղ տիրող...

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան Աւագ Պարտաւորութիւնն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Որեւէ ազգի համար իր անկախութիւնը սրբազան արժէք է ու իրաւունք, եւ միաժամանակ անոր առողջ ու հզօր պահպանումը նուիրական պարտաւորութիւն է: Այսպէ՛ս եղած է միշտ մեր ժողովուրդին համար, երբ իր անկախութիւնը պատմութեան ամէնէն դժխեմ պայմաններուն մէջ վերահաստատած է: Այսպէ՛ս եղած է նաեւ մայիս 28-ով յատկանշուող Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերակերտումը: Անկախութիւնը ծով զոհողութեամբ ու հաւաքական յանձնառութեամբ, ի պահանջել հարկին նաեւ արեան վկայութեամբ...

Խմբագրական.  Իրական Անկախութեան Ընտրարշաւ  Եւ Վերանկախացման Խորհուրդը  Պահելու Հրամայականը

Խմբագրական. Իրական Անկախութեան Ընտրարշաւ Եւ Վերանկախացման Խորհուրդը Պահելու Հրամայականը

Պաշտօնապէս ձեւակերպուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը ըստ էութեան հայրենիքի վերանկախացման օրն է: Սերտօրէն առնչուած Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումին հետ, մեր երկիրը առաջինն էր, որ հռչակեց իր անկախ պետութիւն ըլլալը: Ընդ որում ժողովրդավար կարգերու ամէնէն օրինաչափ ձեւաչափով` համաժողովրդային հանրաքուէով: Խորհրդային Միութենէն անջատուելով անկախութիւն յայտարարելը արձանագրեց նաեւ Արցախը: Եւ այս իրաւաչափութիւնը, որ խեղաթիւրուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ եւ ենթահող գտաւ միջազգային ընտանիքին մօտ` ներկայացնելով Արցախը...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Սեպտեմբերի 19-ը` Արցախի Հանրապետութեան Ժողովուրդի Բռնի Տեղահանութեան Օր

Ողջ աշխարհին է յայտնի, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի կողմից մեկնարկուած լայնածաւալ ռազմական նախայարձակումը` ընդդէմ Արցախի Հանրապետութեան, սկսուել է 2023 թուականի սեպտեմբերի 19-ին: Այդ օրը դաջուած է Արցախի ժողովրդի պատմական յիշողութեան մէջ: Արցախի ժողովուրդը շարունակելու է պայքարը իր իրաւունքների ճանաչման եւ վերականգնման համար, յանուն արժանապատիւ կեանքի եւ գոյութեան: Այդ նպատակով 2025 թուականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստում...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ Ունեցաւ  Քիրիլ Պատրիարքին Եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի  Ներկայացուցիչին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ Ունեցաւ Քիրիլ Պատրիարքին Եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Ներկայացուցիչին Հետ

Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական միջազգային վեհաժողովին պետութեան հրաւէրով իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ բացման նիստին խօսքեր արտասանեցին Ռուսիոյ Քիրիլի պատրիարքը եւ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Այս առիթով անոնք առանձին հանդիպում ունեցան: Երկու հոգեւոր պետերը լայնօրէն քննարկեցին հայ եւ ռուս եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնը աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները: Կրօնական հարցերու առընթեր, արծարծուեցան նաեւ հարցեր ու մտահոգութիւններ` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութեան, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւման,...

Ուաշինկթըն Տապալեց Ապահովութեան  Խորհուրդի` Կազայի Մէջ Անյապաղ Զինադադարի  Եւ Մարդասիրական Օգնութեան Տրամադրման  Կոչ Ուղղող Բանաձեւի Որդեգրումը

Ուաշինկթըն Տապալեց Ապահովութեան Խորհուրդի` Կազայի Մէջ Անյապաղ Զինադադարի Եւ Մարդասիրական Օգնութեան Տրամադրման Կոչ Ուղղող Բանաձեւի Որդեգրումը

Միացեալ Նահանգներ հինգշաբթի գիշեր վեթոյի ենթարկեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագիծը, որ Կազայի մէջ անյապաղ զինադադարի հաստատման կոչ կ՛ուղղէր: Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ը նախագիծին թեր քուէարկեցին, սակայն ամերիկեան վեթոն զայն տապալեց: Ապահովութեան խորհուրդի ոչ տեւական 10 անդամներուն կողմէ ներկայացուած ծրագիրը կոչ կ՛ուղղէ` անմիջապէս ու առանց նախապայմանի զինադադար հաստատելու եւ կալանաւորուածները ազատ արձակելու: Նախագիծը մտահոգութիւն կը յայտնէ սովի տարածման եւ Կազա...

Page 72 of 795 1 … 71 72 73 … 795

Արխիւներ