Նոյեմբերեան համաձայնութեան հնգամեակին առիթով բազմաթիւ եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններու դուռ բացող յայտարարութիւններ կատարուած են: Անոնցմէ մաս մը առիթը առանց մատնանշելու, ըստ էութեան անոր բովանդակութեան անդրադարձած է: Պարզ է, որ Պաքուէն հնչած յայտարարութիւններուն մէկ կարեւոր բաժինը ուղղուած է Ազրպէյճանի հասարակութեան, յաղթանակած երկրի պատկերը ամրակայելու եւ անոր արդիւնքներով գործող իշխանութիւններու կամ միապետութեան վարկանիշը բարձրացնելու: Այդ յոխորտանքները կը հասնին մինչեւ Սեւանի պատկանելիութեան մասին հաստատումներ կատարելու: Յայտարարութիւնները ներառած են աւելի ուշ մինչեւ 2023-ի Արցախի վերջնական հայաթափումին յանգած գործողութիւնները:
Այդ ուղերձները սակայն միայն ներքին լսարանին համար չեն: Ուղղուած են նաեւ միջազգային հանրութեան, տարածաշրջանի գլխաւոր խաղցող պետութիւններուն եւ որոշ առումներով նաեւ հայկական լսարանին:
Խճանկարին տարբեր բաղադրիչները լոյսին տակ բերելը կրնայ օգտակար դառնալ ընդհանուր քաղաքականութեան միտումները պարզելու: Օրինակ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը հաստատէր, որ 2023-ին Արցախի մէջ գտնուող Ռուսիոյ խաղաղապահ հրամանատարութիւնը տեղեակ պահուած է ծրագրուած գործողութիւններուն մասին:
Հայաստանի իշխանամէտ շրջանակները այս յայտարարութիւնը լիարժէք կ՛օգտագործեն իրենց շրջանակներու վարկաւորման եւ անշուշտ ընդդիմութեան վարկազրկման նպատակին: Ընդգծումները կ՛առաջնորդեն այն վարկածին, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որեւէ պատասխանատուութիւն չունին Արցախի այսօրուան ճակատագիրին: Արցախը դաւաճանուած է դաշնակիցին կողմէ: Այս բոլորը անշուշտ պիտի հասնէին ընդդիմադիր ուժերուն, որոնք ըստ այս յերիւրանքներուն, ենթակայ են Արցախը յանձնած Մոսկուային: Այս բոլորը կ՛օգտագործուին ոչ միայն 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, այլ նաեւ համայնքային-քաղաքային ընտրութիւններուն:
Այս նեղ հաշուարկները չեն ուզեր տեսնել նման յայտարարութեան շարժառիթը: Պաքուն ինչո՞ւ հիմա՛ նման յայտարարութիւն կը կատարէ: Այստեղ միայն հայկական լսարանը չէ ուղերձին թիրախը:
Նախ նման ռազմական գործողութիւններէ անտեղեակ ըլլալը տրամաբանական պիտի չըլլար: Ռուս խաղաղապահ հրամանատարութեան հետախուզական բաժանմունքը անպայման տեղեկացուած պիտի ըլլար ազրպէյճանական ուժերու յարձակման նախապատրաստութեան մասին: Նման յայտարարութիւն հիմա՛ կատարելով, Պայրամով Մոսկուային ըսել կ՛ուզէ, որ Արցախը գրաւելու ծրագիրէն ետք, Մոսկուան կորսնցուցած պիտի ըլլար միջնորդելու եւ երաշխաւորելու իր կարգավիճակը:
Պայրամովի բացայայտումի այս քայլը, նոյն տրամաբանութեամբ Մոսկուային կը փոխանցէ, որ նոյեմբերեան յայտարարութեան վերադառնալու ձգտումները քաղաքական ենթահող չունին 2023-էն ետք: Բացի…
Պաքուին կը շարունակէ սակայն շահագրգռել նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտը: Նոյն Պայրամովի գլխաւորած գերատեսչութեան մամլոյ բանբերը կը յայտարարէ, որ Ազրպէյճանի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերեալ դիրքորոշումը սկզբունքային է եւ հիմնուած է շրջանային համագործակցութեան իրաւական հիմերու եւ շահերու վրայ: 9 նոյեմբեր 2020-ին եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտին համաձայն, Ազրպէյճանի տարածքի արեւմտեան մասին եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ պէտք է անարգել երթեւեկութիւն ապահովուի»: Ահա ա՛յս է Ազրպէյճանի գլխաւոր առաջադրանքը: Այս պատճառով ալ կը շարունակուի յանկերգուիլ «Միջանցք»-ն ու անարգել երթեւեկութիւնը:
Որքան ալ Ալմա Աթան մէջբերուի, որքան ալ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան մասին պնդումներ կատարուին, փաստը կը մնայ փաստ, որ Պաքուն չէ հրաժարած իր դարաւոր երազէն` «Միջանցք»-էն:
Այս վտանգը տեսնելու, անոր դէմ քայլեր ձեռնարկելու, երաշխաւորութիւններ ձեւաւորելու փոխարէն, իշխանամէտ դաշտը Պաքուի յայտարարութիւնները կը փորձէ շահարկել ընտրական նպատակներով: Այս փուլին քաղաքապետական ընտրութիւնները շահելու համար:
«Ա.»


