Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Պուլկարիա, ուր երկրի նախագահ Ռոմեն Ռատեւի հետ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ քննարկած են Պէյրութի եւ Սոֆիայի միջեւ թռիչքներու ուղղակի գիծ բանալու, երկրագործական արտադրութիւններու եւ առեւտուրի ծաւալը բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի մէջ գործակցութեան գործնական գործիքակազմերը:
Ան նշեց երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութիւնը` աջակցելու լիբանանեան բանակին եւ անոր տրամադրելու ամէն բան, որուն կարիքը ունի իր պարտականութիւնները կատարելու համար, հաշուի առնելով, որ Պուլկարիան զինուորական արդիւնաբերութեան եւ զինուորական բժիշկներու վերապատրաստման ոլորտներուն մէջ կարեւոր կարողութիւններ ունի:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ լիբանանեան բանակի առաքելութիւնը ճակատագրական է` շեշտելով. «Ան առանձինը, առանց գործընկերի, ըլլայ այդ պետութենէն կամ Լիբանանէն դուրս, պէտք է պետութեան իշխանութիւնը տարածէ Լիբանանի բոլոր հողերուն ու սահմաններուն վրայ, ինչպէս նաեւ անոր ամբողջական գերիշխանութիւնը պարտադրէ»:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ ատոր պէտք է ընկերակցի բանակցային հոլովոյթ մը` դադրեցնելու իսրայէլեան յարձակումները եւ Լիբանանի մէջ բռնագրաւուած կէտերէն Իսրայէլի հեռացման համար:
Ան յիշեցուց, որ Լիբանան նախապէս աւելի քան տասը անգամ քաղաքական ուժերու միաձայնութեամբ կատարած է բանակցութիւն, որուն վերջինը 2020 եւ 2022 թուականներուն` ծովային սահմաններու սահմանագծման համար, իսկ նոյեմբեր 2024-ին` իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու եւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու համար:


